News & Events

ԼՕԽ-ի

ԼՕԽ-ի "Սեւան" մասնաճիւղի վարչութիւնը Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ին կազմակերպեց նախաճաշ մը Ճիւնիի ՀՄԸՄ-ի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ -ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Մարալ Երէցեանի եւ շուրջ 80 ընկերուհկներու եւ համակիրներու։ 

Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Սիլվա Խաչերեան 2 լեզուներով կատարեց ձեռնարկի Բացման խօսքը,բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վարչական ընկերուհիներուն, որոնք մասնակից եղած էին ձեռնարկի ծախսերուն։ Ապա հրաւիրեց Տէր Խաչիկ Աւագ Քհն. Միսիրեանը։ Քահանայ հայրը օրհնեց սեղանները եւ փոխանցեց օրուան պատգամը։

Վարչութեան ատենապետուհին յուշանուէրներով պատուեց քահանայ հայրը, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, նաեւ ընկհ. Լենա ճիւլֆայեանը, որ ստանձնած էր ձեռնարկի ճաշերուն պատրաստութիւնն ու ծախսերը։

Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։ Վիճակաձգութենէն ետք ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան։

 
 

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases