Լ.Օ.Խ.-ի "Կարս" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, "Ազատամարտ" ակումբի "Չուխատարեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ.Սիլվա Կիւլտալեանի։
Լ.Օ.Խ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ընկհ. Ալիս Սէքսէնեան բարի գալուստ եւ հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն:
Ընկհ. Տօրիս Գարամանուկեան կարդաց Վահան Տէրեանի "Գարուն" բանաստեղծութենէն հատուած մը եւ յիշեց, որ Մարտ ամիսը հարուստ է տօներով եւ աւանդոյթով:
Պահքի օրերուն մարդիկ կը փորձեն իմաստաւորել կեանքը մօտենալով Աստուծոյ, ծառայելով իրենց նմաներուն ուրախութիւն եւ սփոփանք բերելով: Այս օրերուն մեր կարելին կ'ընենք, որ մեր սիրելի երկիրը վերագտնէ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ վիճակախաղ: Ուրախ մթնոլորտի մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ :
Ընկերուհիները բաժնուեցան բարձր տրամադրութեամբ սպասելով յաջորդ ձեռնարկին: