Կալուածներու հարցով զբաղող այս յանձնախումբը սկսած է նախ որպէս ԼՕԽ-ի տնտեսական յանձնախումբ, ապա երբ բարերարներ յետ մահու իրենց կալուածները կը կտակեն ԼիբանանահայՕգնութեան Խաչին կարիքը կը զգացուի նման յանձնախումբի մը:
Յանձնախումբը որ մասնագիտացած անդամներէ կազմուած կ՛ըլլայ, կը հետապնդէ պետութեան մօտ իւրաքանչիւր կալուածի տարբեր հարցերու լուծման եւ օրինականացման գործընթացը:
Վարձւորներու համաձայնագիրներու գծով կու տայ իր կարծիքը ըստ որուն կը գործէ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը: