ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի «Գարնանային ձեռնարկը» տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Մարտի 2022-ին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սարին Յարութիւնեանի:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան, ըսելով .- «Անցեալին մեր մասնաճիւղը կը կազմակերպէր «Պահքի պազար», ուր մեր ընկերուհիները կը մասնակցէին բերելով իրենց պատրաստած պահքի ուտեստները եւ կը գնէին ուրիշներու պատրաստածները: Անցան այդ օրերը ընկերուհիներ, բայց դարձեալ մեր վարչութիւնը փափաքեցաւ, որ իրարու հետ ըլլանք, այս սեղաններուն շուրջ եւ յիշենք մեր աւանդութիւնները:Դարձեալ բարի եկած էք եւ բարի վայելում ձեզի:»
Ընկհ. Մէյրի Արեւեան հրաւիրուած էր խօսելու կանանց իրաւունքներու մասին: Ան,երկար տարիներ եղած է դասախօս AUB school of nursing-ի մէջ: Կատարած է մեր գաղութի եւ nursing-ի մասին ուսումնասիրութիւններ: Բոլոր ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցած է միջազգային առողջապահական համագումարներու:
Ընկհ. Մէյրի Արեւեան շնորհաւորելով ներկաները իրենց տօնին կապակցութեամբ, բացատրեց տօնին նպատակը, որն է վերջ տալ խտրականութեան, ստեղծել աշխարհ մը հաւասարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան: Ապա ըրաւ պատմականը հասնելով մինչեւ 1977 թուականը, ուր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը պաշտօնապէս ընդունած է կանանց եւ այրերու հաւասարութիւնը, քաջ գիտնալով, որ կիներու ներդրումը կարեւոր է երկրի մը զարգացման:
Հրամցուեցան պահքի համադամ ճաշեր: Կատարուեցաւ վիճակահանութիւն: Ուրախ մթնոլորտէն քաջալերուած եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: