Վաղարշապատի Ս. Գրիգոր եկեղեցին կը գտնուի Արարատեան դաշտի մէջ, Էջմիածինէն 2քմ. Հեռաւորութեան վրայ:
Ըստ Հայ պատմիչներու վկայութեան, կառուցել տուած է զայն Ներսէս Գ. Իշխանացի կաթողիկոսը (7-րդ դարուն): Զուարթնոց օծուած է 652-ին:
Զուարթնոց կազմուած է եռաստիճան, հետզհետէ նուազող տրամագծերով երեք գմբեթներէ, մօտ 45 մեթր բարձրութեամբ. տաճարը ունի 5 մուտքեր:
Հայկական ճարտարապետութեան մէջ Զուարթնոցը իւրայատուկ ոճի կառոյց եղած է, որ ուշագրաւ դարձած է յօրինուածքի պարզութեամբ ու յստակութեամբ,Զուարթ – կը նշանակէ: ուրախ, պայծառ իսկ Զուարթուն՝ հրեշտակ. հետեւաբար, Զուարթնոց կը նշանակէ՝ հրեշտակներու վայր. որովհետեւ, կ’ըսուի թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր հրաշափառ տեսիլքը ունեցած է այդ վայրին մէջ՝ ուր Յիսուս կ’իջնէ (հրեշտակներու) երկնային երգեցողութեամբ. հոն կը կառուցուի Էջմիածին, այսինքն՝ միածինին իջած տեղը:
Զուարթնոցը ունի ճարտարապետական այնպիսի մեծութիւն մը եւ արուեստագիտական այնպիսի հմտութիւն, որ համաշխարհային ճարտարապետութեան մէջ հազուագիւտ օրինակ եւ պսակ է հայու ստեղծագործական տաղանդին:
Մասնաճիւղը հիմնուած է 1971 –ին , Հազմիէյի շրջանին մէջ :
Առաջին վարչական կազմը եղած է՝ Ժագլին Գէօրողլեան, Աստղիկ Հալաճեան ,Ալիս Զէքեան, Եփրուհի Պախչէճեան, Սոնա Պախչէճեան, Զաւէն Հերսիլ, Ժիլպէր Սահիլեան, Եօլանտ Սահակեան, Անահիտ Ղոչախեան:
Մասնաճիւղը կը գործէ Հազմիէյի կաթողիկէ միաբանութեան , «Մխիթարեան» վարժարանէն ներս, իրեն տրամադրուած սրահի մը մէջ: