Հինգշաբթի, 27 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհիին, այցելութիւն մը տուաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հայցելու իր օրհնութիւնը։
Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացուց վարչութեան ծրագիրները, անդրադարձաւ հայ կարիքաւոր մանուկներու եւ ընտանիքներու օգնութեան եւ «ԱՊԸԲ» կեդրոնի գործունէութեան։
Արծարծուեցան լիբանանահայ գաղութի ընկերային եւ տնտեսական կեանքը յուզող առկայ վիճակին բարելաւման միջոցները։
Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի մարդասիրական ու նուիրեալ աշխատանքը, կատարեց յոյժ օգտաշատ թելադրանքներ, տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան։
ԼՕԽի
Շրջանային Վարչութիւն