News & Events

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան Ներկայացուց «Լսողութեան Խանգարումներ Եւ Գլխապտոյտի Պատճառներ» Նիւթը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին տասներորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 ապրիլ 2019-ին, «Լսողութեան խանգարումներ եւ գլխապտոյտի պատճառներ» նիւթով:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ անդրադարձաւ ականջի դերին ու կարեւորութեան, նաեւ` անոր վերաբերող առողջական հարցերուն, աւելցնելով, որ այս բոլորին մասին դասախօսելու համար հրաւիրուած է քիթի, կոկորդի եւ ականջի բժիշկ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեանը:

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան իր դասախօսութեան սկիզբը անդրադարձաւ ականջի կառուցուածքին եւ լսողութեան խանգարումներուն: Ականջը երեք մասերէ կը բաղկանայ` արտաքին, միջին եւ ներքին: Արտաքինը կը սկսի այն բաժինէն, որ մենք կը տեսնենք` ականջի խեցին, որմէ կ՛ընթանայ ականջի արտաքին խողովակը` մինչեւ թմբկաթաղանթ: Միջին ականջը, որ կը բաղկանայ թմբուկէ եւ երեք փոքր ոսկորներէ` մրիկ, սարիկ, ասպանդակ: Միջին ականջին մէջ խողովակ մը կայ, որ կը կապէ քիթը ականջին: Ներքին ականջը կը բաղկանայ խխունջէ, որուն մէջ կան օրկաններ, բարակ մազի բջիջներ, որոնք լսողութեան ալիքները կը փոխանցեն ջիղին եւ կը հասնի ուղեղին, ու մենք կը սկսինք լսել: Սակայն ականջը միայն լսողութիւն չէ, նաեւ հաւասարակշռութիւն է: Ներքին ականջին մէջ կիսաոլոր խողովակներ կան, հոն կան մազմզուկային բջիջներ եւ հոն ջիղեր կան, որոնք կը կոչուին հաւասարակշռական ջիղ: Ճամբան լսողականը եւ հաւասարակշռականը մէկ խուրձի մէջ կը բարձրանան ուղեղ: Նոյն կեդրոնն է, համարեա՛ կողք-կողքի: Երբ մենք հաւասարակշռութեան հարցեր կ՛ունենանք, անիկա կրնայ կապ ունենալ լսողութեան հետ, որովհետեւ նոյն խողովակին մէջ կ՛երթան: Ան նշեց, որ գլխապտոյտի հիմնական պատճառը այս ջիղի ախտահարումն է, մանաւանդ` մեծահասակներու քով: Անոնց քով երբ չորացում կը սկսի, չի նշանակեր, որ միայն ականջի չորացում ունի, այլ նաեւ` ուղեղի, հաւասարակշռութեան ալ չորացում ունի:

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան լսողութեան խանգարումները բաժնեց երկու խումբի. առաջինը` բնածին, երկրորդը` ձեռքբերովի: Բնածին լսողութեան խանգարումները մարդ անհատին ծննդեան օրէն կրնան ըլլալ, իսկ ձեռքբերովի խանգարումները կեանքի ընթացքին պատահող երեւոյթներ են: Բնածինի պարագային երեխան կրնայ լման խուլ ըլլալ, կամ` կէս խուլ, կէս կը լսէ, կէս չի լսեր: Լման խուլ երեխան դժուար կեանք մը պիտի ապրի: Արտաքին կամ միջին ականջի բացակայութեան, բնաւ պիտի չլսէ եւ կը մեծնայ ու կը կոչուի խուլ-համր: Ականջի խեցիին մէջ գունդ մը կայ, որուն տակը պարապ է: Երեխան ծնած օրէն կը լսէ եւ անպայման կը ճանչնայ իր մօրը ձայնը: Երբ երեխան մօր ձայնի ուղղութեամբ չի նայիր, այդ պարագային պէտք է դիմել մասնագէտի: Կայ նորածին երեխային ականջը քննելու յատուկ ձեւ, որ կը կոչուի EPA (Evoked potential audiogram): Երեխային դեղ կը տրուի, եւ ան կը քնանայ, գլխուն ելեկտրոնային թելեր կը դրուին եւ պաստառին վրայ կը տեսնուի, թէ երեխան որքան կը լսէ: Ասոր հիման վրայ կ՛որոշուի` բուժե՞լ, թէ՞ չբուժել, ի՞նչ տեսակ բուժել, գործողութեա՞մբ, թէ՞ արտաքին լսափող դնել: Այս գործողութիւնը կը կատարուի առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն: Իսկ ձեռքբերովի լսողութեան խանգարումները կը յառաջանան ականջի օղէն, ականջի մոմէն (ear wax): Ականջի մոմը բնական նիւթ մըն է, որ կ՛արտադրուի արտաքին ականջին կողմէ եւ նպատակ ունի սպաննել այն մանրէները, որոնք դուրսէն կը մտնեն: Անոր գործառոյթներն են` պաշտպանել եւ իւղել, խոնաւցնել արտաքին ականջի խողովակը, որպէսզի ճաթռտուքներ չյառաջանան, եւ մանրէները մէջը մտնելով` ականջի բորբոքում չպատճառեն: Շատ արտադրելու պարագային, կրնայ ականջին անցքը գոցել: Ճիշդ չէ ականջ մաքրելու բամպակով ցպիկ (cotton swaps) գործածել: Անիկա աւերներ կրնայ գործել: Մենք արհեստական ձեւով մեր ականջին խողովակը կը չորցնենք, մանրէները ականջին մէջ կը մտնեն, եւ բորբոքում կը յառաջանայ: Իսկ թմբուկը ծակելու պարագային, ուրիշ հարցի մը առջեւ կը գտնուինք: Արտաքին լսողութեան խանգարումներ կը պատճառեն արտաքին մարմիններ (foreign bodies), ինչպէս` միջատներ: Այս առումով, պէտք չէ խառնել ականջը, այլ գլուխը պէտք է ծռել եւ ձէթ կաթեցնել` մինչեւ խողովակին բերանը, 2 – 3 վայրկեան, մինչեւ միջատը սատկի: Ապա դիմել բժիշկի: Իսկ միջատէն բացի, պզտիկ գնդիկ կրնայ ըլլալ: Օտար մարմիններու պարագային պէտք չէ մետաղէ առարկաներով հանել փորձել զանոնք, որովհետեւ կրնան մեծ հարցեր պատահիլ: Միջին լսողական խանգարումներու պարագային, գոյութիւն ունին միջին ականջի սուր բորբոքումները: Ասիկա կը պատահի այն ժամանակ, երբ անհատը հարբուխ ըլլայ, քիթի բորբոքումները կը յառաջացնեն միջին ականջի մէջ բորբոքում (հեղուկ) եւ այդ խողովակը կը գոցուի: Այս առումով, թմբուկի ետեւի թմբկաթաղանթը կը լեցուի ու կ՛ուռի: Պէտք է ուղղուիլ անմիջապէս բժիշկի: Մինչ այդ Dorexina կամ Panadol դեղահատը առնել, որպէսզի ցաւերը մեղմանան: Ասիկա ձգձգելու պարագային, բորբոքումը (թարախը) կը ծակէ թմբուկը, մինչեւ ուղեղ կրնայ հասնիլ: Կան մարդիկ, որոնք այս պատճառով միջին ականջի քրոնիկ բորբոքում ունին:

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան խօսեցաւ նաեւ երեխաներու մօտ յայտնաբերուած քիթի կամ ականջի խանգարումներու մասին: Կը սկսի քիթի միսով: Այս միսը մեծահասակներու մօտ չկայ: Մանուկները երբեմն կու գան, ականջի բորբոքումներ կ՛ունենան, քիթին մէջ միս կ՛ունենան, ականջի թմբուկի ետեւը ոչ թէ թարախ կ՛ըլլայ, այլ` մաքուր բորբոքային հեղուկներ, որոնք կը յառաջացնեն լսողութեան խանգարումներ: Բժիշկը քննութիւններ կը կատարէ եւ գործողութեամբ քիթին մէջի միսը կը հանուի, թմբուկին տակէն անցք մը կ՛ընեն եւ կը դնեն արհեստական խողովակ մը, որ յետոյ կը հանեն, եւ երեխան բնական ականջ կ՛ունենայ: Մեծահասակներու միջին ականջի խանգարումներէն կրնայ ըլլալ լսողութեան երրորդ ոսկորի` ասպանդակի կիր կապելը: Ասիկա կ՛ըլլայ կիներու մօտ, յատկապէս` դաշտանադադարէն ետք: Ներքին ականջի պարագային, կայ չորացումը: 50 – 55 տարեկանէն կը սկսի չորացումը: Չորացումի տեսակներն են` բնական տարիքի պատճառովը, անբնական հիւանդութիւնները, միջավայրի, աղմուկի, կենսոլորտի հետ կապուած պատճառները: Մեր կենցաղը, մարզանքը, սննդականոնը, եոկայի հետեւիլը շատ կարեւոր են: Ապա ան թուեց ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ գտնուող լսողութիւնը չափող գործիքները, որոնք կը յայտնաբերեն չորացում, ապա պէտք է դիմել բժիշկի, որպէսզի ախտաճանաչումը կատարուի: Մինչեւ 70 տարեկան մէկ անգամ, իսկ 70-էն ետք երկու անգամ ամէն անհատ պէտք է կատարէ audiometry-ի քննութիւնը: Լսափողի գործիքները անպայման պէտք է գործածել: Գլխապտոյտը հիւանդութիւն չէ, այլ նշան է: Մարմինի որեւէ օրկանի հիւանդութիւն կրնայ գլխապտոյտ յառաջացնել: Նախ պէտք է ստուգել նշանները եւ մեծ օրկանները: Կրնան պատահիլ մկանային, մարսողական, միզային, գեղձային խանգարումներու պատճառներով գլխապտոյտներ: Պէտք է ճնշումն ալ ստուգել:

Ապա բժիշկը խօսեցաւ ականջի քրիսթալներու մասին: Քրիսթալները պարզ աղային կուտակումներ են, որոնք հեղուկին մէջ կը դառնան: Երբ իրարու կը հանդիպին, մեծ ծաւալ կը ստանան եւ կը գոցեն այս կամ այն խողովակին մէկ մասը, եւ գլխապտոյտ կը յառաջանայ: Ասիկա BPPV-ն (Beny positional paroxysmal vertical) քրիսթալներու խանգարում է. բժիշկը դեղ կու տայ, եւ հիւանդին ձեռքով գլխու շարժումներով կը գիտնայ, թէ այդ քրիսթալներով ո՛ր խողովակը գոցուած է: Բժիշկը քննութիւններէ ետք գլխու շարժումներով վերադասաւորում (repositioning) կը կատարէ այդ խանգարումներուն (complex), որ կը կոչուի Eplis Malor, որ մեծ յայտնաբերում էր այս բնագաւառին մէջ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, իսկ առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր մը տրուեցաւ օրուան դասախօս տոքթ. Խաչիկ Փանոսեանին:

Ապա տոքթ. Ալինա Քէշիշեանը խօսեցաւ ապրիլ ամսուան զուգադիպող Մենենժիթի միջազգային օրուան մասին:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases