Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 28 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց Զեփիւռ Չափարեան անդրադարձաւ դասախօսութեան նիւթին եւ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ Հայ դատի հոլովոյթին մեկնարկը: 1920-1960 ժամանակաշրջանը կոչեց հայապահպանման եւ սփիւռքի կազմակերպման փուլ: Ապա ան բնորոշեց Հայ դատ եզրը եւ ըսաւ, որ անիկա կը նշանակէ` ճանաչում ամբողջ աշխարհին կողմէ, Արեւմտեան Հայաստանի հողերու միացում, ներառեալ` Ջաւախք, Արցախ, Նախիջեւան եւ, վերջապէս, ամբողջ հայութեան վերադարձնել իր հողերը: Հայ դատը ունի պատմական, քաղաքական եւ իրաւական երեսներ: Հայ դատի քաղաքականացման համար կազմուեցան Հայ դատի յանձնախումբեր: Այս փուլին թուրքը ճիգեր թափեց կասեցնելու համար Հայ դատի աշխատանքները, սակայն շնորհիւ ՄԱԿ-ի 95-րդ յօդուածին` հայ ժողովուրդը կրցաւ հասցնել Հայ դատը բազմաթիւ երկիրներ ու խորհրդարաններ եւ ճանաչում ստացաւ մեծ թիւով երկիրներու կողմէ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Յովիկ Գարախանեանը ջութակով նուագեց «Արաքս», «Երեւան» եւ «Արտաշատ» հայկական երաժշտական կտորները, իսկ Յակոբ Փամպուքեանը կիթառով նուագեց «Մեր սիրոյ աշուն» եւ «Ախպերս ու ես» երգերը:
Հուսկ, դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Զեփիւռ Չափարեանը ներկայացուց դասախօս տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանին կենսագրականը եւ մատնանշեց անոր ազգային, հանրային- հասարակական, կուսակցական եւ Հայ դատի մարզերու մէջ բեղուն գործունէութիւնը: Ան նշեց, որ տոքթ. Թասլաքեանը մասնակցած է ազգային, քաղաքական եւ միջազգային քաղաքական նիւթերով գումարուող տարբեր խորհրդաժողովներու եւ հրաւիրեց զայն, որպէսզի ներկայացնէ «Հայ դատը երէկ եւ այսօր» նիւթը:
Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան իր դասախօսութեան սկիզբը ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակահատուածը, մօտաւորապէս` երկուքուկէս տարի, եւ ըսաւ, որ Թուրքիան պատերազմական վիճակի մէջ էր Հայաստանի հետ մինչեւ Մուտրոսի զինադադարը, որմէ ետք Թուրքիան դաշնակիցներուն անձնատուր եղած պետութիւն էր եւ որպէս առանձին պետութիւն` գոյութիւն չունէր: Կար թրքական տարածք մը, որ յանձնուած էր դաշնակիցներուն, եւ կար անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հետեւաբար Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններ այդ ժամանակաշրջանին չկային:
Ապա տոքթ. Թասլաքեան յայտնեց, որ յարաբերութիւնը խորհրդային երկրին եւ թրքական հանրապետութեան միջեւ էր, իսկ անկախութիւն հռչակուելէն ետք սահմանները որոշ ժամանակի համար բաց էին: Արցախեան պատերազմին, երբ հայկական ուժերը Քարվաճառ մտան, Թուրքիան պայման դրաւ Հայաստանին, որ հայկական ուժերը քաշուին Քարվաճառէն, բան մը, որ չգործադրուեցաւ, եւ Թուրքիան փակեց սահմանը:
Ապա դասախօսը նշեց, որ այսօր տնտեսական յարաբերութիւն կը մշակուի, օդային ճամբան բաց է եւ Վրաստանի վրայով Հայաստանի քաղաքացին կրնայ Թուրքիա երթալ եւ գնում կատարել: Հակառակն ալ ճիշդ է, սակայն դժբախտաբար մենք ծախելիք բան չունինք… ուրեմն այս առեւտուրը մեծ չափով օգտակար է Թուրքիոյ:
Տոքթ. Թասլաքեան նաեւ շեշտեց, որ մենք պահանջատիրական պայքար կը մղենք, եւ մեր հակաթուրք կեցուածքը, ընդհանրապէս թուրքերուն դէմ ըլլալը կը մղէ բոլոր թուրքերը նաեւ մեզի դէմ ըլլալու, սակայն քաղաքական գործը կ՛ենթադրէ, որ հնարաւորութիւն ստեղծենք եւ հաղորդակցինք թուրքերուն հետ, բացատրենք մեր ճշմարտացիութիւնը եւ փոխենք թուրք հանրային կարծիքին այն թիւր ըմբռնումը, որ հայերը թուրքերուն դէմ ելան եւ ապա հեռացան երկրէն:
Տոքթ. Թասլաքեան իր դասախօսութիւնը եզրափակեց եւ ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պայքարը քաղաքական պայքար ըլլալով` մենք յաւելեալ գործօններու կարիք ունինք, իսկ այս գործընթացը կը սկսի Ցեղասպանութեան ճանաչումով:
Ապա եղաւ շինիչ հարց-պատասխան: