News & Events

ՅԱՍՄԻԿ ԴԱՆԻԷԼ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ  «ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ» ՆԻՒԹԸ

Շաբաթ, 16 նոյեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Օրուան դասախօսն էր վարուելակերպի հարցերու մասնագէտ Յասմիկ Դանիէլ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Նազելի Աւագեան: Ան յայտնեց, որ մեր օրերուն, յատկապէս վերջին ժամանակաշրջանին մեր ընկերութիւնը կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ, որոնց մէջ առաջին կարգին կու գայ ճնշուածութիւնը: Ճնշուածութիւն ընտանեկան հարցեր դիմագրաւելու հետեւանքով, աշխատանքին մէջ, ընկերութեան մէջ, դպրոցին մէջ թէ այլուր: Ան նշեց, որ այս մտահոգութիւններէն մեկնած, Շրջանային վարչութիւնը ուզեց իր յարկին մէջ հրաւիրել Յասմիկ Դանիէլը, որպէսզի իր ցուցմունքներով ուղղութիւն տայ ներկաներուն` դիմագրաւել կարենալու համար ճնշուածութեան երեւոյթը: Ն. Աւագեան մատնանշեց պաստառին վրայ գրուած ծանօթ նշանաբանը, որ «կրնաս հասնիլ ամէն ինչի, որուն դուն կը հաւատաս», եւ հաստատեց, որ դասախօսը կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւրս մեր ունեցած հարցերն ու դժուարութիւնները կրնանք դիմագրաւել անոնց մասին զրուցելով, մենք մեզ կերտելով, զարգացումով, միշտ կարդալով:

Ապա հրաւիրեց դասախօսը ներկայացնելու «Ինչպէ՞ս դիմագրաւել ճնշուածութիւնը» նիւթը: Յասմիկ Դանիէլ յայտնեց, որ կինը ուժը եւ կարողութիւնը ունի կառավարելու ամբողջ շրջապատը: Դասախօսը նշեց, որ երկու տեսակ վարուելակերպի կառավարում կայ` ջղայնութիւն եւ ճնշուածութիւն: Ջղայնութեան պարագային մեր ներքին հոգեվիճակէն դուրս եկող վարուելակերպն է, իսկ ճնշուածութիւնը այն է, երբ արտաքին ազդակներ կ՛ազդեն մեր վարուելակերպին վրայ: Ան նշեց, որ մեր ուղեղը կրնայ կառավարել ամէն վարուելակերպ: Ապա հարց մը բնորոշելու համար ըսաւ, որ դէպքը կը պատահի (որուն հետ անմիջական առնչութիւն չունինք), որուն կը յաջորդէ մտածելու ձեւը դէպքին հանդէպ, ապա հոգեկան վիճակ կը ստեղծուի, եւ վերջապէս կ՛ունենանք սխալ վարուելակերպ: Դասախօսը յայտնեց, որ որեւէ հարցի պարագային մտածելու ձեւը պէտք է փոխել:

Յասմիկ Դանիէլ թուեց այն միջոցները, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ ճնշուածութենէ հեռու մնալ: Առաջին` որեւէ դէպքի պարագային նախ պէտք է մտածել եւ ուղեղը մարզել, որպէսզի տարբեր իմաստ տանք դէպքին: Երկրորդ` մարզանք ընել առօրեայ դրութեամբ: Բժշկական առումով փաստուած է, որ մարզանքը մեր ճնշուածութիւնը դուրս կը հանէ մարմնէն: Երրորդ` առողջ սննդականոնի հետեւիլ: Ան նշեց, որ վնասակար ուտելիքը թոյն կը մտցնէ մեր մարմնին մէջ: Չորրորդ` ընթերցանութիւն. գիտականօրէն փաստուած է, որ ընթերցանութիւնը 68 առ հարիւր դրական ազդեցութիւն ունի մեր վրայ, որ մեր արեան շրջանառութիւնը լաւանայ, եւ մեզ կը հանդարտեցնէ երաժշտութենէն աւելի: Ան յայտնեց, որ ինք բացած է կիներու յատուկ պուք քլապ, ուր ամէն մարդ գիրք մը կ՛առնէ, կը կարդայ, եւ ամիսը անգամ մը անոնք կը հաւաքուին զրուցելու եւ կարծիք տալու իրենց կարդացած գիրքին մասին: Ան հաճելի եւ օգտաշատ նկատեց այս նախաձեռնութիւնը: Հինգերորդ` հանրային աջակցութիւնը (social support): Սովորութիւն պէտք է դարձնել զիրար ողջագուրել փաթթուելով իրարու, որ ժպիտ մը եւ հանդարտութիւն կը փոխանցէ անհատին: Վեցերորդ` յետաձգել: Պէտք է փորձենք օրինակ դառնալ իրարու եւ մեր օրինակով մեր շրջապատը մղել աշխատանքի: Մարդկային ուղեղը շատ ծոյլ է: Մենք պէտք է փորձենք միշտ ուղեղը աշխատցնել, մարզել եւ չյետաձգել մեր աշխատանքներն ու նախաձեռնութիւնները: Եօթներորդ` պէտք է աղօթենք անհատապէս եւ հաւաքաբար: Պէտք է միշտ աղօթել, որովհետեւ ատիկա հոգեկան հանգստութիւն կը շնորհէ անհատին, ճնշուածութիւնը դուրս կ՛ելլէ մեր մարմինէն, եւ շատ լաւ որոշումներ կու տանք: Ութերորդ` ներհայեցողութիւնը (meditation): Մենք շատ անցեալին մէջ կ՛ապրինք կամ վաղուան մասին կը մտածենք, կը մտահոգուինք: Մենք կը մոռնանք ներկան ապրիլ: Ներհայեցողութիւնը մեզի կ՛օգնէ, որ ներկան ապրինք: Անով քանի մը վայրկեանի մէջ կը հեռանանք մեր անցեալէն եւ ներհայեցող անհատը ուղղութիւններ կու տայ, որ հանգիստ վիճակի մէջ գտնուինք: Տասներորդ` շունչ առնել: Շատ կարեւոր է ճիշդ շնչառութիւնը: Ուղեղը երբ ճնշուած կ՛ըլլայ, շնչառութիւնը կ՛օգնէ, որ հանդարտինք: Տասնմէկ` մենք մեր մտածելակերպով ճիշդ ենք, մինչդեռ մեր դիմացի անհատը ուրիշ կարծիք, տեսակէտ, գաղափար եւ դիտելու կարողութիւն ունի: Ուրեմն պէտք է յարգել նաեւ ուրիշին գաղափարն ու կարծիքը: Տասներկու` կեդրոնացում: Ուր որ կեդրոնանանք, մեր ուժն ու կարողութիւնը այդ նիւթին վրայ կ՛ըլլայ: Կեդրոնացումը շատ կարեւոր է մեր կեանքին մէջ:

Դասախօսը նշեց, որ ամէն առտու մենք մեր ժպիտով կրնանք դրական տրամադրութիւն եւ ազդեցութիւն ձգել անհատին վրայ: Սակայն երբ կը ժպտինք, ասիկա չի նշանակեր, որ հարցեր ու դժուարութիւններ չունինք եւ առողջ ենք:

Յասմիկ Դանիէլ ըսաւ, որ երբ մենք մութի մէջ ենք, երկար տարիներ նոյն տեղը կը մնանք: Եթէ մենք մեր մտածելակերպը եւ կեանքի ապրելակերպը չփոխենք, մենք մեզի չքաջալերենք, նոյն տեղը կը մնանք: Մութը մեր ետին պէտք է ձգենք, եւ այդ պզտիկ լոյսը, որ կը տեսնենք, անոր պիտի հետեւինք: Մենք պէտք է վստահինք մեր ուժերուն, չյենինք մէկու մը վրայ: Միշտ դրական մօտեցումով պէտք է ապրինք մեր կեանքը:

Նշենք, որ դասախօսութիւնը շատ հետաքրքրական էր, որովհետեւ ներկայացուեցաւ լսողատեսողական միջոցով: Ներկաները նաեւ դիտեցին կարճ տեսերիզներ նիւթին վերաբերեալ` առաւել հաղորդական դարձնելով նիւթը:

Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին Յասմիկ Դանիէլին, որ սպառիչ լուսաբանական պատասխաններ տուաւ այս նիւթին շուրջ: Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան յուշանուէր տուաւ Յասմիկ Դանիէլին: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases