Chapters

ԼՕԽի Կարինէ Մասնաճիւղ

Կարին կը կոչուի նաեւ Էրզրում քաղաքը: Կարին ,գաւառ է Մեծ Հայքի նահանգին մէջ: Ջրառատ է. ունի խիտ գետային ցանց : Հողերը բերքառատ են յատկապէս լաւ կ’աճին հացահատիկային բոյսերը:

Կարին գրաւուած է Օսմանեան թուրքերուն կողմէ 1514-ին: Ռուսական զօրքերը բազմաթիւ անգամներ գրաւած են Կարին գաւառը, բայց ստիպուած վերադարձուցած են զայն Թուրքերուն: 1829-30ին տասնեակ հազար հայեր գաղթեցին գաւառէն եւ բնակութիւն հաստատեցին Ախալցխա, Լոռի, Փանբակ եւ այլուր:

Հայերը կը զբաղուէին երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ եւ արհեստներով: Կարնեցիին տունը ուշագրաւ էր իր մաքրութեամբ եւ գեղեցիկ կահաւորութեամբ: Յայտնի էր Աստուածածին կամ Հնձոց վանքը, ան եղած էր դպրութեան եւ ուսումնական կեդրոն: Կարին գաւառի հայաբնակ գիւղերը բազմաթիւ անգամներ թալանուած են եւ բնակիչները զոհուած : Էրզրում քաղաքի եւ Կարին գաւառի հայութիւնը բռնութեամբ տեղահանուեցաւ 1915-ին մեծ Եղեռնի ժամանակ:

1909-ի տուեալներով Կարին գաւառին մէջ կար 45 հայաբնակ գիւղ:

Պէյրութի ‘’Ամանոս ‘’ շրջանի մէջ ‘’Կարինէ ‘’ մասնաճիւղը հիմնուած է 1955-ին:

Առաջին վարչական կազմը բաղկացած է հետեւեալ ընկերուհիներէն՝ Պերճուհի Յարութիւնեան, Ժանէթ Պետոյեան, Զապէլ Տէօլտիլեան, Լուսնթագ Չոգագլեան, Թրֆանտա Գալայճեան, Ազատուհի Սոֆեան, Մարիամ Քէշիշեան: Ամանոսը կը գտնուի Անդր Նահրի ծայրամասին մէջ, Տորայի բոլորակէն դէպի աջ եւ

կ՛երկարի մինչեւ Մար Եուսէֆի շրջանը: Ազգային« Էհրամճեան » Վարժարանը կը գտնուի այս տարածքին մէջ եւ « Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի հովանաւորութիւնը կը վայելէ շրջանը , որուն ակումբին մէջ կը գործէ ԼՕԽ-ի վարչութիւնը:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases