News & Events

Click ընել լսելու համար քայլերգը

Մենք՝ ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին,
Լոյսի բանակ եւ գթութեան խաչուհի,
Գոյամարտին մէջ սրբազան մեր դատին՝
Մենք կը բերենք հայ կնոջ սիրտը ոսկի։

Օտար երկրի հովերուն դէմ մոլեգին՝
Հայ դպրութեան ջահը պահենք մշտավառ
Եւ թող շունչ տայ Հայ օճախի կրակին
Մեր շր թներուն վրայ ծաղկող ամէն բառ։

Մենք՝ ուխտեալներ ՀՕՄի պայծառ դրօշին,
Միշտ կը մնանք արի պահակն անցեալի,
Մինչեւ ծագի արդարութեան վառ արփին,
Մինչեւ հասնինք սէգ սարերուն Հայրենի։

Խօսք՛ Մուշեղ Իշխան
Երաժշտութիւն ՛ Բարսեղ Կանաչեան

~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~

ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԳ
Հ. Կ. ԽԱՉԻ
Խօսք և եղանակ Գ. Կառվարենցի

Կու գաս անցեալի ոսկուն մշուշէն,
Մեծ անձնուրացման գուպար ազգաշէն,
Ով հայ սրտերու գորով աղուական,
Որուն մենտուհին եղաւ Աղուիթան

Բուժակ բարերար տիկնանց փափկասուն,
Կանանց իւղաբեր կանթեղ մշտարթուն,
Որ Աւարայրէն մինչեւ Արարա,
Ցօղեցու ցոլաց հայ ցաւի վրայ:

Նժդեհ ափերու դաժան քմայքին
Թողլիք, ցան ու ցրիւ բեկորներ անգին,
Նոր աշխարհներէն մինչեւ Հայաստան
Անոքներն ամէն քեզի կը յուսան:

Կամքի, հաւատքի կոթող անսասան,
Լոյսի սերմնացան, ցաւի բալասան,
Հսկէ քառաթեւ, գործէ աննահանջ,
Ապրէ, ապրեցուր, ով հայ կարմիր խաչ:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases