Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին Չորեքշաբթի, Յունուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ դասախօսութեանց Բ. շարքին երկրորդ նիւթը:
ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան նշեց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին, քաղաքական ու տնտեսական տագնապին, լաւատեսութեամբ պէտք է դիմաւորենք Նոր տարին: Ան շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը եւ մասնաւորաբար շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը անցեալին շատ աւելի ծանր օրեր ապրած է, բայց շնորհիւ իր կամքին ու հաւատքին, կրցած է լաւատեսութեամբ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն: Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ օրերը աւելի խաղաղ ըլլան:
Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան նշեց, որ ԼՕԽ-ի Առողջապահական յանձնախումբը նախանձախնդիր է մեր ժողովուրդին ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր առողջութեան պահպանման, այդ պատճառով ալ կազմակերպեց մեր կեանքին հետ անմիջական կապ ունեցող դասախօսութիւն մը` «Լիբանանի ներկայ իրադարձութիւններու հակազդեցութիւնը մարդուս ներաշխարհին վրայ»: Ապա ան հրաւիրեց բնաբուժագէտ – ֆիզիոթերափիստ Ռազմիկ Ազէզեանը` ներկայացնելու այժմէական այս նիւթը:
Ռազմիկ Ազէզեան ըսաւ, որ այս ներկայ դժուար փուլը, որ կը դիմագրաւենք, մեր ֆիզիքականին վրայ չէ, որ կ՛ազդէ, այլ մեր միտքին վրայ, եւ պէտք է իշխենք մեր միտքին: Ան յայտնեց, որ տնտեսական դժուարութիւնները շատ ազդեցութիւն կ՛ունենան մեր ներքին վիճակին վրայ: Անոնք ընդհանուր առմամբ կ՛ազդեն մեր առողջութեան, յարաբերութիւններուն, ներքին հորմոնային վիճակին վրայ: Այդ վիճակները յաղթահարելու լաւագոյն ձեւը ԼՕԽ-ի մէջ գտնուիլն է, որպէսզի հաւաքաբար իրար կարենանք զօրացնել: Մեր մտային առողջութիւնը կախեալ է զանազան կէտերէ, ինչպէս` առատօտուն արթննալէ ետք ինչպէ՛ս կը մտածենք, օրուան մէջ ինչպէ՛ս մեր մտածումները կ՛ընթանան, մեր կեցուածքը ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ: Այս առումով պէտք է իշխենք մեր հոգեկանին վրայ: Միակ ձեւը այն է, որ իրար հասկնալով կրնանք այս դժուարութիւնները լուծել: Ան նշեց, որ պէտք է քաջութիւն, յոյս, համբերութիւն, ինքնավստահութիւն, մխիթարութիւն, լաւատեսութիւն, ճկունութիւն ունենանք, մարզանք ընենք, աղօթենք:
Ռազմիկ Ազէզեան ըսաւ, որ դժուար օրերու մէջ մեր միտքը երբեմն կ՛ընդհատուի եւ մեզի կը վերադարձնէ նախկին մեր մտահոգութիւններուն: Այս յիշեցումը կը կատարուի մտքի աշխարհին մէջ: Մտքի աշխարհը Աստուած մեզի տուած է, որ մենք մեր ուզած ձեւով աշխատինք, մենք իշխենք եւ կարենանք շատ լաւ բաներ կատարել: Ռազմիկ Ազէզեան նշեց, որ երբ մեր միտքը հիւանդ է, մեր մարմինն ալ հիւանդ կ՛ըլլայ, իսկ երբ մեր միտքը առողջ է, հիւանդութիւնները շուտ կրնանք յաղթահարել: Այսպիսի ծանր վիճակներու մէջ յաղթելու բանալին մեր միտքի զօրութիւնն է: Երբ մեր միտքը մեր իշխանութեան տակ չէ, մենք շատ դիւրին կերպով մեր յոյսը կը կորսնցնենք: Յոյս կորսնցնել գիտականօրէն կը նշանակէ վախի ընթացքի մէջ ըլլալ, այդ ատեն մեր մարմինը որոշ հորմոններ կ՛արտադրէ չափէն աւելի, մանաւանդ ատրենալին եւ քորթիզոն: Ասոնք մեզի կը ձգեն այնպիսի վիճակի մէջ, որ մենք միշտ ենթարկուած ենք յարձակումի եւ պէտք է փախչինք կամ պահուըտինք: Ասիկա կ՛ազդէ մեր առողջութեան վրայ, արեան գերճնշումը կը բարձրանայ, մեր մարմինը կը ցաւի: Այս պարագային մեր մտահոգութիւնները իրենք կը սկսին իշխել մեր վրայ: Ան յայտնեց նաեւ, որ երբ մարդիկ նեղութեան մէջ գտնուին, աւելի կամ նուազ կ՛ուտեն:
Ապա Ռազմիկ Ազէզեան շնչառական մարզանքներ ներկայացուց ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ մտահոգուող ուղեղը եւ հաւատքով ուղեղը տարբեր ձեւով կ՛աշխատին: Կեանքի գաղտնիքը սրտին մէջ է: Ան եզրափակեց եւ ըսաւ, որ երբ սիրտը զօրաւոր է, կրնանք իշխել մեր միտքին, իսկ երբ միտքը շատ աւելի զօրաւոր է, չենք կրնար իշխել, մեր սիրտը կը ճմլուի, եւ մարմնի դիմադրականութիւնը կը նուազի: Մենք նուազագոյն մարզանքով շնչառութիւնը կը բարելաւենք, խորհրդածելու ժամանակ կ՛ունենանք, մեր մարմնի դիմադրականութիւնը կը բարելաւուի, գեղձերը լաւ կ՛աշխատին:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, իսկ առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս Ռազմիկ Ազէզեանին: