News & Events

Լ.Օ.Խ.ի 59-րդ Պատգամաւորական Ժողովը

Լ.Օ.Խ.ի 59-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ երկու օրերու ընթացքին, Ուրբաթ 6 Յուլիս եւ Շաբաթ 7 Յուլիս 2018-ին, ,Արաքսի Պուլղուրճեանե ընկերաբժշկական կեդրոնի ,Թնճուկեանե սրահին մէջ, քննարկումի առարկայ դարձնելով ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը եւ առաջարկներ ներկայացնելով նորընտիր վարչութեան:


Պատգամաւորական ժողովին ներկայ գտնուեցան Լ.Օ.Խ.-ի 26 մասնաճիւղերու 75 պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկեր Յակոբ Հաւաթեան եւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութիւնը :


Ժողովին բացումը կատարեց Լ.Օ.Խ.ի ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Մարալ Մխճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ ԼՕԽի դերակատարութեան Լիբանանահայ կեանքին մէջ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան ընթացաւարտ կազմի բոլոր ընկերուհիներուն, մասնաճիւղերու թէ՛ յանձնախումբերու մէջ գործող ընկերուհիներուն եւ Լ.Օ.Խ.ի 59-րդ Պատգամաւորական ժողովը բացուած յայտարարեց։


նկատի ունենալով, որ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական գործունէութեան տեղեկագիրը նախօրօք առաքուած էր պատգամաւորներուն (ըստ 57-րդ Պատգամաւորական ժողովի որոշումին) տեղեկագրի ընթերցում տեղի չունեցաւ։ Ներկայացուեցաւ նիւթական գործունէութեան տեղեկագիրը եւ հաշուեքննիչ՝ Interaccount գրասենեակի գրաւոր զեկուցումը:


Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ լիբանանահայութիւնը յուզող առողջապահական, կրթական, քարոզչական, դաստիարակչական, կազմակերպչական, յարաբերական, տնտեսական, ընկերային եւ խնամատարական հիմնական կարիքներուն: Յատուկ քննարկման արժանացան ,Ա. Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութիւնը եւ սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները: Ներկայացուեցաւ արխիւային եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու զեկուցումները: Ներկաները յոյժ գնահատելի արժեւորեցին տարուած գործունէութիւնը:


Կիրակի, 9 Յուլիս 2006-ին տեղի ունեցաւ արխիւային, գործունէութեան եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու զեկուցումները։ Ներկաները «յոյժ գնահատելի» արժեւորեցին տարուած գործունէութիւնը, գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Ժողովի աւարտին ժողովականները բանաձեւեցին իրենց առաջարկները, որոնց գործադրումը վստահեցան ընտրելի Շրջանային վարչութեան, որմէ ետք անոնք ընտրեցին 2018-2020 երկամեակի նոր Շրջանային վարչութիւնը, որուն մաս կազմեցին`
Սիլվա Սապունճեան
Սեդա Մածունեան
Նազելի Աւագեան
Անի Պաղտիկեան
Հելէն Խայեաթ
Հիլտա Եալընղաթեան
Սեդա Չէօրեքճեան
Նելլի Խանճեան
Էլօ Զոպույեան
Ցօղիկ Հաւաթեան
Սիլվա Գազանճեան


Ժողովի աւարտին Հ.Օ.Մ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան խօսք առաւ եւ բարձր գնահատեց Շրջանային վարչութիւնը իր տարած աշխատանքներուն համար եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Շրջանային վարչութեան :


Իսկ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան գնահատեց ժողովին ստեղծած համերաշխ մթնոլորտն ու շինիչ առաջարկները։ Ան նաեւ գնահատեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն աշխատանքը եւ նորընտիր կազմին մաղթեց յաջողութիւն:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases