Արագածը կը գտնուի Սեւանայ լիճին արեւմտեան կողմը: Լեռնային շրջան մըն է՝ Արարատեան դաշտի եւ Շիրակի դաշտերու, ինչպէս նաեւ Ախուրեան եւ Քասախ գետերու միջեւ:
Արագած անունը ըստ աւանդութեան, ծագած է Արա եւ գահ բառերէն:
Արագածի լանջերուն կը գտնուին «վիշապ» կոչուած ձկնակերպ կոթողներ, , բերդեր, եկեղեցիներ:
Արագածը հայկական լեռնաշխարհի չորրորդ ամենաբարձր լեռն է: Ունի չորս սուր գագաթներ. Ահա թէ ինչու կը կոչուի քառագագաթ: կատարը ծածկուած է մշտնջենական ձիւնով::
Արագածը բարեբեր է: Ունի հազարաւոր աղբիւրներ, որոնցմէ կը գոյանան գետակներ: Իր կողերուն վրայ կան տասէ աւելի լիճեր: Ճոխ է բուսականութիւնը: Ունի գոյնզգոյն անուշաբոյր ծաղիկներ:
Մթնշաղին, երբ վերջալոյսի ցոլքերը կը սկսին մարիլ, Արագածի վրայ, անոր չորս գագաթներուն միջեւ, կանթեղի նման կը կախուի երկար լուսեղէն ցոլք մը, որ կը կոչուի «Լուսաւորիչի Կանթեղ»: Մեր ժողովուրդը սքանչելի աւանդազրոյց մը հիւսած է անոր շուրջ եւ այդ «Կանթեղը» համարած է հայոց յոյսի եւ մարդու իրաւունքի խորհրդանիշը:
Մասնաճիւղը հիմնուած է 1950 –ին ,առաջին վարչական կազմը բաղկացած է հետեւեալ Ընկերուհիներէն՝ Նուարդ Պալեան, Սիրարբի Ճէրէճեան, Լիբանուհի Սիմոնեան,
Պայծառ Թորոսեան, Քրիստինէ Մարգարեան, Եղիսաբէթ Աւետիքեան, Պայծառ Խոսրովեան :
Կը գործէ Արագած շրջանի, ժողովրդային տան մէջ :