Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Դաստիարակչական յանձնախումբին, Հայաստանի երկրաշարժի 30-ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, յատուկ դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, կարճ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին վերաբերեալ, որմէ ետք Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց Ազնիւ Միքայէլեան: Ան նշեց, որ այս յանձնախումբը մշակոյթի պահպանման ջահակիրը հանդիսացած է ու կը ձգտի միշտ պահպանել մեր արժէքները եւ մղիչ ուժ դառնալ դէպի անցեալի փառքերն ու սովորութիւնները զարկ տալով հոգեմտաւոր զարգացման: Ապա Ազնիւ Միքայէլեան անդրադարձաւ երեսուն տարիներ առաջ պատահած Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժին, զոհերու թիւին պաշտօնական տուեալներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի ցուցաբերած օժանդակութեան հսկայ ծաւալին: Ան ըսաւ, թէ 30 տարի ետք արդէն Գիւմրին կը վերածնի եւ երկրաշարժը սպիացող յուշ դարձած է այլեւս: Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը:
Այնուհետեւ Ազնիւ Միքայէլեան ներկայացուց օրուան դասախօս, Լիբանանի պետական երաժշտանոցի, Հայկազեան համալսարանի եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի դասախօս, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի խմբավար Զաքար Քէշիշեանի կենսագրականն ու գործունէութիւնը եւ հրաւիրեց զինք դասախօսելու «Հայ երգը` Կոմիտաս. Կոմիտասի 150-ամեակին ընդառաջ» նիւթին մասին:
Զաքար Քէշիշեան իր դասախօսութեան սկիզբը խօսեցաւ Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն իր Երեւան գտնուելուն շարժառիթին եւ վկայութեան մասին: Ան յայտնեց, որ երկրաշարժէն ետք, երբ Գիւմրի գացին, սարսափելի տեսարաններ տեսան, բայց իբրեւ դրական երեւոյթ, իրենք իբրեւ Երեւանի պետական երաժշտանոցի ուսանող կը մեկնէին Գիւմրի համերգներով հանդէս գալու անօթեւան ընտանիքներուն եւ երեխաներուն, որպէսզի անոնք հոգեփոխուին ու մխիթարուին: Երբ օր մը կարգ մը դասընկերներով դարձեալ գացած էին Գիւմրի վրանի տակ հաւաքուած 100 երեխաներու համերգային ծրագիր մը ներկայացնելու, հոն փոքրիկ մը կու լար: Համերգի աւարտին, երբ Քէշիշեան մօտեցաւ փոքրիկին եւ հարցուց լալուն պատճառը, ապա իսկոյն գիտցաւ, որ ան ալ շուի մը ունէր եւ մնացած էր աւերակներուն տակ: Զաքար Քէշիշեան իր շուին նուիրեց այդ լացող մանուկին: Տարիներ ետք դասախօսին հօրեղբօր կինը Երեւանի ձայնասփիւռին կայանէն լսած է, թէ այդ լացող մանուկը յայտնի շուիահար դարձած է շնորհիւ Զաքար Քէշիշեանի նուիրած շուիին:
Ապա դասախօսը անդրադարձաւ հայ երգին ներկայիս պարզած վիճակին եւ յայտնեց, որ դժբախտաբար նոր սերունդը լաւ չի ճանչնար հայ երաժշտութեան տիտան Կոմիտասը: Ապա ակնարկելով դասախօսութեան ներկաներուն յայտնեց, որ վստահաբար անոնցմէ ոմանք գիտեն կոմիտասեան երգեր: Սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է կոմիտասեան 10 երգ գիտնայ, որպէսզի հայ մնայ: Նոր սերունդին պէտք է Կոմիտաս սորվեցնենք: Ապա Զաքար Քէշիշեան ակնարկ մը նետեց Կոմիտաս վարդապետի կենսագրութեան, իր վաստակին եւ վախճանին` յայտնելով, որ ան շատ հալածանքի ենթարկուած է Էջմիածինի եւ Պոլսոյ մէջ: Ան խօսեցաւ օտար շրջանակի մը մէջ Կոմիտասի ներկայացուցած «Հայը ունի ինքնուրոյն երաժշտութիւն» նիւթով դասախօսութիւնը: Ասիկա հայ երաժշտութեան աստուածաշունչն է, ուր երաժշտական հիմքերու վրայ Կոմիտաս կը բացատրէ հայ երաժշտութեան ինքնուրոյնութիւնը: Իր մշակած քառաձայն երգերն ու շարականները դարձեալ հալածանքի ենթարկուեցան նոյնինքն իր միաբանակիցներուն կողմէ: Ան ուզեց հեռանալ միաբանութենէն, սակայն մերժողական կեցուածքը ստիպեց զինք գաղտնաբար մեկնիլ Պոլիս եւ հոն հիմը դրաւ «Գուսան» երգչախումբին: Մակար Եկմալեան եղած է Կոմիտասի ուսուցիչը: Պոլսոյ մէջ, Կոմիտաս կը հաւաքէ ժողովուրդին կողմէ երգուած երգերը, որոնց մեծ մասը սակայն կը մնայ կորսուած: Ինչ որ մնացած է Կոմիտասէն, կը կազմէ հայ երաժշտութեան ինքնուրոյնութեան վաւերագիրը: Ապա Զաքար Քէշիշեան խօսեցաւ ժողովրդական երգերուն մասին եւ յայտնեց, որ ամէն երգ ժողովրդական երգ չէ: Այն երգերը, որոնք ժողովուրդը կ՛երգէ, անոնք են ժողովրդական երգերը: Այս առումով, Կոմիտաս լսած է ժողովուրդի երգած երգերը եւ տեղւոյն վրայ արտագրած է երաժշտական խազերը տուեալ երգերուն: Ան յայտնեց նաեւ, որ եթէ Կոմիտաս չըլլար, ժողովրդական երգերը պիտի կորսուէին: Ան փրկարար եղաւ եւ ազգային երաժշտութեան արժեհամակարգի հեղինակն է: Կոմիտաս հանճար մըն է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ ան յաւերժացուց հայ երաժշտութիւնը: Հայոց ցեղասպանութիւնը եթէ չըլլար, վստահ որ ան աւելի պիտի ստեղծագործէր: Ապա դասախօսը ներկաները ունկնդիր դարձուց իրեն հետ բերած Կոմիտասի ձայնով արձանագրուած «Լոռու Գութան» երգը եւ երգչախմբային կատարումը, որուն միջոցով ունկնդիրները ականջալուր եղան Կոմիտասի մեծութեան: Ապա ան նշեց, թէ ժողովրդական երգերը որքան դիպուկ են, եւ անոնց ընդմէջէն մեր ժողովուրդի ոգին ու նկարագիրը կ՛երեւի: Դասախօսը մատնանշեց նաեւ, որ օտարներ աւելի կը գնահատեն հայ ժողովուրդի երգի գոհարները, յատկապէս Կոմիտասը, քան մենք: Զաքար Քէշիշեան նշեց, որ յառաջիկայ տարի Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակն է, եւ յոյս յայտնեց, որ ասիկա պատեհ առիթ նկատուի, որ նորահաս սերունդը վերադառնայ իր ազգային արմատներուն եւ երաժշտական արմատը կարեւոր եւ ուժեղ արմատներէն մէկն է հայ ազգին: