1974-ին ,ԼՕԽ –ի Շրջանային Վարչութեան գումարած պատգամաւորական ժողովին, հաստատուեցաւ յանձնախմբային աշխատանքի դրութիւնը, մասնագիտացած գործունէութեան զարկ տալու եւ մեծ թիւով անդամուհիներ մասնակից դարձնելու մեծածաւալ աշխատանքներուն: Արդէն իսկ նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը կազմեց եօթը կարեւորագոյն յանձնախումբերը, որոնց կարգին էր դաստիարակչական յանձնախումբը :
ԼՕԽ –ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբը, հետեւելով ԼՕԽ –ի ծրագրի կանոնագրի նպատակին՝ « ծառայել հայ ժողովուրդին եւ ձգտիլ պահպանել հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութիւնը » , ընտրեց իր ուղին.- Կինը եւ իր ընտանիքը գիտակից դարձնել, իրենց առնչուող տագնապներուն, հարցերուն, անոնց առջեւ բանալով լայն հորիզոններ եւ իր գործունէութիւնը ծաւալեց .
ա- Հանրութեան՝ կազմակերպելով դասախօսական շարքեր (մանկավարժական, երաժշտական, հոգեբանական, մարդկային իրաւունքներու, կնոջական, արուեստի եւ հայապահպանման), կլոր սեղաններ, ոգեկոչումներ ( Ապրիլ 24), նշումներ ( գիրերու գիւտ), հանդիսութիւններ (Հայ մօր տարի, կանանց միջազգային օր), այցելութիւններ (Գանձատուներ, թանգարաններ), եւ ձեռնարկներ՝ (հայ մշակոյթը ծանօթացնող իր բոլոր բնագաւառներով):
բ- մասնաճիւղերու վարչութիւններուն՝ տրամադրելով դասախօսական նիւթեր եւ դասախօսներ , ծիսական տօներու աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները պարփակող թերթիկներ, ‘ փոխադարձ զրոյցներ յանձնախումբի եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն միջեւ հիմնական նպատակ ունենալով , զարկ տալ կնոջ հոգեմտաւոր զարգացման , որպէսզի արդիականացնէ իր գործելաձեւը եւ մշակոյթի ճամբով պայքարի ձուլումի եւ ազգակործան պայմաններու վտանգներուն դէմ: