Chapters

ԼՕԽի Ջաւօ Շանթ Մասնաճիւղ

Ջաւօ Շանթ բարձրագոյն կրթութեամբ օժտուած կին մըն էր. որ ունէր գրական եւ գիտական բազմակողմանի ծանօթութիւններ:

Ջաւօ Շանթ 1903-ին կ’ամուսնանայ Լեւոն Շանթի հետ: Իր կեանքը կը կապէ մեծանուն գրագէտին, կ’ապրի մտաւորական ընտանիքի շրջանակին մէջ եւ կը յարգուի բոլորէն: Իր հասարակական գործի փայլուն շրջանը կը սկսի 1910-ին Պոլսոյ մէջ, ուր Սաթենիկ Օհանջանեանի հետ կը նուիրուի Աշխատանքի Տան Կազմակերպութեան: Ջաւօ Շանթ, կը կազմէ Դաշնակցական Տիկնաց խումբ մը, որ բացառաբար կը լծուի կանանց Կազմակերպութեան գործին: Այս խումբի նախաձեռնութեանբ հիմը կը դրուի Պոլսոյ Աշխատանքի Տան:

1911-1913-ին քանի մը տարուան անձնուէր աշխատանքին մէջ Ջաւօ եւ իր ընկերուհիները նոր հետաքրքրութիւն մը յառաջ կը բերեն Պոլսական միջավայրին մէջ եւ կը մղեն իգական սեռը դէպի հասարակական աշխատանքը: Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կը հաստատուի Երեւան: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք՝ 1921-ին կ’անցնի արտասահման, Եւրոպա, ապա Եգիպտոս եւ վերջապէս Հալէպ եւ վերջնականօրէն կը հաստատուի Պէյրութ:

Ջաւօ Շանթ 1924-ին կարգ մը ընկերուհիներու եւ տիկիններու հետ հիմը կը դնէ Ֆրանսայի Հայ կարմիր Խաչին, որ յետոյ Կապոյտ Խաչ կը կոչուի: Կանացի այս կազմակերպութիւնը քանի մը տարուան ընթացքին կը ծաւալի, կեդրոն ունենալով Փարիզը: Ջաւօ Շանթ տասը տարի իր աշխատութիւնը կը բերէ օգնութեան գործին, միշտ գտնուելով կեդրոնական վարչութեան մէջ: 1936-էն ետք Ջաւօ Շանթ աշխատանքի կը լծուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ օգնութեան խաչերու մէջ:

1942-ին համաշխարհային երկրորդ պատերազմի օրերուն, Լոլա Սասունիի հետ կը հիմնեն «Պնակ մը կերակուր»ի ձեռնարկը:

1938-ին Գարնթինայի շրջանի մէջ կը հիմնէ Լ.Օ.Խ.-ի առաջին դարմանատունը: 1945-ին երկար հիւանդութենէ ետք կը մեռնի:

Հիմնուած է 1984-ին, Տըքուէնիի շրջանին մէջ:

Առաջին վարչական կազմն է՝ Սալբի Բակլայեան, Մարի Թահմիզեան, Նուարդ Պէրպէրեան, եւ Արփի :

Ան կը գործէ Վերոնիքա Մարտիրոսեանի կողմէ կտակուած յարկաբաժինին մէջ, Ռաուտայի ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութեան հովանիին տակ:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases