News & Events

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան. Տարեցներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

14 Դեկտեմբեր 1990-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 1 Հոկտեմբերը հռչակուեցաւ Տարեցներու միջազգային օր: Այս օրուան նշումին նպատակն է տարեց մարդիկը արժեւորել` կեանքի զոհողութեամբ ընտանիք կազմած եւ սերունդներ դաստիարակած իրենց նուիրական առաքելութեան համար: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ ընկերութեան մէջ իրենց ունեցած անկիւնադարձային դերը եւ ներդրումը: Պատմութիւնը վկայ է, որ փորձառու եւ իմաստուն տարեցներու վստահուած են մարդկային ընկերութեան առաջնորդողի դերերը: 2014 թուականին Արամ Ա. կաթողիկոս «Տարեցներու տարուան» իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց տարեցներու հոգածութիւնը. «Իւրաքանչիւր ընտանիքի առաջնահերթ ու նուիրական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ իր տարեց անդամներուն նկատմամբ անհրաժեշտ հոգածութիւն ցուցաբերել բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ»: Այս առումով, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութիւնը իր մարդասիրական, ընկերային, առողջապահական ծառայութիւններուն զուգահեռ Տարեցներու միջազգային օրուան յատուկ հանդիսութեամբ արժանի յարգանք ընծայեց լիբանանահայ գաղութին մէջ ապրող տարեցներուն:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Այս ձեռնարկին իրենց ներկայութեամբ պատուեցին գաղութի հոգեւոր եւ ազգային պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ: Սրահին մէջ հաւաքուած էին շուրջ 300 տարեցներ` ըմբոշխնելու այս եզակի հանդիսութիւնը:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Հայաստանի եւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան: Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեանը` միութեան խօսքը ուղղելու: Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որոշուած Տարեցներու միջազգային օրը յատուկ է` արժանավայել կերպով գնահատելու համար անոնց կատարած աշխատանքը, ձեռք բերուած փորձառութիւնները եւ դիզուած գիտելիքները փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն: Այս գնահատանքը եւ դաստիարակութիւնը կը բխի մեր քրիստոնէական ծառայութենէն, եւ ԼՕԽ-ը առաջնահերթ կը դասէ, որ այս գիտակցութիւնը արմատանայ մեր զաւակներու գիտակցութեան մէջ:

Սիլվա Սապունճեան յայտնեց, որ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով յատուկ հանդիսութեամբ կը նշէ այս օրը Լիբանանի մէջ: Ապա ան թուեց Լ.Օ.Խ.-ի հոգածութիւնը տարեցներուն հանդէպ, ինչպէս` շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ հարիւրաւոր տարեցներու ճաշի մատակարարումը «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցին ճամբով, բժշկական խնամք եւ հոգածութիւն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Ան գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր խաչուհիներուն` ըլլան անոնք պատասխանատու կամ պարզ անդամ, իրենց անսակարկ ջանքերուն եւ անշահախնդիր ծառայութեան համար: Իր խօսքին վերջին բաժինով ան կոչ ուղղեց առաջնահերթ պարտականութիւն սեպելու տարեցներու բարօրութիւնը` նիւթապէս սատարելով ընկերաբժշկական եւ ծերանոցներու գործունէութեանց: Սիլվա Սապունճեան առողջութեան եւ արեւշատութեան բարեմաղթանքներ կատարեց մամիկներուն եւ պապիկներուն:

Գեղարուեստական յայտագիրով Շաքէ Պաղտասարեան սիրային, ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերով խանդավառեց ներկաները` երգեհոնի նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Տարեցներէն շատեր իրենց պարերով գոհունակութիւն յայտնեցին: Յայտագիրին մէջ անակնկալ եւ հետաքրքրական էր Այնճարէն եկած մուսալեռցի «Թուճար պապուկ»-ին (Սարգիս Այնթապլեան) ինքնաբուխ «Մանուշակ» երգի պատմութեան ներկայացումն ու կատարումը:

Այս իւրայատուկ առիթով խօսք առաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան առանձնայատուկ կերպով շեշտեց տարեցներու դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ` ընդգծելով, որ առանց անոնց զոհողութեան եւ աշխատանքին կարելի չէ հասնիլ որեւէ տեղ եւ շատ բան կը պարտինք իրենց: Յ. Բագրատունի նշեց, որ ժողովուրդի զաւակ` ԼՕԽ-ի ստեղծած այս առիթը` միասին ըլլալու, շնորհակալութեան արտայայտութիւն է բոլորին անունով տարեցներուն հանդէպ: Իր խօսքը ուղղելով տարեցներուն Բագրատունի ըսաւ, որ «ձեր ներկայութիւնը, ձեռքը օրհնութիւն եւ խաչ է բոլորին համար եւ այդ խաչին հաւատքով եւ օրհնութեամբ կը շարունակենք գործել: Դուք սքանչելի գործ կատարած էք, բայց ձեր գործը չէ աւարտած դեռ: Երբ տարիքը առած էք, չի նշանակեր, որ ձեր գործը վերջացած է: Ամէն մարդ իր տարիքին համապատասխան գործ ունի կատարելիք: Ձեր պարտականութիւնը ոչ թէ աւարտած է, այլ իբրեւ ընտանիքի նահապետներ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը այսօր բազմապատկուած պարտականութիւն ունի ձեր զաւակներուն, հարսերուն, թոռնիկներուն նկատմամբ` փոխանցելով իրենց ձեր կեանքի փորձառութենէն, բացատրելով ճիշդը սխալէն, գիշեր ու ցերեկ ձեր աչքի լոյսէն տուած էք, որ այբուբենը սորվին, աշխատած էք ու տքնած, որպէսզի իրենք տիպար ու քաղաքավար անձեր ըլլան: Նաեւ պէտք է բացատրէք իրենց, թէ ինչպէ՛ս դուք ձեր հայրերուն ու մայրերուն հոգ տարած էք, իրենց օրհնութեամբ եւ յիշատակներով ապրած, որպէսզի իրենք ալ սորվին իրենց հայրերն ու մայրերը պատուել: Դուք ընելիք ունիք, եւ մենք դեռ շատ բան սորվելիք ունինք ձեզմէ: Դուք պատմելիք ունիք ձեր զաւակներուն, թէ ի՛նչ տառապանք ապրած էք Ցեղասպանութենէն ետք: Պիտի պատմէք ձեր հայկական ծննդավայրերուն մասին, որոնք այսօր սկսած են մոռնալ մեր զաւակները` մղուելով կեանքի այլ հաճոյքներու ետեւէն: Դուք ալ երիտասարդներ եղած էք, բայց ուզած էք ձեր հայրերուն եւ մայրերուն օրինակով ապրիլ»: Երեսփոխան Բագրատունի յուզումով յիշեց իր մանկութիւնը, որովհետեւ իր մեծ հայրը Տիգրանակերտի մէջ ջարդի զոհ գացած է, եւ ինք զրկուած է մեծ հօր գուգուրանքէն: Այսօր ձեր թոռնիկները պէտք է ուրախ ըլլան, որ մեծ հայր ու մեծ հայր ունին: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես այս ներկայութեան եւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան` նշելով, որ ԼՕԽ-ը զաւակի լաւագոյն զգացումով կը փոխադարձէ այն, ինչ որ տասնամեակներ մեզմէ առաջ եկողները տուին: Ան յայտնեց, որ տարեցներու աղօթքը եւ օրհնութիւնը մղիչ ուժ է, որ աւելի կարենանք դիմանալ, յոգնիլ, հայը հայ դպրոցին մէջ պահել, հայ ընտանիք պահել, մեր երեխաներուն անունները հայկական անունով մկրտել, որպէսզի կարենանք ըսել, որ մեզմէ առաջուանները նահատակուեցան, բայց մենք կ՛ապրինք:

Հուսկ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ԼՕԽ-ականներուն` այս հանդիպման կազմակերպման համար: «Իբրեւ ազգային եւ հոգեւոր ղեկավարութիւն ձեր տուները պէտք է այցելենք, բայց ժամանակի նեղ սահմանները եւ պարտաւորութիւնները չեն արտօներ մեզի ատիկա կատարելու: Այս առիթը պատահական չէ առաջնորդարանի յարկին տակ, որովհետեւ Ազգային առաջնորդարանը ժողովուրդին հարազատ տունն է», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը: Ան ինքզինք նկատեց բոլորին զաւակը: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ ինք շատ բան կը պարտի իր մեծ հօր եւ մեծ մօր, որոնք իր հոգեւորական դառնալու գլխաւոր դերակատարը դարձած են: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ պապիկներուն եւ մամիկներուն` իրենց ունեցած մեծ դերին համար, մաղթելով, որ իրենց կեանքի օրինակը մնայ կենդանի ներշնչարան բոլորին համար:

Նարեկ սրբազան յայտնեց, որ պէտք է շարունակ աղօթել մեր ազգի բոլոր զաւակներուն համար, որովհետեւ աղօթքը այն ուժը եւ միջոցն է, որ մեզ ո՛չ միայն Աստուծոյ հետ, այլ նաեւ իրարու հետ կը կապէ: Մենք աղօթքով կը զօրանանք եւ կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը ներկաներուն առողջութիւն մաղթեց, որպէսզի ինչ որ ցանկան` կարենան ընել:

Իր խօսքի աւարտին Նարեկ սրբազան գնահատեց ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը:

Յայտագիրի աւարտին Տարեցներու օրուան առիթով տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ յուշանուէրներ բաժնուեցան ներկաներուն:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases