ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղը հիմնուած է 1933-ին Պուրճ Համուտի նոր Սիս թաղամասին մէջ՝ դիմագրաւելու համար ընկերային, տնտեսական եւ առողջապահական ծանր տագնապները:
Պրն. Միսաք Ազիրեան ակումբի շինութեան համար հող մը նուիրեց շրջանի ժողովուրդին: Անոր կինը՝ ընկհ. Արշալոյս Ազիրեան անդամուհի էր նորաստեղծ մասւնաճիւղին:
Հետագային, մասնաճիւղը ինքնաբերաբար կրեց իր բարերարին՝ «Արշալոյս Ազիրեան» անունը:
Արշալոյս Ազիրեան ծնած է 1885-ին Սիսի մէջ եղած է քահանայ Փափազեանի դուստրը: 1914-ին ամուսնացած է: Բնակած է Հալէպ, Կիպրոս, դարձեալ Հալէպ: 1918-ին վերջնականապէս հաստատուած է Պէյրութ, Լիբանան:
Ան յարատեւ նեցուկ կանգնած է իր ամուսնին որպէսզի ան իր բարեգործութիւնները կատարէ, շրջանի կարիքներուն օգտակար հանդիսանալով:
Կը գտնուի Պուրճ Համուտի նոր Սիս թաղամասին մէջ: Հիմնուած է 1933-ին :
Հիմնադիր ընկերուհիներն են՝ Նուէր Բալայեան, Մարօ Յակոբեան, Թագուհի սէմիզեան, Թիֆոլինտա Փեսայեան, Մարօ Տեմիրճեան, Անիձա Յակոբեան, Լուսաբեր
Կէրէքմէզեան, Ա. Սվաճեան, Լ. Աղասարգիսեան, եւ Տ. Յարութիւնեան: Կը գործէ «Իշխան» կոմիտէի հովանիին տակ: