Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի «Ն. Արտալճեան» Գրադարան Յանձնախումբ

Հայ աշակերտի կազմաւորման եւ դպրոցէն ներս ստացած գիտելիքներու ամրապնդման համար, 1995-ին կը հիմնուի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը։ Յանձնախումբի ջանքերով գրադարանը բաց է ամէն օր առանց ընդմիջումի, ամառ թէ ձմեռ մանուկներու եւ պատանիներու համար։

Զարգացնելու համար ընթերցանութիւնը պատանիին մօտ, ամրան գրադարանը կը դառնայ ընթերցարան եւ ամառնային պարտականութիւններու պատրաստութեան պահ։ Իսկ ձմրան դպրոցէն ետք կը դառնայ ուսուցչուհիի օգնութեամբ սերտողութեան վայր։

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-ի  «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի աշակերտներուն պտոյտը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2018-ին, կէսօրին, գրադարանի աշակերտները ընկերակցութեամբ գրադարանի յանձնախումբին եւ պատասխանատուին ուղղուեցան դէպի Սիթի Մոլ։ Անոնք միասնաբար ճաշեցին, ապա շրջեցան վաճառատան մէջ, յետոյ մտան շարժապատկերի սրահ ու դիտեցին «Peter Rabbit» մանկական շարժանկարը ու համտեսեցին համեղ կորեկը…

Աւելին
«Նարօտ Արտալճեան» Գրադարան

Կազմակերպոպթեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարանի յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 5 Մարտ 2018-ին, գրադարան այցելեց օրդ. Փաթիլ Մկրտիչեան եւ աշակերտներուն ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանը, սկսելով կեսագրականէն: Ան հետաքրքրական մէջբերումներ կատարեց անոր ընտանիքին, ընկերներուն, կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն, շեշտելով մանկական գրականութեան ոլորտը, մասնաւորաբար հեքիաթները: Քանի մը աշակերտներ պատմեցին իրենց…

Աւելին
ԼՕԽ-ի  «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Հանդէս

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի ամառնային հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդէսին նիւթն էր «Փոքրիկ Զբօսաշրջիկները»: Աշակերտները սրահը զարդարած էին նիւթին պատշաճ, իրենց կողմէն պատրաստուած գծագրութիւններով եւ ձեռային աշխատանքներով: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսի…

Աւելին
Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբը, Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2017-ին, Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ գրադարանի ուսուցչուհիներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն: Ձեռնարկի ընթացքին ընկհ. Մարիա Ինճէեան պատկերազարդ Ս. Գրային գիրքով մը ներկայացուց Աւագ շաբթուան, Ծաղկազարդի եւ Սուրբ Յարութեան տօներու խորհուրդները, ուր աշակերտները հետաքրքրութեամբ…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի Խաղավայր

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբը, Շաբաթ, 25 Մարտ 2017-ին, գարնան առաջին օրուան եւ Սուրբ Զատկուան զոյգ տօներուն առիթով, «Ժպիտ» բարեսիրական կազմակերպութեան աջակցութեամբ, կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Zagazoo» խաղավայրը: Առաւօտեան կանուխ պահերէն, աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ հասան գրադարան, ուրկէ քսանհինգ մանուկներ, իրենց գրադարանի ուսուցչուհիներով եւ յանձնախումբի անդամներով…

Աւելին
Վարդանանց Տօնակատարութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Ալտալճեան» գրադարանի յանձնախումբը Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, կազմակերպեց Վարդանանց տօնակատարութիւն գրադարանի աշակերտներուն համար: Ձեռնարկը սկսաւ Եղիշէ պատմիչի «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաւոր նախադասութեան վերլուծումով: Տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին աշակերտները փոխանակեցին Վարդանանց պատերազմի մասին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները, անդրադառնալով անոր…

Աւելին
Բոլոր լուրերը