21-րդ դարու արհեստագիտական նուաճումներու կարգին, համացանցի վրայ յատուկ տեղ կը գրաւեն կայքէջն ու դիմատետրը (Facebook), որ արդէն իսկ կ՛օգտագործուին տարբեր միութիւններու, դպրոցներու,կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի տարբեր միաւորներու կողմէ աշխարհի տարածքին։
ԼՕԽ-ի 54-րդ պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած Շրջանային Վարչութիւնը, նկատի առնելով քարոզչութեան եւ հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը, որոշեց ԼՕԽ-ի լայնածաւալ աշխատանքի դաշտը, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, լսատեսողական այլ միջոցներու կողքին, հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել նաեւ հաստատելով ԼՕԽ-ի դիմատետրի էջը, որ արդէն իրականութիւն է եւ որուն միացած են մեծ թիւով ընկեր-ընկերուհիներ։ Միեւնոյն ժամանակ քաջ գիտակցելով, որ սոյն աշխատանքը կարելի է օգտագործել իբր անդամարշաւի կարեւոր զէնքերէն մէկը։
Առ այդ՝ ԼՕԽ – ը ունեցաւ
1 – Դիմատետր (Facebook- ի page) Armenian Relief Cross of Lebanon (Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ ) անուան տակ, 25 Դեկտեմբեր 2012-ին:
2 – Վերատեսութեան ենթարկուած եւ արդիականացած նոր կայքէջ` 28 Մայիս 2013-ին հետեւեալ Հասցէով ` www.lokh-arcl.org
3- Իսկ ԼՕԽ-ի 55-րդ պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած Շրջանային Վարչութիւնը, ի մտի ունենալով ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը օտարներուն ծանօթացնելու անհրաժեշտութիւնը, Անգլերէն լեզուի թարգմանեց ԼՕԽ-ի կայքէջը 24 Ապրիլ 2015-ին: http://www.lokh-arcl.org/eng
Վերոյիշեալ բաժիններուն մէջ, օրական դրութեամբ կը տեղադրուին ՀՕՄ-ի, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, 14 յանձնախումբերու, 26 մասնաճիւղերու եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի գործունէութիւնները, ըլլան անոնք ձեռնարկներ, այցելութիւններ, հրաւիրատոմսեր, դասախօսութիւններ ,հրատարակութիւններ ,եւայլն……. ինչպէս նաեւ «Ազդակ» օրաթերթով լոյս տեսած ԼՕԽ-ի Էջի բոլոր յօդուածներն ու յայտարարութիւնները եւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի «ԼՕԽ-ի Ձայնը» յայտագիրը։
Համաշխարհանացած համացանցային այս յատուկ էջերով, լուրերը կը վերանորոգուին եւ համապատասխան նկարներով ամէնօրեայ ներկայութիւն կ՛ըլլան, ցանկացած հայ եւ օտար տուներու մէջ, Լիբանանի թէ աշխարհի տարածքին։