Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Դաստիարակչական Յանձնախումբ

1974-ին ,ԼՕԽ –ի Շրջանային Վարչութեան գումարած պատգամաւորական ժողովին, հաստատուեցաւ յանձնախմբային աշխատանքի դրութիւնը, մասնագիտացած գործունէութեան զարկ տալու եւ մեծ թիւով անդամուհիներ մասնակից դարձնելու մեծածաւալ աշխատանքներուն: Արդէն իսկ նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը կազմեց եօթը կարեւորագոյն յանձնախումբերը, որոնց կարգին էր դաստիարակչական յանձնախումբը :

ԼՕԽ –ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբը, հետեւելով ԼՕԽ –ի ծրագրի կանոնագրի նպատակին՝ « ծառայել հայ ժողովուրդին եւ ձգտիլ պահպանել հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութիւնը » , ընտրեց իր ուղին.- Կինը եւ իր ընտանիքը գիտակից դարձնել, իրենց առնչուող տագնապներուն, հարցերուն, անոնց առջեւ բանալով լայն հորիզոններ եւ իր գործունէութիւնը ծաւալեց .

ա- Հանրութեան՝ կազմակերպելով դասախօսական շարքեր (մանկավարժական, երաժշտական, հոգեբանական, մարդկային իրաւունքներու, կնոջական, արուեստի եւ հայապահպանման), կլոր սեղաններ, ոգեկոչումներ ( Ապրիլ 24), նշումներ ( գիրերու գիւտ), հանդիսութիւններ (Հայ մօր տարի, կանանց միջազգային օր), այցելութիւններ (Գանձատուներ, թանգարաններ), եւ ձեռնարկներ՝ (հայ մշակոյթը ծանօթացնող իր բոլոր բնագաւառներով):

բ- մասնաճիւղերու վարչութիւններուն՝ տրամադրելով դասախօսական նիւթեր եւ դասախօսներ , ծիսական տօներու աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները պարփակող թերթիկներ, ‘ փոխադարձ զրոյցներ յանձնախումբի եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն միջեւ հիմնական նպատակ ունենալով , զարկ տալ կնոջ հոգեմտաւոր զարգացման , որպէսզի արդիականացնէ իր գործելաձեւը եւ մշակոյթի ճամբով պայքարի ձուլումի եւ ազգակործան պայմաններու վտանգներուն դէմ:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբի Առցանց Դասախօսութիւններ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց երկու առցանց դասախօսութիւններ` 8 եւ 18 փետրուար 2022-ին: Առաջինը նուիրուած էր Կիներու միջազգային օրուան, դասախօսն էր Արշօ Պալեան` նիւթ ունենալով «Քաղաքականացած հայ կինը»: Ան իր խօսքը սկսաւ` շեշտելով, որ կինը օրական դրութեամբ պէտք է արժեւորել եւ կարեւորել, որովհետեւ ան օրական դրութեամբ նուաճումներ կը կատարէ, ուստի կարիք չկայ սպասելու տօնի…

Աւելին
Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան Դասախօսեց «Հայ Դատը Երէկ Եւ Այսօր» Նիւթը

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 28 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց Զեփիւռ Չափարեան անդրադարձաւ դասախօսութեան նիւթին եւ լուսարձակի տակ…

Աւելին
Զաքար Քէշիշեան Դասախօսեց «Հայաստանի Երկրաշարժին 30-Ամեակ»ին Առիթով

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Դաստիարակչական յանձնախումբին, Հայաստանի երկրաշարժի 30-ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, յատուկ դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, կարճ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին վերաբերեալ…

Աւելին
Պտոյտ՝ Դէպի «Կիլիկիա» թանգարան եւ Պիքֆայայի «Սուրբ Աստուածածին» Վանք:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Կիլիկիա» թանգարան (Անթիլիաս), որմէ ետք Պիքֆայայի «Սուրբ Աստուածածին» վանք, առ ի գնահատանք յանձնախումբի կազպակերպած բոլոր դասախօսութիւններուն ներկայ եղողներուն, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Մայիս 2018-ին: «Կիլիկիա» թանգարանի պաշտօնեայ՝ Նարէ Սաղտըճեան սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ թանգարանի մասին, ուր կը գտնենք Ցեղասպանութեան եւ Կիլիկիոյ…

Աւելին
ԼՕԽ-ականներու Այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած էր այցելութիւն մը` Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: 15 մայիս 2018-ին ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ ուղղուեցան Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը` ոգեկոչելու ապրիլեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը: Այցելուները Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»-ի սրահին մէջ հաւաքուեցան, ուր բացման խօսքով…

Աւելին
Աշակերտներու այցելութիւն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Նախանցեալ տարիներու նման, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ, շարունակեց ընդունիլ հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները, անոնց ծանօթացնելու համար ԼՕԽ-ի լայնածաւալ Աստուածահաճոյ գործունէութիւնը: Այցելութեան հիմնական նպատակն է, մօտէն ծանօթանալ -ԼՕԽ-ի կամաւոր գործունէութեան -ԱՊԸԲ կեդրոնի մատուցած սպասարկութիւններուն -ԼՕԽ-ի պատմականին -Քաջալերելու…

Աւելին
Բոլոր լուրերը