Chapters

ԼՕԽի Ռուբինա Մասնաճիւղ

Ծնած է Թիֆլիս, 1881-ին բարեկեցիկ եւ կալուածատէր, ընտանիքի մը մէջ: Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք՝ կ’անցնի Պաքու, որ 1890-ական թուականներուն իր յեղափոխական եւ ազգային մթնոլորտով խոր տպաւորութիւն կը ձգէ իր վրայ: 1905-ին կ’անցնի Պուլկարիա եւ կը մասնակցի Սուլթան Համիտի դէմ տեղի ունենալիք մահափորձի պատրաստութեան: 1905-ին կ’անցնի Թիֆլիս: 1908-ին երբ կը հռչակուի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Ռուբինա կ’անցնի Պոլիս եւ մեծ խանդով իր մասնակցութիւնը կը բերէ կազմակերպական կեանքին: Բայց այս անգամ եւս կեանքը չի խաղաղիր, եւ Ռուբինա Համօ Օհանջանեանի ձերբակալման լուրը իմանալով՝ կը վճռէ վերադառնալ Կովկաս:

20 Մարտ 1912-ին չորս տարուան տաժանակիր աշխատանքի դատապարտուած Համօ Օհանջանեան կ’աքսորուի Սիպերիայ հիւծած եւ հիւանդ վիճակի մէջ: Ռուբինա նաեւ կ’երթայ Սիպերիայ զինք խնամելու համար: Հոն է որ Ռուբինա Արէշեան կ’ամուսնանայ Հ. Օհանջանեանի հետ եւ կը դառնայ Ռուբինա Օհանջանեան:

1915-ի Ռուս Թրքական պատերազմի առիթով ներման կ’արժանանան Հայ քաղաքական աքսորականները: Համօ Եւ Ռուբինա կը վերադառնան Թիֆլիս, ապա կ’անցնին Վան, Վասպուրականի Հայութեան բժշկական օգնութիւն հասցնելու համար: Հայաստանէն դուրս եկող մտաւորականութեան հետ, դուրս կուգայ նաեւ Ռուբինա Օհանջանեան: Իր ամուսինին: Համոյի հետ կը հաստատուի Գահիրէ ուր կը շարունակէ իր հանրային, կուսակցական գործունէութիւնը:

Հիմնադիր անդամներէն մԷկն է Համազգայինի Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան: Մասնակից է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներուն: 1960-ական թուականներուն կ’անցնի Գանատա, ուր կը մահանայ 21 Ապրիլ 1971-ին:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1947-ին, Նորաշէնի (Թիրօ) շրջանին մէջ, որ կը տարածուի Պուրճ Համուտի գետափէն մինչեւ Տորայի շրջան:

Առաջին վարչութեան կազմի դիւանն էր , ատենապետուհի ՝ Մարի Կիւլեսերեան, ատենադպրուհի՝ Մարի Ֆուճուրեան:

Վարչութիւնը կը գործէ ՀՅԴ «Ռուբէն Կոմիտէի» հովանաւորութեան տակ , եւ իր ակումբին մէջ:

Մասնաճիւղը ունեցած է նաեւ ընկերային ծառայութեան կեդրոն մը , ուր նուիրեալ ընկերուհիներ կ՛աշխատէին անձերու դժուարութիւնները լուծելու :

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases