News & Events

«Կամաւորներու Օր»ուայ Առիթով Արժանի Յարգանք Ընծայուեցաւ Բազմահարիւր Լ.Օ.Խ.-ականներուն

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ծառայութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն հաւաքականութեան մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան: Հայ ժողովուրդի պարագային այս ծառայութիւնը առաւել եւս շեշտուած է Լ.Օ.Խ.-ի ճամբով, որ իր բազմահարիւր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս տագնապալի եւ թէժ օրերուն: Արդ, մարդասիրական այս կազմակերպութեան ընձեռած բարիքներուն իրենց անմնացորդ, նուիրեալ եւ անշահախնդիր մասնակցութիւնը կը բերեն ու ներդրում կ՛ունենան Լ.Օ.Խ.-ի առաքելութեան հաւատացող կամաւոր ընկերուհիները, որոնք գիտեն կիսել կարիքաւորին ցաւը, նիւթական օգնութեան հասնիլ համալսարանականներուն ու աշակերտներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, եւ վերջապէս` իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցել Լ.Օ.Խ.-ի ճամբով հայ ժողովուրդին:

Արդ, Լ.Օ.Խ.-ի կամաւոր ծառայողներու այս փաղանգին հանդէպ երախտագիտական դոյզն զգացումը կ՛ոգեւորէ զիրենք շարունակելու իրենց նուիրական առաքելութիւնը: Այս առումով «Կամաւորներու օր» խորագրեալ եզակի հանդիսութիւն մը կազմակերպեց Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը` արժանի յարգանք ընծայելու կամաւոր ծառայողներուն:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան առաջնորդ սրբազանի ներկայացուցիչ, Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան եւ հոծ թիւով խաչուհիներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան նշեց, որ Լ.Օ.Խ.-ի կամաւոր ընկերուհիներու բարեգործ բանակը տարիներու խորէն եկած եւ զօրացած կը սլանայ դէպի ապագայ գացող ճամբան կերտելու: Հիմնադիր ընկերուհիներու միակ տեսլականն է անշահախնդրօրէն ծառայել հայուն բարօրութեան ու վերելքին համար` փոխարէնը ստանալով սրտի ու հոգիի մեծ գոհունակութիւն: Սեւան Կարապետեան- Ադամեան կատարեց «կամաւոր» բառին սահմանումը եւ յայտնեց, որ Լ.Օ.Խ.-ի կամաւոր ընկերուհին որեւէ ժամանակ պէտք չէ վարանի ու տատամսի եւ ծառայութեան ոգին փոքրանայ իր մէջ: Հայ ազգը կարիքը ունի այս կամաւորական փաղանգին, որպէսզի մեր ուսերուն դրուած «հայապահպանումի» այս ծանր աշխատանքը շարունակենք եւ հայեցի դաստիարակութիւնը փոխանցենք գալիք սերունդներուն: Ապա ան քարոզչական յանձնախումբին անունով շնորհաւորեց բոլոր կամաւոր ընկերուհիները եւ մաղթեց, որ իրենց գիտակցութեամբ եւ բարձր նկարագիրով օրինակ դառնան ուրիշներուն:

Օրուան բանախօսն էր Լուիզա Պապոյեան – Ազէզեան: Ան յայտնեց, որ կեանքին մէջ ամէնէն արժէքաւոր նուէրը ժամանակն է: Այդ ժամանակը կու տանք մեր աշխատանքին եւ սիրայօժար կերպով մեր ընտանիքի անդամներուն ու սիրելիներուն: Իսկ կամաւոր աշխատանք տանող խաչուհիները իրենց ժամանակէն կու տան զեղչելով իրենց ընտանիքի ժամանակէն նուիրելու համար իրենց ազգի զաւակներուն, ինչ որ ողջունելի է: Հայ ժողովուրդը միշտ բախտաւոր եղած է անսակարկ կամաւորներով, որոնք ծառայած են ազգին, հայ մշակոյթին, հայոց լեզուին, կրթութեան, ծերունիին եւ կարիքաւորին:

Ան բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի հաստատած Կամաւորներու օրը, որուն միջոցով տարին անգամ մը կը յիշենք զիրենք, որոնք կը նուիրեն իրենց ժամանակէն եւ ոգիէն:

Լ.Օ.Խ.-ը միակ կանացի կազմակերպութիւնն ըլլալով յաւելեալ պարտաւորութիւն ունի: Ան նշեց, որ այսօր, երբ մարդկային արժէքները անկում կրած են, կիներն են, որոնք կրնան զատորոշել արժէքները, որովհետեւ կինը յեղափոխական է: Ան կրնայ ճիշդ ձեւով դաստիարակել եւ դէմ դնել այս հոսանքին: Եթէ մենք ազգային արժէքները չպահենք, առաջին վնաս կրողները մենք պիտի ըլլանք: Այսօր մենք գոյատեւած ենք շնորհիւ մեր կամաւորներուն, որոնք զինուած մեր ազգային արժէքներով, աշխատած են եւ այս ջահը փոխանցած սերունդէ-սերունդ:

Երկրորդ մարտահրաւէրը զարգացումն է: Այս դարը զարգացումի դար է: Չենք կրնար հին զէնքերով նոր թշնամիներուն դէմ ելլել: Ան յայտնեց, որ զարգացումը միայն համալսարան երթալով չ՛իրականանար: Կրնանք ինքնազարգացման միջոցով նոր գիտելիքներ ամբարել:

Իր խօսքին վերջին բաժինով ան անդրադարձաւ, որ մահէն ետք մեր շիրմաքարերուն վրայ պիտի գրուի երկու թուական` ծննդեան եւ մահուան, իսկ ատոր միջեւ գծիկ մը կայ: Այդ գծիկը մեր կեանքն է, այդ ժամանակը, որ կ՛անցընենք այս աշխարհի վրայ: Մեր որոշումով այդ գծիկը կրնար ըլլալ կարեւոր եւ փոփոխութիւն մը բերել մարդկութեան եւ մեր ընտանիքին: Այդ որոշումը կը վերաբերի իւրաքանչիւրին: Ան կոչ ուղղեց Վրացեանի խօսքով աճելու եւ խտացնելու շարքերը կուռ եւ անսակարկ կամաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ Լ.Օ.Խ.-ի արեւը պայծառ ըլլայ եւ միշտ հասնի ամէն կողմ ու լոյսի բանակ դառնանք այս խաւար դարուն մէջ:

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան յուշանուէր մը յանձնեց դասախօսին:

Գեղարուեստական յայտագիրով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներ Արի Տագէսեան կիթառով, Ալեքս Տապաղեան կիթառով, Նարեկ Քէշիշեան տհոլով եւ Կասիա Էճիտեան շուիով հայկական եւ միջազգային ճոխ երգերով հանդէս եկան: Իսկ Նժդեհ Պոտրումեան հայրենասիրական երգերով ոգեւորեց ներկաները:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին օրհնութեան խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան մէջբերեց կամաւորի երգին բառերը եւ ըսաւ, որ այս կեանքը կռիւ, պայքար ու նպատակ է: Այս բոլորին մէջ հերոսները Լ.Օ.Խ.-ականներն ու կամաւորներն են, որոնք ոչ մէկ ժամանակ փառքը եւ նիւթականը կ՛երազեն: Հայր սուրբը նշեց, որ կամաւոր աշխատողը ոչ մէկ ժամանակ պէտք ունի մարդկային գնահատանքի, որովհետեւ այս գնահատանքը սահմանափակ է, եւ Լ.Օ.Խ.-ականը իր գնահատանքը կը ստանայ միայն Աստուծմէ: Ծառայութեան առաջին գրաւականը սէրն է մեր առաքելութեան ու նմանին նկատմամբ: Երբ սիրով կատարես քու առաքելութիւնդ կամ գործդ, ատիկա արդէն սիրոյ վրայ հիմնուած յաջողութիւն է: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես կամաւորներու այս բանակին: Լ.Օ.Խ.-ը ո՛չ միայն անուն, տեսք, դրօշակ, յայտարարութիւն է, այլ նաեւ գործ ու ծառայութիւն է: Ասիկա կամաւորին չափանիշն է: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ թուեց այն բոլոր բարիքները, որոնք կամաւորները կը մատուցեն Լ.Օ.Խ.-ի ճամբով հայ ժողովուրդին: Ան Լ.Օ.Խ.-ը բնորոշեց իբրեւ շրջուն եկեղեցին հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ, երբ Լ.Օ.Խ.-ականը իրեն հետ կը տանի սէր, յարգանք, հաւատք, երկիւղածութիւն եւ նուիրուածութիւն:

Հայր սուրբը իր խօսքը եզրափակեց եւ ըսաւ, թէ որեւէ առաքելութիւն, որ բռնցքուած կը գործէ, կը յաղթէ: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց կամաւորներու բռունցքին վրայ աւելնալու իբրեւ ուժ, կորով եւ խոնարհելու կամաւորի մեծութեան սրբութեան առջեւ:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases