News & Events

Միջ-Մասնաճիւղերու Վարչական Բ. Ժողով

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան միջ-մասնաճիւղային երկրորդ ժողովը տեղի ունեցաւ 4 Ապրիլ 2019-ին , առաւօտեան ժամը 10:00–ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներուն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ կատարեց Շրջանային Վարչութեան փոխանցումները:

Ժողովէն ետք, տեղի ունեցաւ ատենապետուհիներու հանդիպում, ուր արծարծուեցան վարչութիւններուն ընթացիկ գործունէութեանց, հանգանակութեան եւ անցարգելներու տեղադրման նիւթերը:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases