News & Events

ԼՕԽ. Դասախօսութիւն` Բռնածաղրի Եւ Անոր Հետեւանքներուն Մասին

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 15 մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բռնածաղր» (Bullying) նիւթով դասախօսութիւնը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք յանձնախումբի ատենապետ  Զարմիկ Յովսէփեան արտասանեց բացման խօսքը,  շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին համար, ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը` Սիլվա Սողոմոնեան, ներկայացնելու «Բռնածաղր» (Bullying) նիւթով դասախօսութիւնը:

Ս. Սողոմոնեան յայտնեց, որ բռնածաղրը այն կեցուածքն է, որով հետեւողական կրկնութեամբ բռնութիւն կը կիրարկուի խնդրոյ առարկայ անձի մը վրայ, ընդհանրապէս կը պատահի պատանիներուն, երբ անոնք արագ կազմաւորման մէջ են, զգացական վերիվայրումներ կ՛ունենան եւ թիրախ կը դառնան բռնածաղրի: Դասախօսը ներկայացուց  6 տեսակ բռնածաղրեր (ֆիզիքական, բերանացի, յարաբերական (click forming), համակարգչային (cyber bullying), ամուսնական կեանքի (սեռային) եւ նախապաշարուած):

Ան աւելցուց, որ ներկայ օրերուն բռնածաղրի շեշտուած երեւոյթ կայ. «Քորոնա»-ի համաճարակէն ետք հոգեբաններ հաստատած են, որ անհատներու տրամադրութիւնները, նեղութիւնները եւ անձկութիւնները աւելցած են ու սկսած են ուղղել ուրիշներու դէմ (Projection):

Բռնածաղրի հետքերը երկարատեւ են, անձը կ՛ունենայ ցած ինքնահամարում (low self esteem), գերճնշուածութիւն (depression), ապա կրնայ դիմել անձնասպանութեան:

Ան եզրակացնելով` ըսաւ, թէ շատ կարեւոր է միջամտել, երբ տեսնենք բռնածաղրի ենթարկուող պարագաներ. նախ դադրեցնել բռնածաղրը, ապա` փորձել զոհը հեռու պահել եւ անոր կողքին ըլլալ:

Դասախօսութեան աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն բոլոր հարցումներուն:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases