Ս.Զատկուան տօնին առիթով «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը կազմակերպեց յատուկ հաւաք շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի,17 Ապրիլ 2019-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» սրտի ճաշարանին մէջ: Մթնոլորտը ճոխացուց Մարալ Վարդապետեան: Ծերունիները ասմունքով, երգերով եւ սրտի խօսքերով արտայայտեցին իրենց զգացումները:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաւկթամարտ:
Ձեռնակի աւարտին ծերունիները ստացան Ս.Զատիկը խորհրդանշող նուէրներ եւ ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները: