Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցան Լ.Օ.Խ.-ի առաքելութեան հաւատացող հաւատաւոր անդամներ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մարդասիրական մեծ կազմակերպութեան` Լ.Օ.Խ.-ի ճամբով իրենց անմնացորդ լուման եւ ծառայութիւնը ներդրած ննջեցեալ բարերարներուն եւ անդամներուն:
Արդարեւ, հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Վիգէն վրդ. Տալգըլըճեանը: Իր քարոզին մէջ ան ըսաւ, որ անձ մը կը մեծնայ, երբ իր կեանքը կը զարդարէ եւ կը ծառայեցնէ մարդկութեան համար: Անձ մը կը մեծնայ, երբ իր շահերը մէկդի թողած` ուրիշին օգուտը կը մտածէ ու կը տագնապի զայն վերականգնելու համար: Մարդ կը մեծնայ խոնարհութեամբ, Քրիստոս այդ մէկը սորվեցուց մեզի:
Ապա հայր սուրբը խօսեցաւ ծառայութեան մասին եւ մատնանշեց, որ ծառայութիւնը մարդկային վարք ու փառք է: Ծառան տիրոջմէ մեծ չէ, այլ երկուքը հաւասար են, կ՛ըսէ Քրիստոս: Մեր ծառայական գործերն են, որոնք կը մնան ու կը յիշատակուին, մեր սիրոյ կրակն է, որ մեզ կը յաւերժացնէ, մեզ կեանքէն տանող սէրը կը կամրջէ, մեր անձերը եւ մեզ անթառամ կը պահէ: Ապա ան անդրադարձաւ Լ.Օ.Խ.-ի հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամուհիներու հոգեհանգստեան յիշատակումին եւ ըսաւ, որ անիկա կ՛ընդգրկէ իրենց անձնուրաց աշխատանքը, զոհողութիւնը եւ սէրը` իրենց նմանին նկատմամբ, այլապէս անոնք դէմքեր չէին դառնար: Անոնք դէմք դարձան իրենց գործունէութեամբ: Իրենց գործունէութիւնը լիբանանահայ համայնքի պատմութեան լուսարձակի տակ չէր առնուեր, եթէ ծառայութիւն, սէր եւ անձնազոհութիւն գոյութիւն չունենար իրենց հոգիներուն մէջ: Եթէ այս առաքինութիւնները մարդու հոգիին մէջ բացակայ են, պարզապէս հոգիի յիշատակում կը մնայ այսօրուան կատարուածը:
Վիգէն վրդ. Տալգըլըճեանը ըսաւ նաեւ, որ Լ.Օ.Խ.-ի համար վաստկած անձեր իրենց հանգիստը գտան Աստուծոյ մօտ, եւ հոգիի հանգստութիւնն է, որ կատարուեցաւ հոգեհանգիստի ճամբով: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անուանումը պատահականօրէն չէ անուանուած հիմնադիրներուն կողմէ, այլ անոնք քաջ գիտէին, որ Քրիստոսի խաչը օգնութեան միակ միջոցն էր, եւ անոնք դաւանած են Քրիստոսի խաչը` իբրեւ յաղթութեան եւ յարութեան փարոս: Խաչը միշտ ու միշտ օգնութեան կարիք ունեցողներուն համար մխիթարութիւն է. Քրիստոսէ առաջ` մահուան խորհրդանիշ, բայց Քրիստոսի արեան հեղումով եւ յարութեան յաղթանակով դարձաւ մխիթարութեան, զօրութեան եւ յոյսի սիւնը: Այս տեսլականով Լ.Օ.Խ.-ի հիմնադիրներ, բարերարներ եւ անդամուհիներ իրենց առաքելութեան սկզբնակէտը դարձուցին եւ հայ ժողովուրդին օգնութեան հասան, մինչ անոնք գաղթած էին եւ` Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած ու հասած Լիբանան: Հայր սուրբը մէջբերեց Քրիստոսի խօսքը, որ` «Ճշմարիտ եղբայրներս անոնք են, որոնք մերկը կը հագցնեն, անօթին կը կերակրեն, ծարաւը կը յագեցնեն եւ անտէր մարդոց տէր կը դառնան»: Լ.Օ.Խ.-ի հսկաները իրենց փառքը չէր, որ փնտռեցին, այլ` Աստուծոյ փառքը: Անոնք իրենց անձնական մեծութիւնը չէր, որ ստեղծեցին, այլ Քրիստոսի հետ ճշմարիտ եղբայրութիւնը եւ Աստուծոյ հետ հայր ու որդի յարաբերութիւնն է, որ կերտեցին:
Իր քարոզին աւարտին ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ իրենց հոգիները լոյս խորաններուն մէջ հանգչեցնէ, եւ մենք անոնց օրինակը տիպար ունենանք մեր դիմաց` նոյն առաքելութիւնը շարունակելու եւ աւելի պայծառակերպելու իրենց յիշատակն ու հոգին:
Հոգեհանգիստէն ետք ներկաները համախմբուեցան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան» սրահին մէջ, ուր հոգեճաշ մատուցուեցաւ: