News & Events

ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի մտերմիկ հաւաք

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան, Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք, ներկայութեամբ ՀՅԴ «Է.Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկ. Րաֆֆի Տէմիրճեանի, ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի եւ Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ` Տէր Միքայել Քհնյ. Տէմիրճեանի։

«Տէրունական աղօթք»-էն ետք, Քահանայ հայրը մաղթեց, որ Լէյլաւանի մէջ հաւաքական մթնոլորտն ու ոգին կը պահպանուի։

ԼՕխ-ի «Հրիփսիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի փոխ ատենապետ ընկհ. Մարիէթ Անթունեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։

Իր կարգին խօսք առաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ մեծապէս գնահատեց ԼՕԽ-ի շրջանի մասնաճիւղի աշխատանքը, եւ հաստատեց, որ դարձած է շրջանի աշխոյժ կառոյցներէն մէկը։ Տէմիրճեան ըսաւ, որ մեծ հպարտութիւն է տեսնել ԼՕԽ-ի ծառայողական աշխատանքը, որ հիմնուած է «ժողովուրդէն ժողովուրդին» նշանաբանով։
Օրուան մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Րաֆֆի Կէօվօղլեան։

Հաւաքին մասնակիցները աւելի քան երկու ժամերու ընթացքին, անջատուելով առօրեայի մտահոգութիւններէն, անցուցին հաճելի եւ ուրախ պահեր։ Այս առիթով նաեւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւններ։

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases