Աղաւնի Փափազեան (ծնեալ Զալըգեան) ծնած է 1886-ին Ատաբազար: Փոքր տարիքէն եղած է Ատաբազարի Հայ Կարմիր Խաչի անդամուհիներէն:
Կ’ամուսնանայ Գրիգոր Փափազեանի հետ, որ Ֆրանսական հանրապետութեան բարձրագոյն քոմիսէրն էր եւ կը պաշտօնավարէր նոյն ատեն գաղթականներու Նանսէնեան ընկերութեան գրասենեակին մէջ:
Հայ գաղթականներու դժուարութիւնները կարգադրելու համար Վահան Փափազեան, որ Ֆրանսայի Կապոյտ Խաչի հիմնադիրն էր հանդիպում մը կ’ունենայ Գրիգոր Փափազեանի հետ եւ կը փոխանցէ որ Հ.Յ.Դ. կ’ուզէ օգնութեան խաչի մասնաճիւղ մը հիմնել Լիբանանի մէջ:
Պրն. Գ. Փափազեան կը յայտնէ որ ինք բազմազբաղ ըլլալուն չի կրնար օգտակար ըլլալ, բայց իր կինը՝ Աղաւնին վստահաբար օգտակար կրնայ դառնալ: Եւ 2 Յունիս 1929-ին Փափազեաններու բնակարանին մէջ կը հիմնուի Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Պէյրութի առաջին մասնաճիւղը:
Բ. Համաշխարհային պատերազմին. Ն. Աղբալեանի թելադրութեամբ, ընկերուհի Աղաւնի այլ ընկերուհիներու հետ կը հաստատէ «պնակ մը կերակուր»ի դութիւնը, որ տարիներ շարունակ կը մնայ Լ.Օ.Խ.-ի գործունէութեան առանցքը եւ կը դառնայ այնքան հիմնական եւ կենսական օժանդակութիւն,»:
Բազմավաստակ գործունէութիւն տանելով Լ.Օ.Խ.-էն ներս, կը մահանայ 1988-ին, օրինակ դառնալով իր խստապահանջութեամբ բազմաթիւ ընկերուհիներու:
Մասնաճիւղը հիմնուած է 1980-ին Զալքայի շրջանին մէջ:
Առաջին վարչական կազմը եղած է հետեւեալը՝ Վեհան Էթիեմեզեան՝ ատենապետուհի, Անժէլ Կիւլիւմեան՝ փոխ ատենապետուհի, Անի Գուլայեան՝ ատենադպրուհի, Մարօ Դանիէլեան՝ գանձապահ, Արտա Նորընծայեան՝ հաշուպահ, խորհրդականներ՝ Սիրանոյշ Յովսէփեան, Սալբի Տարագճեան,Ալիս Նորընծայեան, Շաքէ Գըլընճեան :
Կը գործէ Հ.Յ.Դ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս: