News & Events

Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեան Ներկայացուց «Ուղեղի Կաթուածէ Ետք Խօսելու Վերականգնման Միջոցներ» Նիւթը

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքի վեցերորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Ուղեղի կաթուածէ ետք խօսելու վերականգնման միջոցներ»:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ ուղղախօսութեան մասնագէտ (speech therapy) Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեանը` ներկայացնելու իր նիւթը: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ ուղղախօսութեան մասնագէտի դերին եւ ըսաւ, որ մասնագէտը կ՛աշխատի բոլոր տարիքի անձերու հետ, որոնք դժուարութիւն ունին իրենց հաղորդակցութեան մէջ` գրաւոր կամ բանաւոր, տարբեր կարողութիւններու հետ, ինչպէս` յիշողութիւն, կեդրոնացում անոնք, որոնք օթիստիք են կամ տիսլեքսիա ունին, իսկ մեծերու պարագային` ուղեղի կաթուած ունեցողներուն հետ:

Ապա Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեանը խօսեցաւ ուղեղի կաթուածի հետեւանքներուն մասին, յատկապէս` կաթուածի պատճառով խօսելու դժուարութեան մասին: Ան թուեց այն հաւանականութիւնները, որոնք կրնան կաթուածի պատճառ դառնալ, ինչպէս` ճնշումը, ծխելը, մարզանքի պակասը, բարձր համեմատութեամբ քոլեսթրոլ ունենալը, եւ այն մարդը, որ շատ ալքոհոլ կը խմէ եւ սրտի հետ կապուած դժուարութիւններ ունի: 65 տարիքը ամբողջացուցած մարդիկ աւելի հակամէտ են ուղեղի կաթուածի: Անոնք, որոնք ուղեղի կաթուած ունենան, շատ հաւանական է, որ դարձեալ կաթուած ունենան: Կաթուածը կանխելու համար կանխարգիլման միջոցներ պէտք է որդեգրել, ինչպէս` ուշադրութիւն ընել արեան ճնշումին, չծխել, չափաւոր խմել, նիհարնալ, դարմանել շաքարախտը, մարզանք ընել, ճիշդ սնանիլ, ուշադիր ըլլալ բոլոր տեսակի հիւանդութիւններու հանդէպ եւ բժիշկին պատուիրած դեղերը անպայման առնել: Ան նշեց նաեւ, որ ուղեղային կաթուածը երկու տեսակ կ՛ըլլայ, առաջինը` արեան շրջագայութեան մէջ խցանում կ՛ըլլայ եւ ատիկա պատճառ կ՛ըլլայ, որ արիւնը ճիշդ ձեւով չշրջագայի ուղեղին մէջ, երկրորդ` արիւնահոսութիւն տեղի կ՛ունենայ:

Ապա ներկայացուց ուղեղի կաթուածի նշանները: Անոնք են` մարմնին մէկ մասը կամ կողմը թոյլ կամ տկար կ՛ըլլայ, դէմքին մէկ մասը կը ծռի, կարդալու եւ խօսելու դժուարութիւն, ուժեղ գլխացաւ, մէկ կողմը լաւ չտեսնելը, քալելու դժուարութիւն: Ուղեղի կաթուածի պարագային, պատկերաւոր ձեւով ներկայացուց շրջապատին կատարելիք դերին մասին, որոնք կը բաղկանան չորս կէտերէ: Ուղեղի կաթուածի պարագային, նախ հիւանդէն պէտք է խնդրել ժպտիլ, եթէ չկրցաւ ժպտիլ, ուրեմն կաթուած կ՛անցընէ ենթական, երկրորդ` երկու թեւերը վեր պահել, երրորդ` երբ անունը կամ բառ մը չի կրնար արտասանել, չորրորդ` ժամանակն է, որ շատ արագ միջոցին պէտք է հիւանդանոց փոխադրել` կանխելու համար այլ բարդութիւններ: Ան յայտնեց, որ հիւանդը անձամբ պէտք չէ հիւանդանոց փոխադրել, այլ հիւանդակառք կանչել, ուտելիք կամ խմելիք չտալ, որեւէ դեղ չտալ, չսպասել, այլ արագ շարժիլ: Ի՞նչ են հետեւանքները մարմնին վրայ ուղեղի կաթուածին. մկաններու աշխատելաձեւը պիտի փոխուի կրնայ ըլլայ, որ թուլնան կամ բնաւ չաշխատին, ասիկա բնաբուժագէտ(ֆիզիոթերափիստ)-ը կրնայ մարզանքներով բնականոն վիճակի վերադարձնել, dysarthria կրնայ ունենալ, այսինքն դէմքի մկանները պէտք եղած ձեւով չեն աշխատիր, եւ խօսակցութիւնը անյստակ կը դառնայ, Apraxia, որ ճիշդ ձեւով չի կրնար բերնի շարժումներ ընել: Անհատը նաեւ կրնայ ճաշ կլլելու կարողութիւնը կորսնցնել: Ենթակային տրամադրութիւնը կը փոխուի: Ինչ կը վերաբերի մտային կարողութիւններուն, երբ չի կրնար խօսիլ, չի նշանակեր, թէ մտային կարողութիւնը կորսնցուցած է: Aphasia ունեցող անհատը արտայայտուելու կարողութիւնը կը կորսնցնէ: Երբ մէկը խօսելու դժուարութիւն ունի, երբեմն հասկնալու ալ դժուարութիւն կ՛ունենայ: Անհատը նոյնիսկ գրելու եւ կարդալու կարողութիւնները կրնայ կորսնցնել: Ուղղախօսութեան մասնագէտը այս բոլորը կը փորձէ լուծել: Ապա ընտանիքին հետ կը համաձայնի` կարողութիւնները զարգացնել: Այս դժուարութիւնները կը յաղթահարուին հետեւեալ ձեւերով. դիմել ուղղախօսութեան մասնագէտի, physiotherapist-ի հետ աշխատանք, անհատական մտային զարգացման աշխատանքներ կատարել, յուշատետր գործածել, առօրեայ դասաւորուած օրակարգ ունենալ, գրել եւ կարդալ, յաճախ տունէն դուրս ելլել, ճաշ եփել, երաժշտութիւն մտիկ ընել, աղօթք ըսել, ձեռային աշխատանքներ կատարել: Ուղղախօսութեան պարագային ստորեւ նշուած կէտերը բոլորը կը ներառուին:

Դասախօսը վերջին բաժինով խօսեցաւ ուղղախօսութեան մասնագէտին աշխատանքի արդիւնքին մասին եւ ըսաւ, որ շատ գործօններ կան, որոնք կ՛ազդեն ապաքինման աշխատանքին, ինչպէս` տարիքը, ինքնազարգացումը, խելացութիւնը: Իսկ շրջապատի վարուելակերպը շատ կարեւոր է: Հաղորդակցութեան ատեն միշտ հիւանդին աչքին նայիլ, բարձր պէտք չէ խօսիլ, կարճ բառեր գործածել, դանդաղ խօսիլ, ժամանակ տալ, որ արտայայտուի, եթէ չկրցաւ խօսիլ, մղել, որ գրէ, սխալ արտայայտութեան պարագային, չյանդիմանել հիւանդը: Ճաշ կլլելու դժուարութեան պարագային կրնայ թոքերուն երթալ ճաշը, եւ բարդութիւններ կը պատահին: Կլլելու թեքնիքներ կան, ինչպէս` ուտլիքի ձեւը փոխել, ուտելիքը տաքութիւնը: Նախքան արհեստական միջոցով ուտելիք ներարկելու ձեւը օգտագործելը` պէտք է նախնական ձեւերը փորձել: Aphasia ունեցող անձերը թափանցիկ չեն: Պէտք է իրենց ընդգրկենք մեր նիւթերուն մէջ, որովհետեւ անոնք ակամայ կորսնցուցած են իրենց կարողութիւնները:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, իսկ առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեանին:

Ապա սննդագէտ Սարին Շէկեանը խօսեցաւ Փետրուար ամսուան զուգադիպող Քաղցկեղի միջազգային օրուան մասին:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases