News & Events

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Ներկայացուց «Թոքերու Քրոնիք Խցանում» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին մեկնարկը կատարուեցաւ դասախօսութեանց շարքին:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը` նշելով, որ Լ.Օ.Խ.-ի յանձնախումբերուն մէջ ներարուած են երիտասարդ ուժեր, ինչ որ Լ.Օ.Խ.-ի առաքելութիւնը կը պահանջէ` պատրաստել երիտասարդ սերունդ մը` գործունէութիւնը շարունակելու համար: Ապա ան հրաւիրեց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանը՝ ներկայացնելու «Թոքերու քրոնիք խցանում» նիւթը:

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանը իր դասախօսութեան սկիզբը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան շատ մը ազդակներ, որոնք կ՛ազդեն թոքերու վրայ ու կը զարգացնեն այս հիւանդութիւնը:

Ան սահիկներու ցուցադրութեամբ անդրադարձաւ շնչառական համակարգին եւ գործընթացին, ապա խօսեցաւ թոքերու հիւանդութեան մասին` նշելով, որ Սի.Օ.Փի.Տի.-ն դանդաղ ու տարիներու ընթացքին յառաջացող թոքերու հիւանդութիւն մըն է, որ կը հասցնէ շնչառութեան հաւասարութեան պակասին:

Ան դիտել տուաւ, որ առողջապահութեան միջազգային նախարարութեան ուսումնասիրութիւնը` այս հիւանդութեան յառաջացման պատճառներուն մասին, հետեւեալ տոկոսային համեմատութիւնը կը ներկայացնէ. 38 տոկոս ծխողներ, 20 տոկոս տղամարդիկ, 15 տոկոս շատ ցայտուն նշաններ (նիհարութիւն, շրթունքները կապոյտցած), տնտեսական դժուար վիճակի մէջ գտնուող եւ լաւ սնունդ չստացող մարդիկ, մահուան տոկոսի բարձրացում` ապականումի իբրեւ հետեւանք, այն նորածինները, որոնք անհրաժեշտ ծանրութեամբ չեն ծնիր, թոքախտաւոր անձեր, որոնք հետագային նաեւ կը ծխեն, նաեւ` ժառանգական գործօնը:

Այս հիւանդութեան արագ զարգացման պատճառներուն անդրադառնալով` բժիշկը նշեց ծխախոտը եւ ծուխը առհասարակ` իր բոլոր տեսակներով, Լիբանանի մէջ կլկլակի չափազանց գործածութիւնը, հիւանդին թերսնումը:

Մեր թոքերը 24 ժամ սթրեսի մէջ են ծուխերու, ապականումի, տնտեսական, շրջապատին մէջ գտնուող վարակներուն եւ օդի փոփոխութեան պատճառներով:

Այս հիւանդութեան ախտանշաններ են` թոքերէն արտադրուած թանձր հեղուկը, կարճ շնչառութիւնը, շրթունքներու ներս քաշուիլը, արագ յոգնութիւնը, թոքերու բորբոքումը, ոտքերու ուռեցքը, հազը, հանգիստ չքնանալը եւ նիհարնալը:

Տոքթ. Չպուքճեանը խօսեցաւ նաեւ Սի.Օ.Փի.Տի.-ի դասակարգումին համեմատական պատկերին մասին: Եթէ թոքերու հիւանդութիւնը հասնի 80 տոկոսի, ապա նոր թոք պիտի ցանուի (transplantation):

Թոքերու քննութեան համար սփիրումեթր քննութիւնը կայ, որուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ գիտնալ հիւանդութեան աստիճանը:

Բժիշկը խօսեցաւ նաեւ ազմային եւ Սի.Օ.Փի.Տի.-ի տարբերութեան մասին: Ազման եւ Սի.Օ.Փի.Տի.-ն իրարու նման են, առաջինին պատճառը գերզգայնութիւնն է, իսկ երկրորդինը` ծուխը: Նոյն նշանները կան երկու հիւանդութիւններու պարագային:

Ան նաեւ յիշեց այն ազդակները, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ` սիկար, ծխախոտ, կլկլակ, անուշահոտ ու սփրէյներ, ինքնաշարժներու ծուխ, նշելով, որ օդի փոփոխութեան պարագային, մարմինը պաշտպանել շատ տաքէն ու սաստիկ ցուրտէն:

Ան աւելցուց, որ Սի.Օ.Փի.Տի.-էն բուժուելու համար պէտք է շնչառական յատուկ մարզանքներ կատարել, օրական կէս ժամ մարզանք ընել, հսկել մեր ուտելիքներուն` սննդականոնի հետեւելով, ոչ թէ նիհարնալու, այլ լաւ սնանելու համար, լաւ ջուր խմել, չինական բուժումի հետեւիլ, կենսանիւթ Տի առնել, ուտելիքը չչափազանցել, վարակներէ հեռու մնալ:

Սի.Օ.Փի.Տի. ունեցող հիւանդը ձմրան պէտք չէ հիւանդներու այցելէ, ձեռքսեղմումէ ետք պէտք է լուացուի, շատ ջուր խմէ, հեռանայ ծխողներէ, խուսափի սփրէյներէ, հեռու մնայ խճողուած միջավայրերէ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօս բժիշկին:

Այնուհետեւ, որպէս նորութիւն, սննդագէտ Սարին Շէկեան հակիրճ կերպով ներկայացուց շաքարախտի հիւանդութիւնը` նկատի ունենալով, որ նոյեմբերին կը զուգադիպի Շաքարախտի միջազգային օրը:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases