ԼՕԽ-ի "Նայիրի" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի, "Աղբալեան" Համալիրի "Հուրի Պապիկեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Թալին Ուրիշեանի։
Օրուան պատգամը փոխանցեց ճիւնիի "Սուրբ Յարութիւն" եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տէր Սարգիս Աւագ քահանայ Սարգիսեան, որ ներկայացուց Մեծ Պահոց շրջանի նպատակը, ապա օրհնեց ձեռնարկի ճաշը։
Տեղի ունեցան հարցում-պատասխան խաղեր, որոնք կապ ունէին Մեծ Պահոց շրջանին, եւ վիճակահանութիւն։ Ներկաները խանդավառուած կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ :