News & Events

Երեւանի «Double Tree by Hilton» հիւրանոցինմէջ, 4-9 Հոկտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն մասնակցեցան կառոյցի 25 երկիրներէ ժամանած պատգամաւորներ, հիւրեր եւ դիտորդներ:

Առաջին հերթին ՀՕՄ-ականները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, ուր զետեղեցին ՀՕՄ-ի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ՝ Անմոռուկի երկու ծաղկեպսակները, ապա տեղի ունեցաւ 1915-ի մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն որմէ ետք անոնք այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը, ուր տեղեկացան Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող տեղեկահաւաքի ներկայացման նորագոյն աշխատանքներուն: Այս առիթով ԼՕԽ-ի պատուիրակութիւնը հետեւեալը արձանագրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ոսկեմատեանին մէջ.- «ՀՕՄ-ի 71-րդ Պատգամաւորական Ժողովին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) պատուիրակութիւնը այցելելէ ետք, վերանորոգուած թանգարանը, գերգնահատելի, տպաւորիչ, յուզիչ եւ արժէքաւոր այս պատմական թանգարանին կը մաղթէ, որ իր առաքելութիւնը հասնի նպատակին եւ փաստացի վկայութիւն դառնայ համայն աշխարհին վայրագ թուրքի հայ ժողովուրդին հանդէպ գործած 1915-ի անարդարութիւնը: Մաղթելով նաեւ, որ 100-ամեակը թեւակոխելէ ետք Հայաստան ըլլայ միակ վայրը , ուր հայութիւնը համախմբուի իր բոլոր կառոյցներով նորանոր 100-ամեակներու եւ պանծալի ապագայի տեսլականով:»

Յաջորդ կայանը եղաւ՝ ՀՕՄ-ի «Կռունկ» արձանը, Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ:
Ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի 4 Հոկտեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի մօտ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի, պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ ՀՕՄ-ականներու: Այս առիթով իրենց ողջոյնի խօսքը փոխանցեցին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Վիգի Մարաշլեան եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան փոխ ատենապետ Ժենիկ Պարսամեան: Արարողութեան ընթացքին Արցախի սահմանապահ երկու հայ ազատամարտիկ զինուորներ, իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտեցին՝ պարգեւատրելով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Վիքի Մարաշլեանը ի նպաստ Արցախին, հայոց բանակին եւ հայրենիքի մէջ ՀՕՄ-ի ներդրումին համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը եւս պարգեւատրեց ընկհ. Մարաշլեանը նախարարութեան պատուոյ գիրով՝ ՀՕՄ-ի մէջ անոր ազգանուէր գործունէութեան եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման ի նպաստ իր ճիգերուն համար: ՀՕՄ-ի եւ Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան միջեւ կնքուեցաւ նաեւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը: Ընկհ. Մարաշլեան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով «Արարատ» մրցանակով պարգեւատրեց ՀՕՄ-ի մեծ բարեկամներէն՝ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար դոկտ. Էլենի Թէոխարուսին` առ ի գնահատանք ՀՕՄ-ի, Արցախի թէ հայութեան ի նպաստ անոր մատուցած մեծ ծառայութիւններուն: Նոյն օրը երեկոյեան, Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպած էր մտերմիկ ճաշկերոյթ մը, համախմբելով բոլոր պատգամաւոր եւ դիտորդ ընկերուհիները։

ՀՕՄ-ի քայլերգի երգեցողութենէն ետք, ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վիքի Մարաշլեան ժողովի բացումը կատարեց եւ մատնանշեց արդիւնաբեր ժողով մը իրագործելու անհրաժեշտութիւնը, օգտակար եւ հեռատես առաջարկներու կատարմամբ։

Սոյն պատգամաւորական ժողովին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը ներկայացուցին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան եւ ԼՕԽ-ի 56-րդ Բացառիկ Պատգմ. ժողովէն ընտրուած պատգամաւոր ընկերուհիներ՝ Նելլի Վէքիլեան, Իսկուհի Գաբլանեան, Նազելի Աւագեան, Արփի Մինասեան, Ցողիկ Հաւաթեան, Սիլվա Սապունճեան եւ Անի Կիտանեան, որոնք վերադարձին համապատասխան զեկուցում մը ներկայացուցին ԼՕԽ-ի միջ-մասնաճիւղերու վարչութիւններու Ա. ժողովի ընթացքին:
Ժողովի Դիւանին մաս կազմեցին ԼՕԽ-ի պատգամաւորներէն՝ ընկհ. Նելլի Վեքիլեան (նախագահ) եւ ընկհ. Նազելի Աւագեան (քարտուղար),
ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան՝ մաս կազմեց բանաձեւի եռանդամ յանձնախումբին
ընկհ. Արփի Մինասեան ` իրաւասութիւններ ճշդող եւ ընտրողական յանձնախումբերուն եւ ընկհ. Անի Կիտանեան՝ նախահաշիւ պատրաստող յանձնախումբին:

Քննարկուեցաւ ՀՕՄ-ի Քառամեայ գործունէութիւնը, ճշդուած օրակարգերու հիմամբ, արծարծուեցան ՀՕՄ-ի որդեգրած մնայուն ծրագիրները՝ կրթական, խնամատարական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ բացառիկ ծրագիրներու շարունակականութեան հնարաւորութիւնները, ապա տեղի ունեցաւ նոր առաջարկներու եւ բանաձեւումներու ամբողջացումը։

Քննարկելէ ետք ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, լսելէ ետք պատգամաւորներու ըստ էութեան քննարկման արտայայտութիւնները, հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու զեկոյցները, ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգմ. ժողովը յոյժ գնահատելի գտաւ շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ գործունէութիւնը։

Ժողովը մանրամասն անդրադարձաւ շրջաններէ, մեկուսիներէ եւ պատգամաւոր ընկերուհիներէ ներկայացուած առաջարկներուն, առնելով համապատասխան որոշումներ, ապա վաւերացուեցաւ բանաձեւի յանձնախումբի համադրած բանաձեւերու մեծամասնութիւնը։

Համահայկական 71-րդ Պատգմ. ժողովը եկող քառամեակի աշխատանքները վարելու համար ընտրեց 11 ընկերուհիներէ բաղկացած Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ ընտրութենէն անմիջապէս ետք դիւանը կազմեց հետեւեալ ձեւով.-

Գարոլին Շմաւոնեան, Ատենապետուհի (Արեւելեան ԱՄՆ)
Նայիրի Տէրտէրեան, Փոխ- ատենապետուհի (Արեւմտեան ԱՄՆ)
Ռիթա Հինդլեան, Ատենադպրուհի (Արեւմտեան ԱՄՆ)
Սիլվա Գույումճեան, Գանձապահուհի (Արեւելեան ԱՄՆ)

Խորհրդականներ

Սոնա Աքելեան (Արեւելեան ԱՄՆ)
Մարալ Մաթոսեան (Արեւմտեան ԱՄՆ)
Վարսենիկ Սարգիսեան (Գանատա)
Լիզա Աւագեան (Եւրոպա)
Ալեսիա Բեջանեան (Հայաստան)
Նելլի Վեքիլեան (Լիբանան)
Աննա Տէր Յակոբեան (Սուրիա)
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն։

(8 – 15 Հոկտեմբեր 2011)

ՀՕՄի Համահայկական 70-րդ Պատգմ. ժողովի աշխատանքներու նախորդող օրը, Յունաստանի Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպած էր մտերմիկ ճաշկերոյթ մը «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, համախմբելով բոլոր պատգամաւոր ընկերուհիները։

Աթէնքի արուարձաններէն «Գաւուրի» շրջանի «Ամարիլլա» պանդոկին մէջ, Կիրակի 9 Հոկտեմբեր 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12։00-ին բացումը կատարուեցաւ ՀՕՄի 70-րդ Համահայկական Պատգմ. ժողովին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 15 Հոկտեմբեր 2011։

Ժողով մը, որ նոր ծրագիրներ, նոր որոշումներ, արդի նոր մարտահրաւէրներ եւ ուղղութիւններ պիտի ճշդէր 100 + 1 տարի հաշուող միութեան համար։

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին՝

Յունաստանի առաջնորդ՝ Խորէն Եպս. Տողրամաճեան, Հայ Կաթ. առաջնորդ՝ Հայր Նշան Արք. Քարաքէհէյեան, Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Պրն. Գագիկ Ղալաչեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ, Ազգ. Իշխանութեան ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Արմէնակ Տէրեան, «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագիր, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ընկերուհիները, Աշխարհի տարբեր ծագերէն եկած ՀՕՄի միաւորներու եւ մեկուսիներու կողմէ ընտրուած պատգամաւորներ, Հիւրեր եւ դիտորդներ:

Սոյն պատգամաւորական ժողովին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը ներկայացուցին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան եւ ԼՕԽի 53-րդ Բացառիկ Պատգմ. ժողովէն ընտրուած պատգամաւոր ընկերուհիներ՝

Սիւզան Պարսումեան
Սիրուն Վարդապետեան
Սանդուխտ Հերկելեան
Մարօ Չոգագլեան

Որոնք վերադարձին պատրաստեցին համապատասխան զեկուցում մը power point-ի վրայ, նկարներով եւ գրութեամբ , եւ ներկայացուցին ԼՕԽ-ի բոլոր ընկերուհիներուն յատուկ ժողովի մը ընթացքին:

Համահայկական Ժողովի առաջին նիստի բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, կ. ետք ժամը 2։00-ին, ներկայութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան, միաւորներու եւ մեկուսիներու կողմէ եկած 54 պատգամաւորներու, հրաւիրեալներու եւ մօտ 120 դիտորդներու։

Ժողովի բացումը կատարեց Յունաստանի հիւրընկալ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լիզա Աւագեան, որմէ ետք երգուեցաւ ՀՕՄի քայլերգը։

Ապա Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վիգի Մարաշլեան մատնանշեց արդիւնաբեր ժողով մը իրագործելու անհրաժեշտութիւնը, օգտակար եւ հեռատես առաջարկներու կատարմամբ։

Ընտրուեցաւ առժամեայ եւ մնայուն դիւան:
Տեղի ունեցաւ յանձնախումբերու ընտրութիւն
ԼՕԽի պատգամաւորներէն՝
ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան՝ մաս կազմեց բանաձեւի եռանդամ յանձնախումբին
ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան ` իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբին

ընկհ. Սիւզան Պարսումեան՝ ընտրողական յանձնախումբին,

Առաջին 3 օրերու ընթացքին քննարկուեցաւ ՀՕՄի եռամեայ գործունէութիւնը, ճշդուած օրակարգերու հիմամբ, արծարծուեցան ՀՕՄի որդեգրած մնայուն ծրագիրները՝ կրթական, խնամատարական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ բացառիկ ծրագիրներու շարունակականութեան հնարաւորութիւնները, ապա տեղի ունեցաւ նոր առաջարկներու եւ բանաձեւումներու ամբողջացումը։

Քննարկելէ ետք ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, լսելէ ետք պատգամաւորներու ըստ էութեան քննարկման արտայայտութիւնները, հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու զեկոյցները, ՀՕՄի Համահայկական Պատգմ. ժողովը յոյժ գնահատելի գտաւ շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան եռամեայ գործունէութիւնը։

Ժողովը մանրամասն անդրադարձաւ շրջաններէ, մեկուսիներէ եւ պատգամաւոր ընկերուհիներէ ներկայացուած առաջարկներուն, առնելով համապատասխան որոշումներ, ապա վաւերացուեցաւ բանաձեւի յանձնախումբի համադրած բանաձեւերու մեծամասնութիւնը։

Տեղի ունեցաւ նաեւ ծրագիր-կանոնագրէն 2 յօդուածներու փոփոխութիւն, 2/3 մեծամասնութեան ձայնով։

Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան շրջանը եռամեակէն բարձրացաւ քառամեակի։

Օրակարգի հարցերու աւարտին, Համահայկական 70-րդ Պատգմ. ժողովը եկող քառամեակի աշխատանքները վարելու համար ընտրեց 11 ընկերուհիներէ բաղկացած Կեդրոնական Վարչութիւնը.-

Վիգի Մարաշլեան ………………ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան
Ռոզի Պետրոսեան………………ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան
Անի Քէշիշեան……………………ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան
Գարոլին Շմաւոնեան …………..ԱՄՆ Արեւելեան շրջան
Փոլին Կեցոյեան …………………ԱՄՆ Արեւելեան շրջան
Սոնա Աքէլեան …………………..ԱՄՆ Արեւելեան շրջան
Նայիրի Շահինեան……………..Գանատա
Լիզա Աւագեան ………………….Եւրոպա
Զեփիւռ Է. Րէիսեան …………….Միջին Արեւելք
Ալեսիա Բեջանեան ……………..Հայաստան
Կրասիէլա Գէորգեան ………….Հարաւային Ամերիկա

Յունաստանի շրջանի Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը բացառիկ ճիգ թափած էր կազմակերպելու սոյն ժողովը։

Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն։

Հայ օգնութեան միութեան 69-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովը շաբաթ 18 հոկտեմբեր 2008-ին Երեւանի մէջ սկսաւ իր աշխատանքներուն :

Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն , Հայաստանէն , Արցախէն եւ Ջաւախքէն պատգամաւոր դիտորդ եւ հիւր ընկերուհիներ մասնակցեցան այս ժողովին :

Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Տէրտէրեան բացուած յայտարարեց 69-րդ Համահայկական ժողովը , որ սկսաւ Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ :

Դիւանի կազմութենէն ետք յառաջացան տարբեր յանձնախումբեր :

69-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովի հրապարակային պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6: 00ին , Երեւանի Տիկնիկային թատրոնին մէջ :

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգըսեան , ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ անդամներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Աղուան Վարդանիան , Հայաստանի կառավարութեան անդամներ , Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան , զանազան երկիրներու դեսպաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ , Հայաստանի նախկին Առաջին Տիկին Պելլա Քոչարեան , ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան , Հայ կրթական եւ մշակութային ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Մասիս Պաղտասարեան , Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Ղազարեան եւ մեծ թիւով ՀՕՄ-ական ընկերուհիներ ու բազմութիւն :

Օրուան հանդիսավարն էր հայաստանի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ալվարդ Պետրոսեան : Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներէն ետք կարդացուեցաւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին օրհնութեան գիրը ուղղուած ՀՕՄ-ի 69-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովին : Կարդացուեցան նաեւ Արցախի վարչապետին շնորհաւորական նամակը , ինչպէս նաեւ Ժառանքութիւն կուսակցութեան ղեկաւար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի շնորհաւորական նամակը :

Ապա խօսք առաւ եւ մեր կեանքին մէջ ՀՕՄ-ի ունեցած դերակատարութեան ու առաքելութեան անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան , որ նաեւ ընդգծեց կառաւարութեան պատրաստակամութիւնը սատարելու ՀՕՄ-ին : Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան խօսք առնելով գնահատանքով անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան առանձնացնելով այդ առաքելութիւնը յատկանշող ՀԱՅ , ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ եւ ՄԻՈՒԹԻՒՆ բառերը :

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Տէրտէրիան խօսք առնելով ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ վերջին երեք տարիներուն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ իր միաւորներուն ճամբով իրականացած աշխատանքներուն . կրթական, խնամատարական , կազմակերպական , առողջապահական , ընկերային եւ այլ մարզերուն մէջ տարուած աշխատանքներու ուրուագծումն իսկ կը վկայէր այն հսկայ իրագործումներուն մասին , որոնք տարուած են այս պատկառելի միութեան կողմէ :

Արցախի մէջ ՀՕՄ-ի ″ Սօսէ ″ մանկապարտէզներուն մասին իր խօսքի աւարտին , ընկերու-

հին բեմ հրաւիրեց Արեւելեան Ամերիկայէն Արմէն Թոնուզեանը անոր յանձնելու հանար

Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիրը , այս ծիրին մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն համար :

Ապա Յասմիկ Տէրսէրեան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի հարիւրամեայ արխիւը բանալու որոշումին եւ իր խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրեց Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեանը եւ յատուկ ծրարով անոր յանձնեց ՀՕՄ-ի արխիւէն յայտնաբերուած , ուղղակի

ՀՕՄ-ին հետ առնչութիւն չունեցող , բայց ազգագրական իմաստով արժէք ներկայացնող արխիւային փաստաթուղթեր :

Կեդրոնական վարչութիւնը իրեն հետ բերած էր նաեւ 1910-ին , Միացեալ Նահանքներուն մէջ Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք ամենայն հայոց կաթողիկոսին ուղղուած նամակին պատճէնը, որով նորաստեղծ միութիւնը կաթողիկոսին

օրհնութիւնը կը հայցէր : Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչի բացակայութեան պատճառով նամակը փոխանցուեցավ ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորին աւելի ուշ անոր յանձնուելու համար ;

Օրուան հանդիսավար Ա. Պետրոսեան բեմ հրաւիրեց Արցախի զոհուած ազատամարտիկներու մայրերու միութեան նախագահ Կալիա Մայրիկը , որ իր պարզ , զգացական եւ յուզիչ բառերով ՀՕՄ-ի մանկապարտէզներուն մասին կատարած վկայութիւններով յուզեց ամբողջ սրահը : Ապա իր ներկայացուցած միութեան կողմէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին յանձնեց յուշանուէր մը :

ՀՕՄ-ի 69-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովի պաշտօնական եւ հրապարակային բացման հանդիսութեան վերջին խօսք առնողը եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան : Ան բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անցնող եռամեակի գործունէութիւնը եւ մաղթեց , որ յառաջիկայ տարիներուն ՀՕՄ-ի գործելադաշտը ընդարձակուի , բարեսիրականի կողքին , կիներու իրաւունքներու եւ հասարակական գործունէութեան յաւելեալ մարզերու ընդգրկումով :

Կիրակի առաւօտուն , նախքան ժողովի աշխատանքներուն սկսիլը , ՀՕՄ-ական ընկերուհիները այցելեցին Եռաբլուր յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու համար Սօսէ Մայրիկին եւ հայկական ազատագրական պայքարի հերոսներու անմահ յիշատակին :

69-րդ Համահայկական Ժողովի աւարտին , վեց օրերու ընթացքին 24 երկիրներէ եկած պատգամաւորներն ու ներկայացուցիչները արժեւորեցին ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքները , քննեցին Հայ օգնութեան միութիւնը յուզող խնդիրները եւ մշակեցին յառաջիկայ եռամեակի գործունէութեան ծրագիրը , որ զանազան աշխատանքներ կ’ընդգրկէ Հայաստանի , Արցախի , Ջաւախքի եւ սփիւրքեան գաղութներու տարածքին :

Ժողովը հանգամանօրէն կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ , որ 2010-ին պիտի նշուի Հայ օգնութեան միութեան 100-ամեակը : ՀՕՄ-ի դարադարձի նշումի կողքին , միութեան 69-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովը ծանրացաւ միութեան ֆինանսական վիճակին եւ մինչեւ 2010 ՀՕՄ-ի 100ամեակի Ֆոնտի գոյացման անհրաժեշտութեան վրայ :

Քննարկումներու աւարտին ժողովը որոշեց Կեդրոնական վարչութեան կազմի անդամներուն թիւը բարձրացնել 11-ի մնայուն մէկական աթոռ տրամադրելով Եւրոպայի ցամաքամասին եւ Միջին Արեւելքին″ :

Ժողովը Կեդրոնական վարչութեան նոր կազմը ընտրեց հետեւեալ եղանակով

Վիգի Մարաշլեան ( ատենապետ , Արեւմտեան Միացեալ Նահանքներ )
Մարօ Ֆրունճեան ( փոխատենապետ , Քանատա )
Մայտա Մելքոնեան ( քարտուղար , Արեւելեան Միացեալ Նահանքներ )
Միւրիյէլ Բարսեղեան ( գանձապահ , Արեւելեան Միացեալ Նահանքներ )


Եւ խորհրդականներ

Շաքէ Պասմաճեան ( Արեւելեան Միացեալ Նահանքներ )
Նովա Հինտոյեան ( Արեւմտեան Միացեալ Նահանքներ )
Ռոզ Պետրոսեան ( Արեւմտեան Միացեալ Նահանքներ )
Կարինէ Յովհաննիսեան ( Հայաստան)
Վերա Դաւիթեան ( Կիպրոս )
Կրացիելա Գէորգեան ( Արժանթին )
Զեփիւռ Ռէյիսեան ( Սուրիա ) :

Յայտնենք, որ այս ժողովին ԼՕԽ-էն իրենց մասնակցութիւնը բերին

Թալին Գըլըպաշեան
Մարալ Մխճեան
Սօսի Արամեան
Նելլի Վեքիլեան
Սօսի Փոլատեան

Հ.Օ.Մ.ի Համահայկական 68-րդ Պատգամաւորական ժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի 10 հոկտեմբեր 2005-ին, կեսօրէ առաջ ժամը 11.00-ին, Գանատայի հայ կեդրոնին՝ «Ահարոնեան» սրահին մէջ։ Գանատայի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ Հ.Օ.Մ.ի աշխարհացրիւ միաւորներու երկիրներու դրօշակները Հ.Մ.Ը.Մ-ի արիներու եւ արենոյշներու ձեռամբ մուտք գործեցին սրահ եւ տեղաւորուեցան բեմին վրայ եւ ուր մնացին մինչեւ ժողովին աւարտը։

Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Մարօ Մինասեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, խօսք առին, ՄԱԿի, Գանատայի պետական եւ Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները, Հ.Յ.Դ.Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ.Յակոբ Տ.Խաչատուրեան եւ Լիբանանի Ա.Տիկին Անտրէ Էմիլ Լահուտ։

Հ.Օ.Մ.ի Համահայկական 68-րդ Պատգամաւորական ժողովին մասնակ-ցեցան 21 շրջաններէ 42 իրաւասու ձայնով պատգամաւորներ, ժողովէն եւ Կեդրոնական վարչութենէն հրաւիրուած 7 ընկերուհիներ խորհրդակցական ձայնով։

Ժողովին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 100 ընկերուհիներ դէտի հանգամանքով։

Հ.Օ.Մ.ի Համահայկական 68-րդ Պատգամաւորական ժողովին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը ներկայացուցին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Թօփալեան եւ Լ.Օ.Խ.ի 49-րդ արտակարգ Պատգամաւորական Ժողովէն ընտրուած պատգամաւոր ընկերուհիներ՝Մակի Խաչերեան, Թամար Տ.Պետրոսեան,Սօսի Պարսումեան եւ Ռոզիկ Պագգալեան։

Լ.Օ.Խ.ի պատգամաւորներէն ընկհ.Թամար Տ.Պետրոսեան մաս կազմեց դիւանին հայերէն լեզուի քարտուղարուհիի պաշտօնով եւ ընկհ. Մակի Խաչերեան բանաձեւի եռանդամ յանձնախումբին։

12 Հոկտեմբերին, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց իր 43-ամսեայ գործունէութեան տեղեկագիրը։ Լուսաբանական հարցումներու եւ ըստ էութեան քննարկումի աւարտին , Հ.Օ.Մ.ի 43ամսեայ գործունէութեան գծով ժողովս որդեգրեց « խիստ գնահատելի » բանաձեւը։

Յաջորդող երկու օրերու ընթացքին, ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ օրակարգով ‎ճշդուած կազմակերպական, վարչական, ներքին եւ հանրային յարաբերութեանց, Հ.Օ.Մ.ի միաւորներու եւ քարոզչութեան մարզերու, Հ.Օ.Մ.ի համահայկական բնոյթով ծրագիրներէն՝ որբերու խնամակալութեան, պատանիներու փոխանակումի,ՄԱԿի աշխատանիստերու, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու, Ջաւախքի հայութեան իրավիճակի եւ արտակարգ իրավիճակի մէջ գտնուող գաղութներու նիւթական օժանդակութեան հարցերուն, ինչպէս նաեւ շրջաններէն,մեկուսի մասնաճիւղերէն ու պատգամաւոր ընկերու-հիներէն ներկայացուած առաջարկներուն եւ առաւ համապատասխան որոշումներ վաւերացնելով բանաձեւի յանձնախումբի համադրած բանաձեւերու մեծամասնութիւնը

Հ.Օ.Մ.ի նիւթական վիճակի գծով պատասխանատու երկու մասնագէտներ, մանրամասնօրէն զեկուցեցին Հ.Օ.Մ.ի նիւթական ներկայ անցուկ վիճակի մասին եւ Համահայկական դրամահաւաքի անժամանցելի անհրաժեշտութիւնը շեշտեցին, որուն գծով Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յառաջացուցած է ցամաքամասային յանձնախումբեր, որոնք զօրակոչի պիտի ենթարկեն բոլոր շրջաններու Հ.Օ.Մ.ականները ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.ի նպատակին հաւատացող ազգայինները։

Նիւթական ներդրում ենթադրող որոշումներու գծով, ժողովս որդեգրեց յատկացումներով իրականացած ծրագիրներու շարունակումը եւ որոշեց նոր յատկացումներ ինչպիսին՝

Արժանթինի Խրիմեան Վարժարանին
Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին
Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն
Դամասկոսի Հ.Օ.Մ.ի համալիրի շինութեան
« Դիլիջան» ի ճամբարին
Հ.Օ.Մ.ի « Ամանոր»ին
Հայաստանի «Երբ Գալիս է Սեպտեմբեր»ին

Օրակարգի հարցերու աւարտին Համահայկական 68-րդ Պատգամաւորական ժողովը եկող եռամեակի աշխատանքները վարելու համար ընտրեց իննանդամ Կեդրոնական Վարչութիւն մը բաղկացած ընկերուհիներէ՝

Ա.Մ.Ն.Արեւելեան Շրջանէն՝
Մելքոնեան Մայտա
Օշական Ճորճի – Անն
Պասմաճեան Շաքէ

Ա.Մ.Ն.Արեւմտեան շրջանէն՝
Տէրտէրեան Յասմիկ
Հինտոյեան Նովա

Գանատայէն
Ֆրունճեան Մարօ

Հայաստանէն
Յովհաննէսեան Կարինէ

Յունաստանէն
Աւագեան Լիզա

Լիբանանէն
Տ.Պետրոսեան Թամար

Ժողովի ընթացքին Լիբանանի Պատգամաւորները՝ Լ.Օ.Խ.ի 75Ամեակի յատուկ յուշանուէրներ յանձնեցին, շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին եւ շրջաններու ներկայացուցիչներուն , իսկ պատգամաւոր ընկերու-հիներուն 75Ամեակի առիթով պատրաստուած պայուսակներ եւ անգլերէն լեզուով պրօշիւրներ։

Գանատայի շրջանը բացառիկ ճիգ թափած էր Պատգամաւոր թէ դէտ ընկերուհիներու կեցութիւնը հանգստաւէտ եւ հաճելի դարձնելու ։ Ան առիթը ստեղծեց որ ժողովին նախորդող օրերուն եւ ժողովէն ետք ընկերուհիները վայլեն Mt. Trumblent եւ Quebec քաղաքներու գեղեցկութիւնը, ինչպէս նաեւ Մոնթէալ քաղաքի պատմական վայրերը եւ շուկաները։

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases