News & Events

Նախազգուշական Արշաւ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Առողջապահական յանձնախումբին, գործակցութեամբ Iyamed դեղի ընկերութեան, ոսկորափտութեան (Օsteoporosis) նախազգուշական արշաւ մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Լ.Օ.Խ.-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս, որմէ օգտուեցան յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուող անձերը:


ներկայ էին դեղի ընկերութեան ներկայացուցիչները եւ ԱՊԸԲ կեդրոնէն տոթք. Կարապետ Չպուքճեան:


Յանձնախումբի ատենապետուհի տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար, վստահ ըլլալով որ առողջապահական յանձնախումբը նախանձախնդիր է մեր ժողովուրդին առողջական վիճակով եւ իր կազմակերպած դասախօսութիւններուն եւ սեմինարներուն կողքին կը միտի յաճախ նոյնանման արշաւներ կազմակերպել, հիւանդութիւնները կանխօրօք յայտնաբերելու եւ բուժելու նպատակով:


Տոքթ. Ալինա Քէշիշեան անդրադառձաւ ոսկորափտութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան, որ կը նշուի Մայիս ամսուն:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases