News & Events

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբի Առցանց Դասախօսութիւններ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց երկու առցանց դասախօսութիւններ` 8 եւ 18 փետրուար 2022-ին: Առաջինը նուիրուած էր Կիներու միջազգային օրուան, դասախօսն էր Արշօ Պալեան` նիւթ ունենալով «Քաղաքականացած հայ կինը»: Ան իր խօսքը սկսաւ` շեշտելով, որ կինը օրական դրութեամբ պէտք է արժեւորել եւ կարեւորել, որովհետեւ ան օրական դրութեամբ նուաճումներ կը կատարէ, ուստի կարիք չկայ սպասելու տօնի, որպէսզի փորձենք արժեւորել կինը եւ լուսարձակի տակ բերենք անոր ներդրումն ու դերը: Արշօ Պալեան շեշտեց, որ կինը ամէնուր է եւ ամէն վայրկեան ընելիք ունի, հաւասար է տղամարդուն ոչ միայն իրաւունքներուն իմաստով, այլ նաեւ` պարտաւորութիւններով:

Ան դիտել տուաւ, որ կինը պէտք է զբաղեցնէ նաեւ պատասխանատու պաշտօններ, որպէսզի կարենայ մաս կազմել հարցեր լուծելու, աշխատանք կազմակերպելու եւ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու նպատակով տրուած որոշումներուն: «Ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուելու կնոջ պատկերը պարզ պէտք է ըլլայ մեր բոլորին համար: Իւրաքանչիւր կնոջ իրաւունքն է զարգացնել իր կարողութիւնները, կերտել իր նկարագիրը, շահիլ փորձառութիւն, ապահովել վստահութիւն եւ ինքզինք պատկերացնել պատասխանատու դիրքի վրայ, որովհետեւ անիկա իր իրաւունքն է, որովհետեւ արդարութիւնը այս է: Պէտք չէ առիթ տալ կամ արտօնել, որ կնոջ դերակատարութիւնը ըլլայ սահմանափակ եւ առաջնորդուի կարծրատիպ դարձած յղացքներով: Այս բոլորը, սակայն, ոսկեայ ափսէի վրայ չեն մատուցուիր, այլ աշխատանքով կը ստացուին եւ պատասխանատու պաշտօններու արժանի դառնալով կ’իրականացուին», յայտնեց դասախօսը:

Ըստ Արշօ Պալեանի, յաջողած կինը գաղափարներ կը քննարկէ, լուծումներ առաջ կը քաշէ, խոհեմ է եւ համբերութեամբ կրնայ հասնիլ այն նպատակներուն, որոնց կը ձգտի. ուստի ան հիմնական նկատեց, որ կնոջ վերաբերող ամէն տեսակ կարծրատիպ մերժելի պէտք է ըլլայ, որովհետեւ իրականութիւնը հակառակը կը փաստէ:

Անդրադառնալով վերջին տարիներուն լիբանանեան իրականութեան մէջ տիրող տագնապալի վիճակին` դասախօսը յայտնեց, որ կնոջ դերակատարութիւնը այս փուլին տոկալ է: Իր անկոտրում կամքով` դիմադրել դժուարութիւններուն, տագնապի աւարտելուն մասին յոյս ներշնչել, կենարար հոգւով համակել իր ընտանիքին կեանքը, ասպարէզը եւ իր գտնուած իւրաքանչիւր վայրը: Ան շեշտեց, որ կինը չի կրնար ընկրկիլ կամ յանձնուիլ, այլ կենսատու իր բնոյթով կը պայքարի մինչեւ իր վերջին շունչը` ամէնուրեք զետեղելով իր զօրութեան դրոշմը:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Ա. Պալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, որ այս առիթը ընծայեց` իր մտածումներն ու մտորումները բաժնեկցելու շրջանի ընկերուհիներուն հետ, որոնք տարիներ շարունակ համակ նուիրում ու ծառայութիւն եղած են մեր ժողովուրդին:

Երկրորդ առցանց դասախօսութեան դասախօս Սարգիս աբղ. Աբրահամեանին նիւթն էր Ս. եւ անմահ պատարագի ատեն օգտագործուած սպասներն ու պատարագիչի զգեստը:

Օրուան դասախօս հայր սուրբը նախ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Պատարագ, կը նշանակէ զոհ, ընծայ կամ նուէր` շեշտելով, որ բոլոր պարագաներուն ամբողջացումը, լրումն ու կատարելագործումը իրագործուած է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ինքնաընծայումով: Ան մէջբերում մը ըրաւ Ս. Յովհան Մանդակունի հայրապետէն. «Մենք ճշմարիտ հաւատքով Քրիստոսն է, որ կ՛ընդունինք Ս. Սեղանին վրայ, Անոր է, որ կը մօտենանք, կը ճաշակենք եւ կը դառնանք մարմինը, անդամներն ու որդիները Աստուծոյ»:

Ապա դասախօս հայր սուրբը ներկայացուց պատարագի ժամանակ օգտագործուած զգեստն ու սպասները` միեւնոյն ատեն ցուցադրելով նկարները տեսախցիկին վրայ, արտասանելով իրերը կրելու ժամանակ կատարուած աղօթքները:

Ան յայտնեց, որ սաղաւարտը` քահանայից դասուն, Ս. պատարագի ընթացքին օգտագործուած թագն է: Սաղաւարտը դնելու ժամանակ արտասանուած աղօթքն է «Տէ՛ր, փրկութեան սաղաւարտը դիր իմ գլխուս, որպէսզի կարենամ թշնամիին զօրութեան դէմ պատերազմիլ, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը»: Ապա ներկայացուց շապիկը, որ եկեղեցական բոլոր աստիճաններուն մէջ կը տեսնենք: Փորուրար, որ վիզէն կախուող կտորն է, զոր եկեղեցականը կը կրէ պատարագի զգեստին տակ կամ թաղման ատեն, եւ որ կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի քաղցր լուծը: Գօտի, անոր օգտագործումը մեղքերը կապելու եւ արձակելու իշխանութեան հետ առնչուած է: Բազման` պատարագիչ քահանային երկու թեւերուն` դաստակէն մինչեւ արմուկ կրած կտորն է, որ կը խորհրդանշէ հոգեւոր այն վահանը, որ պիտի պաշտպանէ քահանան Ս. պատարագի մատուցման ընթացքին` չարին յարձակումէն: Շարունակեց` թուելով վակաս, շուրջառ, ղենջակ, հողաթափ, եմիփորոն, արտախուրակներ, խոյր ու կոնքեռ եւ իւրաքանչիւրին նկարները ցուցադրելով տուաւ բացատրութիւններ:

Ապա ներկայացուց Ս. պատարագին ընթացքին օգտագործուած իրերը` տալով անունները, ցուցադրելով նկարները եւ բացատրելով իւրաքանչիւրին գործածութեան եղանակներն ու ունեցած դերը: Օրինակ` մոմակալ, քշոց, բուրվառ, մաղցմահ եւ սկիհ, ձեռաց խաչ. քարոզի պահուն անխտիր պատարագիչ քահանան իր ձեռքին կ՛ունենայ ձեռաց խաչը, որովհետեւ այդ պահուն ինքը չէ, որ կը պատարագէ, այլ` Քրիստոս: Սարգիս աբղ. Աբրահամեան ներկայացուց միւռոնաթափ աղաւնի սպասը` բացատրելով, որ անոր մէջ կը զետեղուի սրբալոյս միւռոնը, եւ անիկա կը խորհրդանշէ Ս. Հոգւոյն օծութիւնն ու շնորհները:

Իրապէս շինիչ ու ուսանելի դասախօսութիւն մըն էր` ծանօթանալու մեր պատարագին ժամանակ օգտագործուած իրերուն եւ պատարագիչին կրած զգեստին:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases