Chapters

ԼՕԽի Ձեռարուեստ Յանձնախումբ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԱՐԺԷՔԸ

Հայկական ասեղնագործութիւնը հայ արուեստի տոհմիկ ժառանգութեան մէկ կարեւոր մարզն է, ուր հայ կինը նշանաւոր եւ առաւել արժէքաւոր դարձաւ իր պատրաստած նուրբ, գեղեցիկ եւ խորհուրդ պարունակող ստեղծագործութիւններով։ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ զանազան գաւառներուն՝ Ուրֆայի, Այնթապի, Սվազի, Տիգրանակերտի, Մարաշի, Վանի եւ այլ շրջաններու մէջ զարգացած ուրոյն ասեղները անպայմանօրէն մեզի շատ բան կը փոխանցեն այդ գաւառներուն առօրեայ կեանքին, նկարագիրին, բանող ձեռքերուն մէջ ամփոփուած ապրումներուն, հոգեվիճակին, օրուան քաղաքական ու ընկերային կացութեան մասին, անոնք մեզի կը պատկերացնեն մեր նախնիներուն պատմութիւնը։ Այս ստեղծագործութիւնները ազնիւ ժառանգութեան մը մասնիկներն են, զորս մենք պարտինք պահպանել իբրեւ անգնահատելի հարստութիւն։

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը՝ գիտակից իր կնոջական յառաջապահ կազմակերպութիւն մը ըլլալու հանգամանքին, գիտակից իր ընկերային, ազգային եւ մշակութային արժէքներու պահպանման նկատմամբ ունեցած պարտաւորութեան, տարիներ առաջ հիմնեց Արհեստանոցը եւ Ձեռարուեստի կեդրոնը։ Ան իր ուսերուն առաւ ձեռարուեստի սքանչելի եւ թանկարժէք ժառանգութիւնը յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու պարտականութիւնը եւ յառաջացուց Ձեռարուեստի կեդրոնի յանձնախումբ։ Ընկերուհիներուն երախտաշատ աշխատանքով եւ ճիգերով մեզի հասած ժառանգութեան կողքին իսկական ասեղը հիմք պահելով նոր գոյներով եւ նրբութիւններով կը ճոխացնեն եւ կարդիականացնեն գործերը՝ զանոնք ներկայացնելով արդիական ճաշակով, հինի ու նորի միացումով։

Ձեռարուեստի կեդրոնի տարեկան ցուցահանդէսները լուսարձակի տակ կը մնան Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ, ուր կեդրոնի գործերը ցուցադրուած են եւ արժանացած բարձր գնահատանքի ու քաջալերանքի։

Յանձնախումբը կը շարունակէ վերանորոգել իր ասեղնագործական ստեղծագործութիւնները եւ տարեկան ցուցահանդէսներու կազմակերպումը։ Յանձնախումբը կը կազմակերպէ նաեւ ձեռագործներու ուսուցման դասընթացքներ հայորդիներու համար։

1999-ին Շրջանային Վարչութիւնը լոյս ընծայեց «Հայկական Ասեղնագործութեան» գեղեցիկ հատորը, ապա 2002-ին Հեղուշ Փափազեանի «Հայկական Տարազներու» հատորը։

Ս. Վրացեանի խօսքը ըլլայ մեր նշանաբանը.-

«Խտացնե՛նք մեր շարքերը կուռ ու անսակարկ կամաւորութեամբ»

Բարեսիրական աշխատանքով, ընկերային կեանքը բարելաւելու հեռանկարով ճամբայ ելած Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր ուշադրութեան սլաքը ուղղեց նաեւ հայ արուեստի ծաղկումին: Ան եղաւ հայ կնոջ սուրբ մատներուն շնորհներով ստեղծագործուած հայկական ձեռագործներու եւ ասեղնագործութեանց պահպանութեան ու ժառանգութեան փոխանցողը նոր սերունդի հայուհիներուն: Անկախ հայկական նրբաշխատ ժանեակներու կամ ասեղնագործութիւններու արուեստին տիրանալու վարպետութենէն, ԼՕԽ-ը աւանդաբար փոխանցեց հայ տոհմիկ բարքերու ակունքէն ծնած գաւառական թէ քաղաքային արուեստը: Հայկական նաշխերը կու գային Կիլիկիայէն եւ Հայաստանէն: Այսպէս, կարելի է թուել` Այնթապի գործ, Մարաշի գործ, Ուրֆայի գործ, ասեղնագործ կամ հայկական ժանեակ, Սվազի (Սեբաստիա) գործ, Վանի գործ, Վասպուրականի գործ, Քիլիսի գործ, Մալաթիոյ գործ, Կեսարիոյ գործ, Տրապիզոնի գործ, Տիգրանակերտի գործ:

18 յունիս 1976-ին ԼՕԽ-ի փոքրիկ աշխատանոցը իր դռները կը բանար 20 կիներով եւ 3 վարպետ ուսուցչուհիներով:

Այս ծրագրին յատկացուած փոքր սրահը ժամանակ մը ետք անբաւարար ըլլալով` ԼՕԽ-ը իր դարմանատունն ու գրասենեակը յատուկ սարքաւորումով կը յատկացնէ աշխատանոցին, որուն համբաւը որպէս որակաւոր ձեռագործի կեդրոնի` հետզհետէ կը տարածուի, եւ աշխատողներուն մակարդակը կը բարձրանայ:

Յանձնախումբին հետապնդած նպատակներէն են` հայկական ասեղնագործութեան գաղտնիքներուն պահպանումը, զանոնք կորուստէ փրկելը, հայ կիներուն եւ ընտանիքներուն մատչելի դարձնելը, նաեւ աշխատանք կը տանի հայկական ձեռագործը ծանօթացնելու օտարներուն:

1980 սեպտեմբեր 10-ին բացումը կը կատարուի ձեռարուեստի կեդրոնին:

Ձեռարուեստի կեդրոնի մէջ տեղ գտած են ամէն պիւտճէի յարմարող ձեռային նուրբ եւ փոքր աշխատանքներ, կան գեղեցիկ եւ հայկական շունչ ունեցող եւ հայու ձեռքի արտադրութիւններ:

Տօնական թէ այլ առիթներով հոնկէ ապահովելու համար յարմար նուէրներ, մէկ կողմէ սատարելով կազմակերպութեան յաջողութեան, միւս կողմէ` ամէն մարդու տան մէջ մտցնելով հայկական նուրբ ասեղնագործութեան ճաշակը եւ յաւիտենականացնելու համար հայկական ասեղնագործութեան ժառանգը:

1977-ին օգտուելով տիրող համեմատական խաղաղ օրերէն, Պէյրութի արեւմտեան շրջանին մէջ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան Ապակեայ սրահին մէջ կը կազմակերպուի աշխատանոցին առաջին ցուցահանդէսը` հովանաւորութեամբ երջանկայիշատակ Խորէն եւ Գարեգին Բ. Աթոռակից կաթողիկոսներու:

Ցուցահանդէսները հետզհետէ ճոխացած եւ զարգացած են, նոր բանուած ձեռագործներու կողքին կը ցուցադրուին տուներէ հաւաքուած հինէն եկած գործեր: Յանձնախումբին աշխատանքով եւ մեծ հմտութեամբ հին ձեռագործի գոյներն ու գործածուած կտորները կը բարեփոխուին, մէջտեղ եկած են հայկական ասեղնագործութիւններուն արդի տարբերակները` արդիական ճաշակով: Կը պատրաստուին նաեւ այլ ազգերու ձեռագործներ, մեքենագործուած կտորներ, կ՛առնուին զանազան ապսպրանքներ:

Մինչեւ օրս կազմակերպուած են տարեկան մէկէ աւելի ցուցահանդէսներ, որոնք առիթ կ՛ընծայեն հանրութեան ծանօթանալու կեդրոնին:

Կեդրոնը կը վայելէ մեծ վարկ եւ իր հմայքը մեծապէս տարածուած է Լիբանանի եւ արտասահմանի մէջ:

Յանձնախումբը մասնակցած է Լիբանանէն դուրս ցուցահանդէսներու` 1980 Ժընեւ, 1984 Քանատա, 1985 Փարիզ, 1991 Կիպրոս, 1998 Շարժա:

Աշխատանոցը վայելած է հարիւրաւոր բարեկամ-բարեկամուհիներու գուրգուրանքն ու քաջալերանքը` գործին յաջողութեան համար նուէր ստանալով ձեռագործի օրինակներու գրքոյկներ, ձեռագործներու մեքենաներ եւ այլն:

Քարոզչութիւն կատարուեցաւ հրատարակուած թերթիկներով, մամուլի էջերով, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններով, հարցազրոյցներով եւ բացիկներով: Ցուցահանդէսները եւ պազարները, կազմակերպուած` աշխատանոցի յանձնախումբին կամ օտար կազմակերպութիւններու կողմէ, ցոյց կու տան այն հսկայ գործունէութիւնը, որ կը տանի այս յանձնախումբը:

1999-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը լոյս ընծայեց «Հայկական ասեղնագործութիւն» անունով պատկերազարդ գեղատիպ հատորը, որ կրնայ իբրեւ հիմք ծառայել նոր սերունդներուն:

2005-էն ի վեր կեդրոնը կը կազմակերպէ ձեռագործի դասընթացքներ, որոնց մինչեւ օրս հետեւած են հարիւրէ աւելի կիներ եւ ստացած են համապատասխան հաստատագրեր: Այս դասընթացքներուն հետեւողներէն ոմանք այժմ հմուտ ուսուցանողներ ու ձեռագործ բանողներ են:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases