Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Անահիտ Մասնաճիւղ

Անահիտ Արամազդի դուստրն էր կամ կինը, հայոց ամենասիրելի եւ պաշտելի դիցուհին: Ան մայր Աստուածուհին է, Ան բոլոր տեսակի խոհեմութիւններու եւ պարկեշտութիւններու մայր էր, մարդոց բարերար, հայ ժողովուրդը պահող եւ փառաբանող: Ան իբրեւ մայր՝ աստուածութիւն մայրութեան, բերքի եւ պտղաբերութեան սրբազան մարմնացումն էր, վերջապէս առաքինութիւններու խորհրդանիշն էր:

Անոր տաճարները կառուցուած էին Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, ամենանշանաւորը Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանի (Երզնկա) տաճարն էր:

Անահիտ կը կոչուէին նաեւ Ոսկեղծի, ոսկեհատ, ոսկեծին, ոսկեմայր, որովհետեւ անոր արձանը Երզնկա աւանի մէջ ոսկեձոյլ էր:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1966-ին Մար Եուսէֆ շրջանին մէջ:

Հիմնադիր ընկերուհիները եղած են՝ Նուարդ Մալխասեան (ատենապետուհին), Շաքէ Աւետիքեան , Արմենուհի Տաղտեւիրեան , Հանրիեէթ Քեշիշեան :

Ան կը գործէ Մար եուսէֆի ԼՕԽ-ի ակումբէն ներս:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Ընկերային Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան (Մար Եուսէֆ), Ուրբաթ, 9 Փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սարգիս Ներսէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով , ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, մասնաճիւղի բարերարուհի՝ տիկ. Արշալոյս Ներսէսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու , անդամուհիներու եւ հիւրերու…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնճիւղի վարչութեան (Մար եուսէֆ), Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի «Սարգիս Ներսէսեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ընկերային հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, օրուան դասախօս՝ օրդ. Սարին Շէկեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Սրահի մուտքին, ներկաներուն բաժնուեցան խոհանոցի անձեռոցներ: ՀՕՄ-ի քայլերգի…

Աւելին
Մայրերու Օր

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 4 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մար Եուսէֆի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Մայրերու Օր»ուան նուիրուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, օրուան դասախօսուհի՝ Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Սրահի մուտքին…

Աւելին
Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնին Առիթով

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Յասմիկ Գոճայեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու , անդամուհիներու եւ հիւրերու: Մասնաճիւղի վարչութեան…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անահիտ» Մասնաճիւղ

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽի «Անահիտ» (Մար Եուսէֆ) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2016-ին, մասնաճիւղի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սիլվա Գարակէօզեանի, բարերարուհի՝ տիկին Արշալոյս Ներսէսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ անդանուհիներու։ ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-Ամեակի նշում

ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղը իր հիմնադրութենէն (1966) սկսեալ բեղուն գործունէութիւն կը տանի Պէյրութի Մար Եուսէֆ շրջանին մէջ: Այս տարի կը զուգադիպի անոր հիմնադրութեան 50 ամեակին, հետեւաբար ներկայ վարչութիւնը կը յղանայ զայն պատշաճ ձեւով նշելու գեղեցիկ գաղափարը, որ առիթ պիտի ընծայէ անոր վերաշխուժացման եւ առաքելութեան ուխտի նորոգութեան: Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան…

Աւելին
Բոլոր լուրերը