News & Events

Տոքթ. Էտի Րագուպեան Ներկայացուց «Տարեկան Անհրաժեշտ Տարրալուծարանային Քննութիւններ» Նիւթը

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին երրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 19 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Օրուան նիւթն էր` «Տարեկան անհրաժեշտ տարրալուծարանային քննութիւններ»:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ տարրալուծարանագէտ տոքթ. Էտի Րագուպեանը` ներկայացնելու իր նիւթը:

Տոքթ. Էտի Րագուպեան նշեց, որ մեր ապրելակերպը ընդհանրապէս առողջական հարցերու դուռ կը բանայ: Մենք` իբրեւ մարդ արարածներ, պէտք ունինք արեւու, բնական սննդականոնի, շարժումի, քալելու, որպէսզի առողջ մնանք: Մեր շարժուն չըլլալը, օդի ապականումը եւ ծխախոտը կարեւոր ազդակներ են հիւանդութիւններու տարածման: Բուրգերու մէջ գտնուող մոմիաներու մարմինները քննած են ու` տեսած, որ ոեւէ մէկը շաքարախտ եւ քաղցկեղ չունի:

Ան նշեց, որ ներկայիս տարածուած շաքարախտ հիւանդութիւնը կը յառաջանայ, երբ աւելորդ շաքար, ճերմակ հաց, խմորեղէն կ՛ուտենք: Գիրութեան պատճառով այս հիւանդութեան հաստատումը բազմաթիւ բարդութիւններ կը յառաջացնէ մեր մարմնին մէջ, օրինակ` երակները կը չորցնէ, երիկամներուն կը վնասէ: Ապա տոքթ. Էտի յայտնեց, որ Ամերիկայի մէջ շաքարախտի հիւանդութեան աւելի կարեւորութիւն կ’ընծայեն, քան` քոլեսթերոլին: Լաւ շաքար պարունակող ուտելիքը միայն պտուղն է: Մենք առանց հաց ուտելու` կրնանք ապրիլ: Եթէ հիւանդ մը քոլեսթերոլի հիւանդութիւնը ունի, անիկա երկար ժամանակ կը տեւէ, որպէսզի իր բարդութիւնները տարածէ, մինչդեռ շաքարախտին բարդութիւնները շատ արագ կը յայտնաբերուին: Ամերիկայի մէջ շաքարախտը անուանած են «լուռ սպաննող»: Քոլեսթերոլը ճաշերէն յառաջ կու գայ, իսկ մաս մըն ալ մեր մարմինը կ՛արտադրէ: Բժիշկը յանձնարարեց երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք ճաշ չուտել, այլ` միայն պտուղ: Ան նաեւ ըսաւ, որ քալելը կարեւոր է, որովհետեւ երբ շարժում ընենք եւ ճիգ թափենք, արիւնը կը սկսի աւելի արագ դառնալ, եւ սիրտը աւելի արագ զարնել, ու մարմինին մէջ որեւէ հիւսուածք, որ աշխատցնես, առողջ կը մնայ: Օրական կէս ժամ պէտք է քալենք: Շաքարախտաւորին համար հիմնականը պէտք է շտեմարանը բնական վիճակի մէջ ըլլայ: Տոքթ. Էտին ապա խօսեցաւ քաղցկեղի մասին եւ ըսաւ, որ ամէնէն շատ տարածուածը թոքերու քաղցկեղն է, որուն պատճառը ծխելն է: Ան նշեց նաեւ, որ ուսումնասիրութեան մը համաձայն, չծխողներ քաղցկեղ հիւանդութիւն չեն ունեցած, իսկ ծխողները միշտ հակամէտ են քաղցկեղի:

Ապա տոքթ. Էտի Րագուպեան խօսեցաւ տարրալուծարանային քննութիւններու մասին: Ան յայտնեց, որ երբ մանուկը ծնի, քննութիւններու միջոցով կը ստուգուի նշիկներու գործունէութիւնը: Ենթական մինչեւ քառասուն տարեկան զերծ կը կացուցուի ընդհանրապէս քննութիւններէ: Քառասուն տարեկանէն ետք սխալ ապրելակերպի հետեւանքներ արդէն ի յայտ կու գան: Ընդհանրապէս քառասուն տարիքէն ետք կիներ պէտք է կուրծքի նկար (mammography) ընեն, ընդհանուր արեան, շաքարի եւ քոլեսթերոլի քննութիւնները հերթական դրութեամբ պէտք է կատարուին, իսկ յիսուն տարեկանէն ետք` տարեկան դրութեամբ: Իսկ տղամարդոց պարագային, յիսուն տարիքէն ետք պէտք է շագանակագեղձի քննութիւն կատարեն: Շաքարի տարողութիւնը (շտեմարանը) տոկոսային դրութեամբ է, եւ ան կարմիր գնդիկներուն փակած կ՛ըլլայ. անիկա վեց տոկոսէն պակաս պէտք է ըլլայ: Դասախօսը վերջին բաժինով խօսեցաւ կիրի յառաջացման պատճառներուն մասին եւ նշեց, որ անիկա մեր շարժումներուն հետ կապուած է: Եթէ մեր շարժումները քիչ կամ չափազանց են, անիկա կիր կը յառաջացնէ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, ապա առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս տոքթ. Էտի Րագուպեանին:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases