News & Events

ԼՕԽ-ի

ԼՕԽ-ի "Աղթամար" մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած "Քարաօքէ" երեկոն տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Ազատիկ Տաղլեանի։

Ձեռնարկի Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Լոռի Կէօքճեան։

Ներկաները, յանձնախումբի ընկերուհիներու ճարտար ձեռքերով պատրաստուած ճոխ սեղաններու շուրջ, իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները մոռնալով, անցուցին ուրախ ժամեր, վառ պահելով հայ երգն ու երաժշտութիւնը։

Երեկոն ճոխացուցին սեղանապետներ` Նայիրա ԱշըքեաՆ եւ Գարոլ Քէնտիրճեան։

Սրահէն ներս հնչեցին ժողովրդական եւ աշուղական երգեր։

Ընկերուհիներու խանդավառութիւնը հասաւ մինչեւ շուրջպարերու։

Աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, որմէ բախտաւորուեցան մեծ թիւով ներկաներ։

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases