ՏԱՐՕՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒՀԻՆ ՍՕՍԷ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ (ՍՕՍԷ ՄԱՅՐԻԿ)
Սօսէ, Սօսի կամ Սօսուն պարզ գիւղացի աղջիկ մըն էր Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն, որ 13 տարեկանին ամուսնացաւ, ապագայ նշանաւոր ֆետայի Սերոբ Աղբիւրի կամ Սերոբ փաշայի հետ:
1890ական թուականներուն ամուսինը պանդխտութեան գնաց, իսկ Սօսէն Սոխորդ մնաց: Երիտասարդ գեղջուհիին վրայ խոր տպաւորութիւն ձգեցին իր ամուսինին Առաքել հօրեղբօր հայրենասիրական պատմութիւնները:
1895-ին երբ ամուսինը Ախլաթ վերադարձաւ եւ սկսաւ քարոզել «տղաք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք». Սօսէն իր կողքին էր՝ գաղափարակիցն ու գործակիցը: 1899ին Սերոբի թագստոցն էր Գեալի գոզան գիւղը: Երբ թշնամին գիւղը պաշարեց, Սերոբ ութ ժամ անընդհատ կռուեցաւ: Երբ թշնամի գնդակ մը վերջ դրաւ ամուսինին կեանքին. Սօսէն անմիջապէս անոր ձեռքէն ինկած հրացանը առաւ եւ շարունակեց կրակել:
Շուտով թուրք զինուորներ, իրենց հրամանատարի գլխաւորութեամբ, իր դիրքը հասան, յարձակեցան անկենդան Սերոբի վրայ, կտրեցին գլուխը, իսկ Կալանաւոր Սօսէն նախ Մուշ տարին, ապա նետեցին Բաղէշի բանտը:
Բանտէն ազատելէ ետք, Սօսէ Կովկաս անցաւ: Ան տեսաւ իր ամուսինին երազներուն իրականացումը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Համայնավարներու ներխուժումէն ետք. անցաւ Պոլիս, ապա Եգիպտոս եւ Աղեքսանդրիա հաստատուեցաւ:
Սօսէ մեռաւ Աղեքսանդրիա1951, 1998 Մայիս 28-ին, Հայաստանի անկախութեան 80 ամեակին առիթով, Հ.Օ.Մ.ի նախաձեռնութեամբ Հայ ժողովուրդը հանդիսաւոր արարողութեամբ հայրենի հողին յանձնեց իր անմահ դստեր՝ Սօսէ Մայրիկի Աղեքսանդրիայէն (Եգիպտոս) բերուած աճիւնները: Անոնք ամփոփուեցան Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ:
Մասնաճիւղը Հիմնուած է 1967 –ին ճպէյլի շրջանին մէջ: Կը գործէ Ճպէյլի Հայ կեդրոնին մէջ :