News & Events

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Յարաբերական Յանձնախումբ. Տարեկան Ճաշկերոյթի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ը լիբանանահայ գաղութի պատմութեան թէ՛ դժնդակ եւ թէ՛ լաւ օրերուն միշտ պատնէշի վրայ եղած է ու իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործած` հասնելով լիբանանահայութեան ծով կարիքներուն: Սակայն այս առաքելութիւնը թերաւարտ ու կիսատ պիտի մնար, երբ իրեն նեցուկ կանգնող բարերարներն ու ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող մարդիկ իրենց անմնացորդ լուման չզետեղէին ԼՕԽ-ի մարդասիրական գանձանակին մէջ: Այս առումով ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը, հաւատարիմ իր տարիներու աւանդութեան, դարձեալ կազմակերպեց տարեկան ճաշկերոյթ, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Հիլթըն» պանդոկի «Լա պուրսպոլրում» սրահին մէջ: Սոյն ձեռնարկին ընդառաջեցին ԼՕԽ-ի գործին հաւատացող 265 բարերարներ, բարեկամներ եւ խաչուհիներ: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի կինը` Նարինէ Աթաբէկեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հայոց լեզուով բացման խօսքով հանդէս եկաւ յարաբերական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Սամուէլեան: Ան նշեց, որ Կիներու միջազգային օրուան զուգադիպող այս հանդիպումը տարեկան աւանդութեան վերածուած է, եւ մեծ թիւով բարեկամուհիներ, հաւատալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ աշխատանքին, կ՛ընդառաջեն ու կը զօրակցին բարեսիրական այս ձեռնարկին: Յասմիկ Սամուէլեան մատնանշեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապն ու լիբանանահայութեան ընկերային, տնտեսական ու կրթական դժուարութիւնները, եւ ըսաւ, որ դժբախտաբար հակառակ կատարուող աշխատանքներուն, կը բազմանան կարիքները: Սակայն ԼՕԽ-ը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, կը շարունակէ օգտակար դառնալ հայ աշակերտին, կարիքաւորին, հիւանդին եւ ծերունիին: Ան յայտնեց, որ ներկաներուն մասնակցութիւնը մեծ քաջալերանք է իրենց աշխատանքին ու հաւաքական ճիգին եւ բարեգործութեան դրսեւորումն է հայ մարդուն եւ ազնիւ կեցուածք մըն է: Յասմիկ Սամուէլեան յարաբերական յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք ճիգ չխնայեցին եւ սատարեցին այս ձեռնարկին յաջողութեան:

Ապա արաբերէնով դարձեալ յարաբերական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Քարոլ Թերզեան: Ան նշեց, որ այս ձեռնարկին նպատակն է աջակցիլ ԼՕԽ-ի առաքելութեան: Իր հիմնադրութեան օրէն ԼՕԽ-ը է ու կը մնայ օրինակը ծառայութեան եւ մարդկային արժէքներուն` հասնելով բոլոր կարիքաւորներուն, ուր որ ալ ըլլան անոնք, առանց սեռի ու համայնքի խտրութեան: Քարոլ Թերզեան ներկաներուն բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը նեցուկ նկատեց միութեան` աւելի լայն ծաւալով աշխատանքներ ծաւալելու համար:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրով Յովիկ Գարախանեան ջութակով ներկայացուց հայկական եւ օտար զանազան երգեր եւ պարուրեց ներկաներուն հոգիները, իսկ Ցոլեր Քարճիքեան հայկական հեզաճկուն մենապար մը ներկայացուց:

Այնուհետեւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` ԼՕԽ-ի մարդասիրական եւ կրթական առաքելութեան ի նպաստ, եւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբի տարեկան այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Ներկաները գոհունակ սրտով մեկնեցան սրահէն:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases