Ընդառաջելով "Ամել" (عامل) միջազգային կազմակերպութեան հրաւէրին, Երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2021֊ին, ԼՕԽ֊ի Շրջանային Վարչութեան դիւանը եւ "Արաքսի Պուլղուրճեան" ընկերաբժշկական Կեդրոնի տնօրէնուհին այցելեցին Մըսէյթպէի "Ամել" Կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցան կազմակերպութեան հիմնադիրին՝ Տոքթ. Գամել Մհաննայի, Կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին հետ։
Հանդիպման ընթացքին Տոքթ.Մհաննա ներկայացուց կազմակերպութեան 42 ամեայ գործունէութիւնն ու ծրագիրները։ Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ ԱՊԸԲ Կեդրոնի գործունէութեան մասին, որուն հետ 2020֊ին գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուած էր։ Շրջանային Վարչութիւնն ալ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպութեան, իր անվերապահ աջակցութեան համար։