News & Events

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. Մանուկներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը արտասովոր եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու հարիւրաւոր աշակերտներ փութացած էին սրահ` մասնակցելու Մանուկներու միջազգային օրուան տօնակատարութեան: Այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը կազմակերպած էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի անդամներ եւ հայկական վարժարաններու աշակերտներն ու ուսուցիչները:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկան Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտներ Լալէ Զէյթլեան (հայերէն) եւ Նարօտ Գարնէշեան (արաբերէն):

Լալէ Զէյթլեան նշեց, որ մարդկային ընկերութիւններն ու հաւաքականութիւնները կը հիմնուին երեխաներու առողջ դաստիարակութեան վրայ, այն գիտակցութեամբ, որ երեխաներն են մարդկութեան ապագան: Հետեւաբար մանուկներուն համար պէտք է ստեղծուին բարեկեցիկ պայմաններ` լուսաւոր ու ապահով սերունդ մը կերտելու գիտակից վերաբերումով, ազգային արժէքներու նկատմամբ բծախնդիր մօտեցումով: Այն երեխաները, որոնք իրենց մանկական երազները կ՛ուրուագծեն գունագեղ վրձինով, հետագային ստեղծագործական իրենց անդաստանին մէջ վստահաբար կը ծաղկեցնեն բարեբեր ու ազգանուէր բուրաստանը:

Ապա Լ. Զէյթլեան մէջբերեց ֆրանսացի փիլիսոփայ Ժան-Ժաք Ռուսոյի խօսքը, որ «բոլոր մարդիկ հաւասար կը ծնին, միջավայրն է, որ կը փոխէ զանոնք», եւ մատնանշեց, որ երեխան իր դաստիարակութիւնը կը ստանայ նախ իր ընտանիքին, ապա դպրոցին մէջ: Շրջապատը մեծ դեր ունի դաստիարակութեան մէջ: Ան յայտնեց, որ բոլորին ներդրումով պէտք է քայլ պահենք արդի զարգացումներուն հետ, հետամուտ ըլլանք նոր հորիզոն մը պեղելու` թէկուզ մանկական աշխարհի գունագեղ երեւակայութեամբ: Ան ըսաւ, թէ ազգի մը ապագան երեխաներն են: Այս գիտակցութենէն մեկնած` համաշխարհայնացման ու ձուլման հոսանքին դէմ պէտք է թիավարենք անխոնջ աշխատանքով եւ կառչած մնալով մեր արմատներուն: Լալէ Զէյթլեան իր խօսքին վերջին բաժինով իր կոչը միացուց աշխարհի բոլոր մանուկներուն, տարբեր մշակոյթի տարեկիցներուն, որոնք կը մաքառին կեանքի զանազան պայմաններուն մէջ ապահով մանկութեան ի խնդիր:

Նարօտ Գարնէշեան ըսաւ, թէ Աստուած մարդկութեան բազմաթիւ բարիքներ պարգեւեց, որոնց շարքին նաեւ մանուկը: Քրիստոս ըսաւ. «Ձգեցէ՛ք, որ մանուկները ինծի գան», որ կը նշանակէ, թէ մանուկները պէտք է ապրին խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուն կեանք մը: Ապա ան նշեց, որ Մանուկներու միջազգային օրը կը նշենք դժուար պայմաններու մէջ, երբ մանուկները ականատես կ՛ըլլան պատերազմներու, տանջանքի, ընտանիքի եւ իրաւունքներու կորուստի: Բայց միշտ յոյսը կայ: Ուրախ մանկութիւնը ստեղծագործ միտք կը պարգեւէ, ինչպէս նաեւ պայծառ ապագայ: Ան նշեց, որ եթէ յետադարձ ակնարկ նետենք ոճրագործներու կեանքին, կը տեսնենք, որ երբեմն անոնք գէշ մանկութիւն ունեցած են: Ասոր փոխարէն, առողջ մանկական միջավայրը կ՛առաջնորդէ արգասաբեր արհեստի: Ան կարեւորութեամբ նշեց մեր կեանքին մէջ ներկայութիւնը քաղաքացիական միութիւններուն, որոնք կը միտին արթնութիւն պարգեւել հասարակութեան` պաշտպանելով մարդկային սկզբունքները: Նարօտ Գարնէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որ յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ մանուկին, որպէսզի վերջինս բարեյաջող անձ դառնայ ապագային: Իր խօսքին վերջաւորութեան ան մէջբերեց Ժըպրան Խալիլ ժըպրանի խօսքը` «մանուկները ձերը չեն, մանուկները կեանքի զաւակներն են»: Ուրեմն պէտք է մանուկին տալ սէր, գուրգուրանք, զարգացում, որպէսզի անոնք հասնին կեանքի գագաթնակէտին, եւ պիտի տեսնէք, որ անոնք պիտի յաջողին եւ պիտի քաղեն այն ուսումը եւ մարդկային արժանիքները, զորս դուք ցանեցիք:

Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Նարեկ սրբազան հօր ներկայութեան համար, որ ցուցանիշ է մանուկներու հանդէպ անոր ունեցած սիրոյն: Ապա ան մէջբերեց Քրիստոսի խօսքը` «ձգեցէ՛ք, որ մանուկները ինծի գան», ինչ որ ցոյց կու տայ Քրիստոսի սէրը մանուկներուն հանդէպ: Ան ողջունեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը` Մանուկներու միջազգային օրուան այս ձեռնարկին կազմակերպման համար:

Դոկտ. Նուր Սալման ըսաւ, թէ ան մօտէն կը հետեւի մանուկներու կեանքին` մաղթելով, որ անոնք միշտ ուսանին, որպէսզի փայլուն ապագայ ունենան: Ապա ան հարցադրում մը կատարեց ներկաներուն, թէ արդեօք կա՞յ հայ մը, որ փողոցը կը մուրայ, կամ կա՞յ անօթի հայ մը: Հայը կ՛աշխատի իր ճակտի քրտինքով, հաւատարմութեամբ եւ կ՛ապրի ապահով ու արժանապատուութեամբ: Ան նշեց, որ ուսումը շատ կարեւոր է եւ ուրախութիւն կը պատճառէ ծնողքին ու շրջապատին: Դոկտ. Նուր Սալման մաղթեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ տիպար եւ կարգապահ ըլլայ: Իր խօսքի աւարտին գնահատեց յայտագիրին մասնակցող բոլոր աշակերտները եւ իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Մանուկներուն միջազգային օրուան առիթով:

Այնուհետեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը մատուցուեցաւ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն կողմէ` հետեւեալ կարգով. Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը ներկայացուց «Երազանք» եւ «Մանուկներն ենք հայ ազգի» խմբերգները, Թէքէեան վարժարան` ասմունք «Տղաք ու աղջիկներ», Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան` հայկական Սեւանի պար, Մխիթարեան վարժարան` խմբերգ «Գարուն Երեւան», Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան` ասմունք «Հին օրհնութիւն», «Համերգ», «Ամառային երեկոյ», Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարան` մեներգ «Հաւատքս չեմ մոռանայ», Ազգային միացեալ վարժարան` խմբերգ, պար եւ կարգախօս «Ապրիլ խաղաղ», Սրբուհի Ագնէս վարժարան` խմբային արտասանութիւն «Հայկական անուններ», «Մեր այբուբենը», Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան` խմբային արտասանութիւն «Կիրակոսը այբուբեն կը սորվի», Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան` պար «Հա նինա», Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարան` խմբային արտասանութիւն «Պապը», Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան` պար «Հու հա», Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան` պար «Լեզկինքա», Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան` ասմունք «Հայերէն», Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան` կենդանի պատկեր, պար, կարգախօսներ «Հայ մանուկներու իրաւունքը» թեմայով:

Հուսկ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս իր սրտի եւ օրհնութեան խօսքը ուղղեց: Ան իր խօսքին սկիզբը յայտնեց, որ լաւ պիտի ըլլար, որ մեծերս փոքրերու նման կարենայինք երգել, ասմունքել եւ պարել: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ԼՕԽ-ի կազմակերպած Մանուկներու միջազգային օրուան ներկայութեան համար: Հայավայել կերպով նշեցինք այս օրը, որովհետեւ հայ աշակերտները իմաստ տուին եւ իրենց կարողութիւններով այս բեմը վերածեցին հայ մանուկներու շէնշող ներկայութեան: Շնորհիւ գեղարուեստական յայտագիրին եւ փոխանցած պատգամին, այս օրը երկար ատեն պիտի յիշուի: Յաջող կ՛ըլլան այն հանդէսները, երբ հանդիսատեսը սրահէն կը բաժնուի եւ հանդէսին տպաւորութիւնը իր հետ կը տանի պատմելու ուրիշներուն եւ յիշեցնելու բոլոր բացականերուն, որ գալ տարի աւելի մեծ թիւով եւ խանդավառութեամբ մասնակցինք Մանուկներու օրուան: Սրբազանը գնահատեց մասնակից բոլոր վարժարանները: Դպրոցի շէնքը, դասագիրքը, աշակերտը չէ միայն դպրոցին մէջ: «Դպրոցը մեր կեանքին մէջ հոսող կենդանի ջուր է, խօսք է, ոգի է, ներկայութիւն է` շնորհիւ հայ աշակերտութեան: Հայ դպրոցին համար կատարուածը քիչ է. աւելի՛ն պէտք է ընենք, որպէսզի մեր կեանքին մէջ միշտ ներկայ մնայ իր ներգործող ներկայութեամբ», նշեց սրբազանը:

Ապա ան խօսեցաւ բեմէն բազմիցս հնչած խաղաղութիւն բառին եւ ըսաւ, թէ խաղաղութիւնը այն վիճակն է, երբ մարդկային ընկերութիւնը փոխադարձ հասկացողութեամբ, յարգանքով ու սիրով կը ստեղծէ այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր մենք բոլորս մեր իրաւունքներուն տէր կը դառնանք եւ խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ իրարու հետ կ՛ապրինք: Հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեանց, մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք խաղաղութեամբ, փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ ներհամայնքային ամբողջական գործակցութեամբ: Անշուշտ մենք աւելին կը պահանջենք եւ կը միանանք մեր աշակերտներու ցոյցերուն, որովհետեւ արդար են եւ մեր ձայնը կը միացնենք բոլոր մանուկներուն` իրենց պահանջներուն մէջ զօրակից դառնալով իրենց:

Նարեկ արքեպիսկոպոս իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, թէ կեանքը ընթացք մըն է եւ դուք պիտի ճշդէք այդ ընթացքը ձեր կեանքին համար: Արտաքին եւ ներքին պայմաններ այնպէս պիտի դասաւորուին, որ այդ ընթացքը ըլլայ յաղթական եւ օգտաւէտ: Ան մաղթեց, որ բոլոր աշակերտները յաջողին ո՛չ միայն դպրոցին մէջ, այլ նաեւ կեանքի մեծ եւ կարեւոր դպրոցին մէջ: Ան փափաք յայտնեց, որ այսօրուան հանդէսէն մէկ բան տանին իրենց հետ եւ փոխանցեն շրջապատին. «Կը յաջողի եւ այդ յաջողութիւնը մշտական կը դարձնէ այն մարդը, որ գիտէ իր ժամանակը ճիշդ տնօրինել»: Առաջնորդ սրբազանը խօսելով յայտագիրին ընթացքին արտայայտուած պահանջներուն մասին ըսաւ, թէ պահանջներուն մեծագոյն եւ առաջին պատասխանատուն աշակերտներն են: Մանուկներու իրաւունքը պահանջելու մէջ բնաւ պէտք չէ տկարանալ: Հայ մանուկը պարտաւոր է իր ժամանակը այնպէս մը տնտեսել, որ մեր կեանքին մէջ, մեր անձերէն վեր մեր հաւաքական մեծ ընտանիքը` մեր ազգը օգտուի մեր բոլորին կարողութիւններէն եւ շնորհներէն: Ան յայտնեց նաեւ, որ մանուկներու ժամանակին մէջ տեղ պէտք է ունենայ ընտանիքը, դպրոցը, մայր եկեղեցին, ակումբը, միութիւնները, մեր հայրենիքը: Ասոնք բոլորը կը կարօտին բոլորին մասնակցութեան եւ ներկայութեան: Պէտք է հաւասար ժամանակ եւ ուշադրութիւն տրամադրել մեր բոլոր սրբազան եւ նուիրական կառոյցներուն: Պաշտպանել հայ մանուկներու իրաւունքը, նշել Մանուկներու միջազգային օրը այս կը պատգամէ բոլորին: Ան օրհնեց աշխարհի բոլոր մանուկները եւ ի մասնաւորի հայ մանուկները, որպէսզի կարենան աճիլ հայ քրիստոնէական հաւատքով, հայեցի ինքնութեամբ ու պատկանելիութեամբ եւ շարունակեն մեր հայկական յաղթական ընթացքը աշխարհի բոլոր ճամբաներուն վրայ:

Նարեկ արքեպիսկոպոսի պահպանիչ աղօթքով վերջ գտաւ Մանուկներու միջազգային օրը:

Աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ յուշանուէր` գլխարկ մը ստացաւ եւ Մանուկներու օրուան պատգամով լիցքաւորուած վերադարձաւ իր վարժարանը:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases