Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Կրթանպաստ Յանձնախումբ

Հայ մանուկը հայ վարժարանէն չզրկելու յանձնառութեամբ, կրթանպաստ կը յատկացուի չքաւոր հայորդիներու հաւատալով որ հայ վարժարանին պարգեւած հայ լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցմամբ հայ մշակոյթի յաւերժացման սատարող ապագայ սերունդները հոն կը կերտուին։ Կրթանպաստի յանձնախումբը ընկերային ծառայողի գործակցութեամբ կ՛այցելէ ընտանիքներ, տեղեակ ըլլալով անոնց ընդհանուր կացութեան եւ կարիքներուն տնօրինելու համար հարկն ու պատշաճը եւ կը կատարէ արձանագրութիւնը հայկական բոլոր վարժարաններէն դիմող աշակերտներուն արձանագրութիւնները։

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-ը Կրթանպաստ Տրամադրեց 264 Աշակերտներու

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու ու աշակերտներու: Հանդիպումը սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի…

Աւելին
Հարիւրաւոր Աշակերտներ Ստացան Իրենց Կրթանպաստները

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում հաւաք մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու եւ աշակերտներու: Հանդիպումը սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Կրթանպաստի Յանձնախումբ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 13 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբէն Շաքէ Գարայեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ըսաւ. «ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութեան դաշտը հսկայական է, ան իր մասնաճիւղերով ու յանձնախումբերով անշահախնդիր աշխատանք կը տանի` հասնելու ժողովուրդին ծով…

Աւելին
Բոլոր լուրերը