News & Events

Նոր տարուան տօնակատարութիւն «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանին մէջ

Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Վարդուհի Տեկիրմէնճեան» խոհանոցի եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանի 90 ծերունիները միասնաբար տօնեցին իրենց Նոր տարին եւ ուրախ ժամեր անցուցին։ Ձեռնարկին ներկայ էին Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ յանձնախումբի ընկերուհիները :
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Մարալ Վարդապետեան որ յայտնեց թէ մենք տխրելու պատճառ չունինք, թէեւ երկիրը տագնապի մէջ է, սակայն մենք մեր կողքին ունինք ԼՕԽ-ը որ 90 տարիներէ ի վեր ձեռք երկարած է մեզի եւ պիտի երկարէ ժողովուրդին ընկերային առողջապահական կրթական կամ այլ մարզերուն մէջ։ Խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նելլի Վելքիլեանին, Շրջանային Վարչութեան անդամներուն, Խոհանոցի ծրագիրին բարերարներուն՝ Վաչէ Տեկիրմէնճեանին եւ Պերճ Կիւլպէնկեանին ու ներկայացուցիչին։

Ապա խօսք առաւ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկ. Սիլվա Սապունճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կ՝աշխատին ուրախացնելու համար տարեցները եւ տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպեն Ամանորի ձեռնարկը, որպէսզի ուրախութեամբ աւարտեն հին տարին եւ լաւ տրամադրութեամբ դիմաւորեն Նոր տարին:


Ուշագրաւ երեւոյթ էր տարեց սերունդի մամիկներուն ու պապիկներուն հանդէպ յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ ցուցաբերուած մօտեցումը ու գուրգուրանքը:
Աւելի քան 3 ժամ տեւողութեամբ տարեցները խանդավառ մթնոլորտի մէջ զուարճացան, երգեցին, պարեցին, ճաշակեցին համադամ հրամցուած ճաշերը, որոնք պատրաստուած էին խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ, վայելելով տօնական ու մտերմիկ մթնոլորտ:


Ձեռնարկին` Կաղանդ պապիկին ժամանումը աւելիով խանդավառեց մթնոլորտը. բաժնեց բոլորին արժէքաւոր նուէրներ որոնք տրամադրուած էին բարերարուհիի մը կողմէ:
Հաւաքոյթի աւարտին բոլորը գոհունակութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases