Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) համահայկական 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 7-11 հոկտեմբեր 2019-ին, Մոնրէալի մէջ, Քանատա` մասնակցութեամբ 21 երկիրներէ ժամանած 47 պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին եւ 140 ունկնդիր ընկերուհիներու:
Ժողովի մեկնարկի նախօրեակին, կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ ժողովավարական կանոններու աշխատանիստ Ս. Յակոբ վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ, ուր Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց նիւթը:
Երեկոյեան, «Լը Շաթօ Ռուայալ» սրահին մէջ աւելի քան 400 ներկաներու մասնակցութեամբ կայացաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ներկայ էին Քանատայի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, Քանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, խորհրդարանի անդամ Մելանի Ժոլի, Եւրոպական խորհուրդի նախկին անդամ տոքթ. Էլենի Թէոխարուս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ այլ հիւրեր: Ողջոյնի եւ քաջալերական խօսքեր արտասանուեցան:
Երկուշաբթի առաւօտեան ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Անի Օհանեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ մաղթեց, որ «նոր ծրագիրներու եւ իրողութիւններու դէմ յանդիման ըլլանք յստակատես եւ վճռական»: Ապա Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի Շրջանային վարչութեան եւ տեղական մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, որոնք ջերմօրէն հիւրընկալեցին ՀՕՄ-ականները, եւ հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը նախորդ քառամեակին մեզմէ առյաւէտ հեռացած ընկեր-ընկերուհիներուն: Շմաւոնեան, Կեդրոնական վարչութեան անունով, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միաւորներուն, որոնք չորս տարիներու ընթացքին ջանք չեն խնայած ՀՕՄ-ի առաքելութեան իրագործման համար. առ այն` 12 միլիոն տոլարի ներդրումով եւ ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորներու մասնակցութեամբ իրականացուցած են բազմաթիւ բարեսիրական, կրթական, առողջապահական եւ այլ նպատակներու ուղղուած ծրագիրներ:
Ժողովի բացման հանդիսութեան ներկայ էր Տաթեւ աւագ քհնյ. Միքայէլեան, որ սրբազան հօր ողջոյնի խօսքը ուղղեց: Յաջորդաբար, խօսքեր առին Եւրոպական խորհուրդի նախկին անդամ տոքթ. Էլենի Թէոխարուս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Մոսիկ Թոփուզեան, որոնք իրենց քաջալերական խօսքերը ուղղեցին ժողովականներուն եւ մաղթեցին, որ ժողովը ընթանայ հեզասահ եւ հասնի շինիչ եզրակացութիւններու: Կարդացուեցան նաեւ ժողովին ուղղուած նամակներ` Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ:
Ժողովին կողմէ ընտրուած` իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբին կողմէ պատգամաւորներու լիազօրագիրներու ստուգումէն եւ վաւերացումէն ետք, ժողովի օրինականութիւնը հաստատուեցաւ եւ ընտրուեցաւ ժողովի մնայուն դիւանը. ատենապետներ` Աննա Պուլկարեան (հայերէնի) ու Թալին Մկրտիչեան (անգլերէնի), իսկ քարտուղարներ` Մարալ Թուլումեան ու Հելլեն Խայաթ (հայերէնի), եւ Նայիրի Շահինեան ու Նորա Գրիգորեան (անգլերէնի):
Պատգամաւորական ժողովի օրակարգի վաւերացումէն ետք, ժողովը ընտրեց իր ընտրողական, բանաձեւի, արխիւային եւ նախահաշիւի յանձնախումբերը: Ապա, Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացուց իր հիւրերը` Յասմիկ Տէրտէրեան եւ տոքթ. Արփի Պալեան: Ապա ժողովը ընտրեց Վիքի Մարաշլեանը, Մարալ Մխճեանը, Մարօ Ֆրունճեանը, Լիզա Ժիլիպերը, Փոլին Տոսթումեանը եւ Ժօժօ Պետրոսեանը` խորհրդակցական ձայնով մասնակցելու ժողովին:
Ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացուց իր քառամեայ տեղեկագիրը, որուն կից ներկայացուեցաւ նաեւ ՀՕՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան քարտէսը վարիչ տնօրէն Վերժինի Թուլումեանի կողմէ. ապա` ՀՕՄ-ի Ախուրեանի մօր ու մանկան առողջապահական կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Սեւակ Աւագեան ներկայացուց հիւանդանոցի աշխատանքները, ապագայ գործունէութեան մարտահրաւէրները եւ նոր սարքաւորումներ ձեռք բերելու պահանջները: Նիւթի կարեւորութենէն խանդավառուած` եղաւ սրտաբուխ 10.000 տոլարի նուիրատուութիւն Շաքէ եւ Նորա Կէօնճեաններուն կողմէ եւ 1000 տոլարի նուիրատուութիւն` Սեդա Կէօվրեքեանի կողմէ:
Այնուհետեւ` ժողովականները, բաժնուելով չորս խմբակներու, խորհրդակցեցան եւ արծարծեցին կրթական, առողջապահական, պատանեկան եւ կազմակերպչական ծրագիրներ: Յաջորդող օրերուն պատգամաւորները քննարկեցին անցնող քառամեակին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր գործունէութիւնը, գնահատեցին կատարուած իրագործումները եւ վաւերացուցին ծրագիրներ յառաջիկայ քառամեակին համար: Կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ բարեսիրական ծրագիրներու կողքին, ժողովը կեդրոնացաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հայրենակիցներուն զօրակցութեան, հայ զինուորի օժանդակութեան, Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու յատուկ հարցերուն, Միջին Արեւելքի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ գաղութներու անմիջական կարիքներուն վրայ` որդեգրելով համապատասխան բանաձեւումներ եւ ծրագիրներ:
Ժողովին ընթացքին, ՀՕՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի պատգամաւորները ներկայացուցին Արժանթինի մէջ գործող ՀՕՄ-ի «Պոտուրեան» հանգստեան տան երկրի տնտեսական իրավիճակէն բխող նիւթական դժուարութիւնները, որմէ ետք քանի մը վայրկեաններու մէջ, մօտաւորապէս 20.000 տոլարի սրտաբուխ նուիրատուութիւններ յայտարարուեցան միաւորներու եւ մասնաճիւղերու անունով:
Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ ռազմական գործողութիւններու պատճառով տուժած Սուրիոյ Գամիշլի, Հասաքէ եւ Տերիք քաղաքներուն իրավիճակին` կոչ ուղղելով իր միաւորներուն եւ հանրութեան անոնց օգնութեան հասնելու:
Իր աշխատանքներու աւարտին ժողովը ընտրեց 2019-2023 շրջանի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը` հետեւեալ ձեւով.
Տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) – Ատենապետ
Մայտա Մելքոնեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ) – Փոխատենապետ
Մարալ Մաթոսեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) – Քարտուղար
Սիլվա Թագւորեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ) – Գանձապահ
Արուս Մելքոնեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Թալին Մկրտիչեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)
Արմինէ Կարապետեան (Քանատա)
Համեստ Սասունեան (Հայաստան)
Նելլի Վեքիլեան (Միջին Արեւելք)
Լիզա Ժիլիպեր (Եւրոպա)
Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա)