News & Events

Լ.Օ.Խ.-ի Մանուկները Տօնական Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ Տօնեցին Կաղանդը

Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2019-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տօնական եռուզեռ կը տիրէր: Երաժշտութիւն, մանուկներու խայտանքի ճիչեր  պարուրած էին Կեդրոնը: Արդարեւ, ԼՕխ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի եւ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» Կազդուրման կայանի աշակերտները փութացած էին կեդրոն` ամանորեան անմոռանալի եւ ուրախ պահեր անցընելու, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը մեղուաջան եւ կազմակերպական բծախնդիր աշխատանք տարած էր, որպէսզի մանուկներուն նուիրուած այս յայտագիրը յաջողութեամբ պսակուի:

«Ծիածան» մանկական խումբը իր երգերով, պարերով ու խաղերով բերկրանքի պահեր պարգեւեց իրենց: Փոքրիկները հիւրասիրուեցան ընկերային յանձնախումբին կողմէ եւ Անշուշտ տօնին սպասուած հիւրի ժամանման անհամբեր սպասեցին մանուկները եւ իրենց բարձրաղաղակ երգերով դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը եւ շուրջպար բռնեցին անոր շուրջ:

Աւարտին  Կաղանդ պապուկին բերած նուէրները բաժնուեցան մանուկներուն: Բոլորը գոհունակ սրտով մեկնեցան սրահէն: Նշենք, որ այս նուէրները տրամադրուած էին զանազան բարերարներու կողմէ:

 

 

 

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases