Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Առողջապահական կարգ մը հարցերու բարոյական գնահատականը»:
Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ հիւանդապահուհի Սօսի Պալեանը` ներկայացնելու իր նիւթը:
Սօսի Պալեան դասախօսութեան սկիզբը ըսաւ, որ բարոյական հարցեր ունեցող նիւթերը վիճելի են: Վարմունքներ կան, որոնք ընդունելի չեն, եւ ասոնք թապու կը կոչուին: Ապա բացատրեց բանադրանքին եւ վիճելի նիւթերուն տարբերութիւնը եւ յայտնեց, որ բանադրանքները կ՛ըլլան տիեզերական-համաշխարհային, ինչպէս` սպանութիւնը, որ մեղադրելի է, կողոպուտը, մարդակերութիւնը, ազգապղծութիւնը (insest): Ինչ կը վերաբերի վիժումին, սուտ վկայութիւնը ոմանք կ՛ընդունին իբրեւ թապու, իսկ ուրիշներ կ՛ընդունին իբրեւ վիճելի նիւթեր:
Ան նշեց, որ վերջին յիսնամեակին շատ մեծ փոփոխութիւններ եղած են ընտանիքի կազմութեան եւ պէտքերուն մէջ: Որեւէ կրօնի մէջ ամուսնութեան արարողութիւններ կան, որոնք պէտք է կատարուին, իսկ ներկայիս մարդիկ ազատ կը կենակցին` առանց ամուսնութեան: Ուրիշներ քաղաքացիական ամուսնութիւն կը կատարեն: Վերջին քսանամեակին նաեւ մեծ զարգացում ապրած է միասեռականութեան երեւոյթը, եւ անոնք սկսած են պահանջել իրենց իրաւունքները:
Այլ երեւոյթ մը նաեւ վերջերս կը նկատուի մեր ընկերութեան մէջ. արհեստական միջոցներով յղութիւն յառաջ բերել: Կիները վերջերս կ՛ուշանան յղանալու, ինչ որ պատճառ կ՛ըլլայ երբեմն անբնական ծնունդներու: Մանուկներու որդեգրումը տարածուած երեւոյթ էր, սակայն ներկայիս նուազած է: Ամուսնալուծումը եւ մարդկային գործարաններու փոխպատուաստումը ներկայիս տարածուած երեւոյթներ են: Դասախօսը նաեւ անդրադարձաւ անոր, որ ընտանիքներ իրենց տարեց անդամները չեն խնամեր եւ Հայ ծերերու տուն կը փոխադրեն: Այս նիւթը ոմանց համար վիճելի է, իսկ ուրիշներուն համար` ընդունելի:
Սօսի Պալեանը ըսաւ, որ ներկայիս արհեստագիտութիւնը իր բարիքներն ալ ունի, ինչպէս` նորածինի մը պորտալարը ապահով վիճակի մէջ պահել եւ այլ անհատի մը սրտի գործողութեան ընթացքին փակ երակ մը փոխարինել:
Վիժումի պարագային, Լիբանանի մէջ արտօնուած է միայն այն պարագային, երբ մօր առողջութիւնը վտանգուած է: Արհեստական կերպով վիժեցնելը վիճելի նիւթ է: Սակայն բռնաբարումի պատճառով անչափահասի մը յղացումը ընդունելի չէ:
Դասախօսը նշեց նաեւ, որ սեռային դաստիարակութիւնը շատ կարեւոր է, նախ տան մէջ պէտք է տրուի, ապա ամբողջանայ դպրոցին մէջ, որպէսզի պատանիները երբ երիտասարդ դառնան եւ ամուսնանան կարենան առողջ ընտանիք կազմել:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, նաեւ առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս Սօսի Պալեանին:
Ապա սննդագէտ Սարին Շէկեան խօսեցաւ յունուար ամսուան զուգադիպող նշիկագեղձի (ղըտէի) միջազգային օրուան մասին եւ նշեց անոր պատճառներն ու ախտաճանաչումները: