Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով եւ համաձայն իր աւանդութեան, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ հաւաք կազմակերպեց շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Այս եզակի հաւաքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Սոյն հաւաքը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Վիգէն վրդ. Տալգըլճեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ:
Հաւաքը սկսաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական արտասանութեամբ եւ հայր սուրբին սեղաններու օրհնութեան աղօթքով:
Օրուան հաղորդավար Սեւան Կարապետեան – Ադամեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ ըսաւ, թէ ամէն տարի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը այս հաւաքոյթը կը կազմակերպէ, որպէսզի ուրախութիւն պարգեւէ, եւ իւրաքանչիւրին ուրախութիւնը կը պատկանի բոլորին: Ան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այս յանձնախումբին հետ գիշեր ու ցերեկ աշխատեցաւ, որպէսզի այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուի` նպատակ ունենալով ուրախացնել բոլորը: Սեւան Կարապետեան – Ադամեան նշեց, որ ներկաներու դէմքին դրոշմուած ժպիտը լաւագոյն գնահատանքն է կատարուած աշխատանքին: Ապա ան աշուղական եւ ժողովրդական երգերով ոգեւորեց մասնակիցները:
Հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ մը սրահ հասան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ԺԱ. դասարանի աշակերտները, որոնք եկած էին բաժնեկցելու տարեցներու ուրախութիւնը: Արդարեւ, անոնք անձամբ սպասարկեցին տարեցներուն համար խոհանոցի յանձնախումբին պատրաստած ճաշերը, ապա ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր: Կալի Աւագեան նախ ներկայացուց իրենց այցելութեան նպատակը: Արին Մարգարեան երգեց «Խորհուրդ մեծ» եւ «Այսօր տօն է» շարականները, Բերլա Լալէեան ասմունքեց «Ես իմ անուշ Հայաստանի» քերթուածը, Կալի Աւագեան երգեց «Ծափ զարկ աշխարհ», «Գիշերն իջաւ» եւ «Մեր դաշտերուն» երգերը: Հուսկ բոլոր աշակերտները Ամանորի երգերով խանդավառեցին տարեցները: Նշենք, որ աշակերտներուն կողմէ նաեւ քառասուն ծրար նպաստ տրամադրուեցաւ շրջանին մէջ ապրող կարիքաւոր ընտանիքներուն համար:
Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Վիգէն վրդ. Տալգըլճեան: Ան փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այս բարիքներով լիացուց բոլորը: Ան գնահատեց Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան բոլոր աշխատանքներն ու նաեւ այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բարերարին: Ապա իր խօսքը ուղղելով տարեցներուն ըսաւ, թէ անոնք պատմութեան ընթացքին երբեք լուսանցքի վրայ չեն մնացած: Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած են տարեցները: Աստուածաշունչին մէջ ծերերը երէցներ կը կոչուին եւ անոնք այն անձերն էին, որոնք իմաստուն, արդար եւ խոհեմ կ՛ըլլային: Իսկ Նոր կտակարանին մէջ երէցները իշխանաւոր, թագաւորներ կ՛ըլլային: Իսկ նոր սերունդը պարտաւոր էր խնամել հանգստեան կոչուած ծերերը: Ապա հայր սուրբը անդրադարձաւ երէցներուն եկեղեցւոյ մէջ ունեցած դերին եւ մէջբերեց մեր եկեղեցւոյ հայրապետներէն խօսքեր: Հայր սուրբը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես այս երեւոյթին եւ ըսաւ, թէ նոր սերունդը շատ դասեր ունի քաղելիք երէցներէն, ինչպէս` հանդարտամտութիւն, խոհեմութիւն, ազնուութիւն եւ գոհունակութիւն: Հայր սուրբը շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն Նոր տարին եւ մաղթեց, որ նոր ոգիով, վերանորոգ հաւատքով ու կամքով ապրին իրենց կեանքը: իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը նաեւ փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան յատուկ բարեմաղթութիւնները ներկաներուն: